2009-10-22 13:33:43

Կրօնաբարոյական հարցեր - Ամօթխածութիւնը Տկարութիւն Չէ՛


Կրօնաբարոյական հարցեր - Ամօթխածութիւնը Տկարութիւն Չէ՛

Մանուկներու դաստիարակութիւնը տան մէջ սկսած միջոցին, ծնողներ ուշադրութիւն կը դարձնեն անոնց ճշմարտախօս ըլլալուն: Ճշմարտախօսութեան մէջ կ՛իյնայ որոշ իմաստով ամօթխածութիւնը, որ կարգ մը անձերու պարագային, դէմքի կարմրութեամբ արտայայտութիւն կը գտնէ մանկութեան տարիներուն, իսկ ոմանց պարագային՝ կը շարունակուի ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Դժբախտաբար, մասնաւոր կրթութիւն չունեցող ծնողներու տուած «դաստիարակութեան» մաս կը կազմէ այնպիսի համարձակութիւն մը ներշնչել իրենց զաւակներուն, որ անոնք կորսնցնեն իրենց ամօթխածութեան բնատուր զգացումը: Ծնունդով փոխանցուող այս զգացումը, անշուշտ աճման կը կարօտի: Մարդիկ ամօթխած կը ծնին, ճի՛շդ է, սակայն ծնողներու տուած դաստիարակութիւնը կրնայ անոր զարգացման կամ յետադիմութեան մէջ վճռորոշ դեր ունենալ: Կան ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն մէջ անհատականութիւն կերտելու միջոց դարձուցած են՝ քաջալերել զանոնք ամէն ինչ ընելու…: Ճաշարանի մը մէջ, հայր մը կը քաջալերէր իր հինգամեայ մանչը, որ գաւաթ մը առնելով՝ գետին նետէ ու փշրէ: Միւս կողմէ, ան կը հանդարտեցնէր զայրացած մատուցողը՝ ըսելով, թէ ինք պատրաստ է վնասուց հատուցում կատարելու ճաշարանատիրոջ…: Բնականաբար ներկաներուն զարմանքի հայեացքները ուղղուեցան այս ընտանիքին, ու մանաւանդ հօր վրայ՝ անոր տուած անտրամաբանական դաստիարակութեան համար:

Այդ մանուկին ապագայ կատարելիքները հակակշռելու անկարող պիտի դառնայ այդ հայրը, իր հօրենական հեղինակութիւնը որքա՛ն ալ օգտագործէ: Իսկ չափահասութեան, երբ ալ չկայ իր հայրը, անզսպելի գազանի մը կրնայ վերածուիլ այդ մանուկը՝ փորձանք դառնալով իր շրջապատին:

Փորձառու դաստիարակ մը կը պատմէր, թէ ունեցած է աշակերտ մը, որ իրենց գիւղի գիշերօթիկ դպրոց մուտքի առաջին շաբաթներուն, անհաւասարակշիռ մանուկի մը վարուելակերպի բոլոր տուեալները արտայայտած է: Առաջին քանի մը օրերուն սովորական չարութիւն կարծուած են անոր կատարած արարքները: Սակայն, նոր բացուող շաբաթներուն եւ օրերուն հետ, ի յայտ եկած են աւելի վտանգաւոր արարքներ, որոնք նիւթական վնասներ պատճառած են նոյն հաստատութեան:

Տարիքային պայմանները ու անչափահասութիւնը դարձեալ հիմք ու պատճառ նկատուած են սոյն անբնական աշակերտին կատարած բոլոր գործերուն, եւ խնայուած է իրեն պատիժ կրելու կամ դպրոցէն հեռացնելու որոշումները: Ուստի, տարիներու ընթացքին, անոր մէջ կազմաւորուած է իր շրջապատին նկատմամբ անտարբեր ու իր ընկերներուն եւ հաստատութեան վնաս հասցնող երիտասարդ մը:

Հիմա, իր ծերութեան սեմին գտնուող նոյն դաստիարակը կը շարունակէր պատմելով, թէ այդ աշակերտը մարդասպանութեամբ մը աւարտեր է իր «առաքելութիւնը» այս կեանքին մէջ, իսկ բանտին մէջ գտեր է իր վերջնական «հանգիստը»: Այս բոլորը կը պատմէր ան, խղճահարութեան խոր զգացումով, այն համոզումով, որ ինք կրնար եւ պէ՛տք էր իբրեւ դաստիարակ պատժէր զինք, յանդիմանէր ու խրատէր, բարկանար ու նոյնիսկ զրկանքներու ենթարկէր, որպէսզի ամօթխածութիւնը աճեցնէր այդ մանուկի հոգւոյն մէջ: Ան նաեւ ուսումնասիրած էր անոր ծնողներուն կացութիւնը եւ գտած, որ անոնք հակառակ բարեպաշտ ըլլալուն, աննկատ թողած էին իրենց զաւակին քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւնը: Ծնողքի մը համար բարի կամ աստուածավախ ըլլալը բաւական չեն, երբ նոյն բարութիւնը եւ աստուածավախութիւնը դաստիարակութեան ճամբով ամօթխածութիւն չեն աճեցներ մանուկի հոգիին մէջ: Որովհետեւ, մէջդ եղող քրիստոնէութիւնը, քու տուած դաստիարակութեա՛մբ կը չափուի…: Իսկ այդ դաստիարակութեան հիմքը, աստուածավախութեան հետ միաժամանակ՝ ամօթխածութիւնն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.