2009-10-23 13:11:08

Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսաց սիւնոդոսի աշխատանքները։


Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսաց սիւնոդոսի աշխատանքները։

Ուրբաթ առաւօտ սիւնոդոսական հայրերը դռնփակ ժողով կատարեցին եւ որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ վերջին պատգամին ներկայացումն ու քուէարկութիւնը։ Սիւնոդոսական Հայրերու մեծամասնութիւնը այն տպաւորութիւնը ունեցան թէ Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսը եղաւ Պենտեկոստէի սիւնոդոս, նկատի առնելով բազմազանութեան միջամտութիւններ ու շոշափած հարցերը։ Գամերունէն Հայրապետ մը ըսաւ ինչ որ հետաքրքիր է որ Հռոմ հասանք որպէս Բաբելի աշտարակ եւ այժմ միացած տուն կը վերադառնանք։ Սիւնոդոսը ինծի համար եղաւ շնորհքի ժամանակ եւ մեր երկրին մէջ ունեցած հարցերը, նոյն են բոլոր երկիրներու մէջ, հետեւաբար հարկաւոր է որ միասնաբար գործենք։

Նշենք թէ շաբաթ օրը հոկտեմբեր 24 Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ մամուլին պիտի ներկայացուի Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսաց սիւնոդոսի աշխատանքներու եզրակացութիւնը։



Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։

Եւթովպիա - Երկրի Սահմանադրութիւնը կ՜ընդունի պետութեան աշխարհական նկարագիրը եւ կրօնքի ազատութիւնը ։ Կրօնաւորական խումբերը ամէն երեք տարին անգամ մը պէտք է որ վերանորոգեն իրենց արձանագրութիւնը ՝Արդարութեան Նախարարութեան մօտ(ըստ տեղական աղբիւրներուն սակայն արձանագրութիւնը վերապահուած է Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններուն)։ Եւթովպիան ունի 75 միլիոն բնակիչ՝ որու հարիւրէն 57,7 տոկտոսը քրիստոնեայ ,հարիւրէն 30,4 իսլամ, հարիւրէն 11,7 տոկտոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւող, հուսկ հարիւրէն 0,2 տոկոսը այլ կրօններու հաւատացողներ։ Եւրթովպիայի մէջ կաթողիկէները կը հաշուէն 603.000 ,անոնք ունին եկեղեցական 10 գաւառներ եւ 11 Եպիսկոպոսներ։ Թեմական մէկ վարդապետ ունեցող ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 185 է,իսկ կան նաեւ 118 ժողովրդապետութիւններ առանց վարդապետի։

Ծանօթ. ՌատիօՎատիկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին։ Մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտեսը ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէօր հե տեւիլ Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքը եւ կարդել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.