2009-10-19 13:58:58

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքի պատգամը Միւռոնօրհնէքի արարողութեան առթիւ


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքի պատգամը Միւռոնօրհնէքի արարողութեան առթիւ (Պէյրութի Աթոռանիստ Եկեղեցիի մէջ. կիրակի 18հոկտեմբեր 2009)

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք, Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ, Առաքինափայլ ՔոյրերՀանգամաւոր անձնաւորութիւններ, Պատուարժան հաւատացեալներ….

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը մեծ շուքով կը կատարուի։ Վերջին անգամ ան տեղի ունեցաւ 2001ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700ամեակին առիթով։ Ս. Միւռոնին օրհնութիւնը Կաթողիկոսի պաշտօններուն յատուկ մաս կը կազմէ, ինչպէս Կաթողիկոսին կ'իյնայ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը գումարել, եպիսկոպոսները ձեռնադրել եւ զանոնք Ս. Միւռոնով օծել։

Եկեղեցին մեր տրամադրութեան տակ կը դնէ երեք տեսակ սուրբ Իւղեր։

- Երախաներու Իւղը, որ կը գործածենք մկրտութեան Ս. Խորհուրդին ատեն։ Անոր իմաստն է՝ Աստուծոյ կոչը անձի մը իր զաւակը ըլլալու։ Իսկ եթէ մանուկ է, անոր տեղ կոչին կը պատասխանէ անոր կնքահայրը կամ կնքամայրը։ Երախայից Ս. Իւղը մկրտուածին ոյժ կու տայ պայքարելու թշնամիին, այսինքն Սատանային փորձութիւններուն դէմ եւ անոնց յաղթելու։ Այս Ս. Իւղով կ'օծէին եւ կ'օծեն այսօր իսկ քրիստոնեայ թագաւորները։

- Հիւանդներու Իւղը կը գործածենք ծանր հիւանդներուն պարագային, կամ խոր ծերութեան հասած անձերուն, որպէսզի Աստուած անոնց պարգեւէ հոգիի եւ մարմինի առողջութիւնը։ Ժամանակին, Իւղը կը գործածուէր նաեւ իբր դեղ, ինչպէս կը կարդանք Բարի Սամարացիի առակին մէջ։

- Ս. Միւռոնին Իւղը խորհրդանիշն է Ս. Հոգիին եւ Անոր աստուածային պարգեւներուն։ Զայն կը գործածենք Մկրտութեան, Դրոշմի եւ Քահանայութեան Ս. Խորհուրդներու տուչութեան ժամանակ։

Մկրտութեան արարողութեան ընթացքին, Ս. Միւռոնը ջուրին մէջ հոսեցնելէ առաջ, քահանան հետեւեալ աղօթքը կը կատարէ՝ Տէ՛ր կ'աղաչենք, առաքէ սուրբ Հոգիդ այս ջուրին վրայ. սրբէ զայն եւ օրհնէ եւ կաւելցնէ Յիսուսին Խօսքը՝՝եթէ մէկը չծնի ջուրէն եւ հոգիէն, չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը՝՝։ Յաջորդաբար, քահանան կը յեղու Միւռոնը ջուրին մէջ եւ երեխան չթաթխած սուրբ աւազանին մէջ կարտասանէ հետեւեալ աղօթքը՝ Տէ՛ր, լեցո՛ւր ծառադ - կամ աղախինդ - Սուրբ Հոգիիդ զօրութեամբ, որպէսզի նորոուի Քրիստոսիդ փառքով։ Այս աղօթքը յայտնի կ'ընէ թէ՝ Ս. Միւռոնը հարկաւոր ոյժը կու տայ մկրտուածին, որպէսզի նորոգուի հոգեպէս եւ կարենայ ապրիլ քրիստոնէավայել կենցաղով, այս ալեկոծեալ աշխարհին մէջ։

Ս. Դրոշմի խորհուրդը կը կատարուէր, հին ժամանակներուն, միմիայն ձեռնադրութեամբ, երբ քահանան աղօթքը կատարելու ատեն իր աջ ձեռքը կը դնէր մկրտուածին գլխուն վրայ։ Յետագային, Եկեղեցին ձեռնադրութեան արարողութեան աւելցուց նաեւ Ս. Միւռոնին օծումը, աւելի յստակ կերպով նշելու համար Ս. Հոգիին տուչութիւնը։

Յունարէն լեզուով օծեալ բառը կը նշանակէ Քրիստոս, եւ այս իմաստով օծեալ ըլլալ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ, ուրիշ քրիստոս դառնալ, եւ ասիկա շատ կարեւոր է։ Յիսուս՝ իր Քրիստոս անունը անկէ առած է։ Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք. Աստուած Յիսուս օծեց, այսինքն քրիստոս կարգեց, Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ (Գործ. 10,38)։ Դրոշմի խորհուրդի արարողութեան ատեն, քահանան կ'օծէ մկրտուածին մարմնին անդամները, որպէսզի սուրբ Հոգիէն զօրացած՝ ան կարենայ մաքուր ապրիլ եւ յաղթել փորձութիւններուն այս ապականած աշխարհին մէջ՝ իբրեւ ուրիշ քրիստոս մը, իբրեւ հարազատ քրիստոնեայ մը եւ չտարուիլ սխալ սովորութիւններէ կամ թիւր գաղափարականներէ։ Ամէնէն կարեւոր գործածութիւնը Միւռոնի սուրբ Իւղին կը կայանայ քահանայական կարգին տուչութեան ատեն՝ թեկնածուին ճակատին եւ ձեռքերուն օծումով, ըլլայ երիցութեան կամ եպիսկոպոսութեան կարգերուն մէջ։

