2009-10-22 12:51:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջացգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջացգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ այցելեցին հայկական զինեալ ուժերու պաշտպանողական գիծերը, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։ Երէկ առաւօտեան Սարգսեան եւ Օհանեան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ մասնակցեցան Հատրութի շրջանի մէջ սպաներու բնակարանամուտի արարողութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան մերժեց մանրամասնութիւններ տալ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան առնչութեամբ, բայց չժխտեց, որ շատ հաւանաբար Հայաստանի Նախագահը յայտարարութիւն մը կատարէ։ Ըստ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին, նախագահներ Սարգսեան եւ Սահակեան պիտի այցելեն Մարտունի։
ՄԵՆԵՆՏԵԶ ԵՒ ԷՆՍԱՅՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ։
Երէկ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտեզի եւ Ճոզըֆ Էնսայնի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ներկայացումը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին։ Երէկ ներկայացուած այս բանաձեւը նման է այս տարի աւելի կանուխ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան ներկայացուած բանաձեւին։ Անոր արդէն իսկ զօրավիգ կը կանգնին 130 ծերակուտականներ։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։
Թրքական ՝՝Հապեր 7՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի վերջին ամիսներու ամէնէն երկար նիստը տեղի ունեցած է երեքշաբթի, 20 հոկտեմբերին,Թուրքիոյ նախագահի նստավայրին մէջ։ Նիստը տեւած է մօտ ութ ժամ։
Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Թուրքիա ստորագրուած արձանագրութիւնները, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու լուծման օգտակար ըլլալը, Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, համագործակցութեան եւ վստահութեան ստեղծման համար Թուրքիոյ աշխատանքներու շարունակումը։ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարութիւնը ութ ժամուան խորհրդակցութիւններէն ետք հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին։ Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է 6 հոկտեմբերին Թուրքիոյ խորհրդարանի որդեգրած որոշումին՝ շարունակել Հիւսիսային Իրաքէն եկող ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Քննարկուած են 10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու լոյսին տակ ապագայի հեռանկարները, որոնց շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման մէջ ջանքերու գործադրումը։ Կրկին նշուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապին լուծման քայլերուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը։





ԱԶԵՐՊԵՃԱՆՑԻ ԲՈՑԱՇՈՒՆՉ ՀՌԵՏՈՐԸ՝ ԼՌԵՑՈՒԱԾ ՄԱԿ-ի ՄԷՋ։

News.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի երրորդ յանձնախումբի նիստին՝ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի քննարկման ընթացքին, Ազրպէյճան փորձած է հակահայ ելոյթ մը ունենալ, խօսելով գրաւուած տարածքներու, մանկահասակ զինուորներու եւ Խոջալուի կոտորածին մասին, սակայն նիստին նախագահը ընդհատած է ազրպէյճանցի զեկուցողին բոցաշունչ ելոյթը՝ նշելով, որ ան կը չարաշահէ իրեն յատկացուած ժամանակը։ Երբ ան փորձած է շարունակել՝ նախագահին պահանջով խօսափողը անջատուած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.