2009-10-20 13:35:09

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 19 Հոկտեմբերէն Կիրակի 25 Հոկտեմբեր 2009։


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 19 Հոկտեմբերէն Կիրակի 25 Հոկտեմբեր 2009։

Երկուշաբթի 19 Հոկտեմբերին տօնն է Ղուկիանոս հայրապետի, Յովսէփ աստուածահօր , Յովսէփ Արեմաթացիի, Ղազարոսի եւ անոր քոյրերուն Մարթայի եւ Մարիամի։

Ղուկիանոսի անունը՝ թէեւ չի յիշուիր աւետարաններուն մէջ, սակայն անոր էջերուն մէջ ՜՜որպէս անձ ՝՝ ներկայ է . որովհետեւ աւանդութիւնը այս անունով կը ճանչնայ այն հարիւրապետը որ հսկեց Յիսուսի Խաչելութեան գործողութեան։

Ղուկիանոս ականջալուր եղած էր Յիսուսի բոլոր խօսքերուն զոր ան արտասանած էր Խաչի ճամբուն վրայ եւ խաչափայտին վրայէն, եւ եկած՝ այն եզրակացութեան, որ Յիսուս Նազովրեցին ոչ միայն ոճրագործ մը չէր այլ մանաւանդ անսովոր մարդ մըն էր։ Յիսուսի մահուան յաջորդող հրաշալի երեւոյթները, ինչպէս՝ արեւի խաւարումը, երկրաշարժը եւ այլ դէպքեր, խորապէս տպաւորեցին այս անաչառ եւ անկողմնակալ մարդը որ ի վերջոյ ինքնաբերաբար յայտարարեց ՜՜Արդարեւ այս մարդը արդար էր՝՝(Ղկ. ԻԳ. 47 ) կամ ՜՜Այս մարդը Աստուծոյ որդի էր՝՝ (Մաթ. Իէ. 34)։ Հին աւանդութիւն մը կը հաստատէ որ այս հարիւրապետը եւ իր ընկերները ի վերջոյ քրիստոնեայ եղած եւ մկրտուած են եւ իրենց հայրենիքը Կապադովկիա (այսօրուան Կեսարիա նահանգը) երթալով քրիստոնէական քարոզութեան նուիրուած են, եւ այդ պատճառով ալ նահատակուած են։

Երեքշաբթի 20 Հոկտեմբերին տօնն է Թէոդորիտոն քահանայի, Զենոն զինւորի ինչպէդ նաեւ Մակարի, Եւդոքսիոսի ու Ռոմելի։

Թէոդորիտոս՝ աւագերեց Անտիոքի եկեղեցիին, որ մերժեց հնազանդիլ Յուլիանոս Ուրացողի հրամանին, երբ ան ուզեց իրեն համանուն իր քեռիին միջոցաւ կողոպտել քրիստոնեաներու վրբավայրերը. այս պատճառաւ ենթարկուեցաւ զանազան տանջանքներու, որոնց մէջ մեռաւ՝ մարգարէանալով բռնաւորին վատամահ վախճանը։

Հինգշաբթի 22 Հոկտեմբերին տօնն է տասը հազար եւ երկու հարիւր խարիթան մարտիրոսներու եւ եւ Արտեմիոս վկայի։

Արտեմիոս Յուլիանոս Ուրացող կայսեր ժամանակի զինուոր մարտիրոսներէն մէկն էր որ անոր հրամանով գլխատուեցաւ Անտիոքի մէջ, 363-ին զանազան ծանր տանջաններու ենթարկուելէ ետք։ Ան բարձրաստիճան պաշտօնակալ մըն էր որ Մեծն Կոստանդիանոսէն ընդունած էր Պատրիկ տիտղոսը, եւ Դուքս կարգուած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր կ՝ապրէր խաղաղ ծերութեամբ։ Երբ լսեց Յուլիանոսի կողմէ քրիստոնեաներուն գործուած չարիքները Անտիոքի մէջ, հոն փութաց եւ անձամբ յանդիմանեց բռնաւորը, Եւգինէոսի եւ Մակարիոսի դէմ ի գործ դրած անգթութեանց պահուն։ Անոր համար ալ ան զոհ գնաց անասելի չարչարանքներու։

Շաբաթ 24 Հոկտեմբերին տօնն է Դեմետրիոս վկայի եւ Բասիլիսկոս քահանայի։

Բասիլիսկոս քահանան եկեղեցւոյ սրբակեաց պաշտօնեայ մըն էր որ նահատակութեան պսակին արժանացաւ 362-ին, Յուլիանոս Ուրացողի օրով։ Ան Գաղատիոյ գիւղերը շրջելով կը սրտապնդէր ժողովուրդը հալածանքի սաստկութեանց դէմ։ Կայսեր առջեւ ալ, ան, անվեհեր քաաջութեամբ պաշտպանեց Քրիստոսի հաւատքը, հանդիմանելով անոր ուրացութիւնը, եւ ըսելով որ ամօթալի մահ մը պիտի ունենաար ինքը։ Յուլիանոս սաստիկ զայրանալով իրեն դէմ ցոյց տուած անոր այս ընթացքին համար, հրամայեց որ մորթը հանելով ամէն օր եօթը ջիղ փրցնեն մարմինին մէջէն։ Նահատակը անոր երեսին նետեց իր առաջին ջիղը, ու կայսրը հրամայեց որ ամէնէն վերջը փորոտիքը դուրս թափեն։ Հրացած շամփուրներ շրջեցուցին կուրծքին ու թիկունքին վրայ։ Բասիլիսկոս՝ այդ տանջանքներուն մէջ աղաղակեց ՜՜Քրիստոս, լոյս իմ, Յիսուս, Յոյս իմ՝՝ խօսքերը եւ աւանդեց իր հոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.