Այս օծումները իշխանութիւն կու տան Քահանային՝ սուրբ Խորհուրդները մատակարարելու՝ հաւատացեալներուն հոգեւոր բարիքին համար՝ մկրտութեան, դրոշմի եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդները, ինչպէս նաեւ հաշտութեան խորհուրդը, որ է խոստովանանքը։

Արեւելեան Եկեղեցիներուն մօտ եւ մանաւանդ մեր քով, Ս. Միւռոնի պատրաստութւնը երկար ժամանակ կը պահանջէ։ Անոր բաղադրութիւնը կազմուած է 46 տեսակ բոյսերէ եւ անուշաբոյր խոտերէ, որոնք լուսապայծառ կերպով կը յատկանշեն Ս. Հոգիին եօթնարփեայ տուրքերը։

Անոր պատրաստութիւնը, Կաթողիկոսին կողմէ՝ Եպիսկոպոսի մը կամ վարդապետի մը կը յանձնուի եւ այդ պատրաստութիւնը, որ բազմաթիւ օրեր կը տեւէ, կը կատարուի երկար աղօթքներով եւ սաղմոսներով՝ մասնակցութեամբ նոյնինքն Կաթողիկոսին։

Ս. Միւռոնով տրուած Խորհուրդները անկրկնելի են, որովհետեւ կը ձգեն անջնջելի դրոշմ մը օծեալին վրայ, որ աստուածադրոշմ կը դառնայ՝ այն աստիճան, որ եթէ անձ մը, Աստուած մի առասցէ, կրօնափոխ ըլլայ եւ ետ զղջացած դարձի գայ, պէտք չունի կրկին մկրտուելու։

Սիրելիներ, այս եկեղեցական բացատրութիւնները կու տամ ձեզի, որպէսզի այս բացառիկ արարողութեան ներկայ չըլլաք որպէս պարզ դիտողներ , այլ որպէսզի հասկնաք եւ գնահատէք մեծութիւնը Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Դրոշմի խորհուրդներու արժէքներուն, որ ձեզի տրուած են, եւ իրազեկ դառնաք թէ Ս. Հոգին ձեր մէջ է եւ թէ դուք զօրաւոր էք անով՝ իր բազմաթիւ շնորհքներովը եւ կրնաք թշնամիին, այսինքն սատանային դէմ պայքարիլ եւ անոր միշտ յաղթել։

Աստուած չէր կրնար սատանայի նման զօրաւոր եւ խորամանկ ոսոխին դէմ ձեզ ձգել առանց ձեզի յանձնելու պայքարելու հարկաւոր հոգեւոր զէնքերը։ Ասոր համար, ձեզի շնորհեց նոյնինքն Ս. Հոգին։ Յիշենք հոս Ս. Պօղոսին խօսքը՝՝Դուք էք Ս. Հոգիին տաճարները՝՝։ Դժբախտաբար, շատ անգամ, մենք բաւականաչափ չենք հասկցած մեր առանձնաշնորհեալ վիճակը՝ այսինքն Աստուծոյ որդին ըլլալը եւ չենք ապրիր պատշաճ կերպով մեր մկրտութեան պարգեւներուն եւ արժէքներուն համաձայն։

Այս սրբազան արարողութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, ի մէջ այլոց, Ս. Աւետարանին հետեւեալ խօսքը թէ՝ ինչ որ անկարելի է մարդոց համար, հնարաւոր է Աստուծոյ քով (տես Մկ. 10,27)։ Մարդկային առումով, անկարելի է Սատանային յաղթել, աշխարհի փորձութիւններուն մէջ չիյնալ, չբանբասել, սուտ չխօսիլ, չխաբել, մէկ խօսքով՝ քրիստոնէաբար ապրիլ։ Եւ սակայն, հաւատքի ուժով եւ Ս. Հոգիին զօրութեամբ, մարդը կարող է աղօթելով, ուրիշներուն ներելով իրենց յանցանքները, օգնելով կարօտեալին եւ Աստուծոյ հաճելի դառնալով, կարող է արժանավայել քրիստոնեայ կեանք մը վարել եւ առաքեալ դառնալ իր ժողովրդապետութեան մէջ՝ բարիք գործելով եւ ուրիշներուն բարի օրինակ հանդիսանալով։ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզը եզրափակեց ըսելով՝՝Սիրելիներ, ձեզմէ ամէն մէկը կրնայ ամէն օր Ս. Միւռոնի զօրութեամբ ըլլալ հարազատ քրիստոնեայ, հարազատ հայ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հարազատ զաւակ՝՝ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.