2009-10-22 13:33:29

Լուրեր հայ կաթողիկէ պատրիարքութենէն։


Լուրեր հայ կաթողիկէ պատրիարքութենէն։



Բացում Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին

Զմմառ, Լիբանան - Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, Պատրիարքական Աթոռին մօտ, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պէտրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, բացումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարեկան Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ ուրբաթ 23 հոկտեմբեր 2009:

Սիւնհոդոսի ընթացքին, Հայրերը պիտի ուսումնասիրեն քրիստոնէական ուսուցման, ծիսական, համամիութենական, հաղորդակցութեան միջոցներու, սուրբ Գրիգոր Նարեկացի նիւթերը, եւ պիտի քննարկեն այլ եկեղեցական, հովուական, ազգային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հարցեր:



Հայր Լեւոն Ծ. Վ. Զէքիեան կը բանախօսէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին

Պէյրութ, Լիբանան - Աշրաֆիէյի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազատ ամպիոն՝ «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը՝ այսօր եւ վաղը» նիւթով, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան: Այս հանդիպման ներկայ էին Արհի. Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Արհի. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, Արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան, վատիկանի վսեմ. նուիրակ Կովկասի մէջ Քլաուտիօ Գուճերոթի, գերապատիւ հայրեր ու մտաւորականներ:

Այս բանախօսութեան զեկուցաբերն էր դոկտ. հայր Լեւոն Ծ. Վ. Զէքիեանը, իսկ զրուցավարը՝ Սարգիս Նաճարեան, որ ակնարկեց նախ հայ-թրքական վերջին իրադարձութիւններուն, յայտանաբերելով սփիւռքահայութեան դիրքորոշումը Հայաստանի ու Թուրքիոյ արձանագրութիւններու ստորագրութեան: Ան շեշտեց, որ վերջին դէպքերը հայ ժողովուրդը դրին ճակատագրական հանգրուանի մը դիմաց, նկատել տալով որ յաջողութեամբ դիմագրաւելու համար պէտք է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ընթանան ճիշդ ձեւով:

Օրուան բանախօս Լեւոն Ծ.Վ. Զէքիեան անդրադարձաւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան տարբեր դիտանկիւներէ: Ան նկատել տուաւ որ Միջին Արեւելքի արտագաղթը համազօր է Հայաստանի արտագաղթին: «Սփիւռքը երկդիմի յղացք է» աւելցուց բանախօսը. ան ըսաւ որ միջին արեւելեան եւ արեւմտեան գաղութներու միջեւ անջրպետային ովկիանոս մը կը գոյանայ եւ առկայ է մեծ կառոյցային տարբերութիւնը: Ինչ կը վերաբերի լեզուին, ան նկատել տուաւ, որ արեւմտահայերը շատ աշխատանք ունին տանելիք լեզուի կանոնագրման գծով: Փոխադարձ խորհրդակցութեան հարցը անհրաժեշտ նկատեց եւ բաձատրեց, որ գիտաժողովներ տեղի ունեցած են այս ուղղութեամբ, սակայն շօշափելի արդիւնքներու չեն հասած: Ան պարզեց նաեւ քաղաքացիի եւ ազգութեամբ հայու գաղափարականներու տարբերութիւնը, հայաստան ապրող եւ արտերկրի հայերու տարբերութիւնը: Բանախօսը մանրամասն բաձատրեց հայերէն լեզուի ուղղագրութեան մասին: Հանդիպման աւարտին, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն՝ հարցումներ ուղղելու բանախօսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.