2009-10-19 12:41:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ 10 հոկտեմբերին ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները արդէն իսկ զետեղուած են նախարարութեան կայքէջին վրայ։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեանի գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը 22 հոկտեմբերին Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի Սեւծովեան Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 21-րդ հանդիպումին։ ՝՝Նոր ժամանակներ՝՝ կուսակցութիւնը Նալբանդեանէն կը պահանջէ հրապարակել 10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները իրենց վերջնական տեսքով։ Թրքական "Թէ.Ռէ.Թէ." պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը այս շաբաթ կայանալիք իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Տաւութօղլու 21 հոկտեմբերին խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու պաշտօնական դիրքորոշումը։ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ թրքական "Զաման" օրաթերթին կը յայտնէ, թէ ինք կը զօրակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջին զարգացումներուն։

ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱԶԵՐՊԷՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՄԱՍԻՆ։
Ազրպէյճան անցեալ ուրբաթ օր յայտնած է, որ ազրպէյճանական կազը Եւրոպա տարանցելու թրքական պայմանները անընդունելի են եւ թէ Ազրպէյճան դէպի Եւրոպա տանող այլ ուղիներ կը փնտռէ։ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ազրպէյճանական կառավարութեան նիստին ընթացքին նշած է, որ ընտրանքները սպառած են եւ ներկայ առաջարկները կարելի չէ ընդունիլ։ Երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիոյ կազ կը մատակարարենք գինով մը, որ համաշխարհային գինին մէկ երրորդն է։ Ո՞ր երկիրը, մանաւանդ այսպիսի դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ, համաձայն պիտի ըլլար իր հարստութիւնները համաշխարհային սակերուն երեսուն առ հարիւրով ծախել( հարց տուած է Ալիեւ)։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է, թէ Ազրպէյճան պատրաստ է Եւրոպա կազ առաքելու, սակայն Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները անյաջող աւարտ ունեցած են։ Ան յայտնած է, որ իր երկիրը մտադիր է Ռուսիոյ եւ Իրանի կազ վաճառել։
ՕՊԱՄԱ ԵՒ ԿԻՒԼ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ, ԿԻՊՐՈՍԻՆ ԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ։
Սպիտակ Տունը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շաբաթ օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունենալով անոր հետ քննարկած է բազմաթիւ հարցեր։ Քննարկուած է Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը ապա խօսուած՝ Կիպրոսի հարցի լուծման եւ Պոսնիայի մէջ կայունութիւնը քաջալերելու յարատեւ յանձնառութեան կարիքը։ Երկու ղեկավարները նաեւ խօսած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման մէջ կատարուող պատմական յառաջդիմութեան մասին։ Կիւլ Օպամայէն խնդրած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կոչ ուղղել քայլերու դիմելով ղարաբաղեան հարցը լուծելու, իսկ երկրորդ՝ զօրավիգ կանգնիլ Կիպրոսի հարցի լուծումին
ՀԱՅԵՐՈՒ ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ՑՈՅՑ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ։
News.am կայքէջը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին, ՝՝Իմ տրիցու՝՝ շարժումը Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարած է։ Շարժման գործիչները պատրաստած են ցուցահանդէս լուսանկարներու, որոնք կը պատմեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած են ընդունելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ողջակիզումի Փաստը։
՝՝Իմ տրիցու՝՝ շարժումը ստեղծուած է Իսրայէլի համալսարաններու ուսանողներու կողմէ՝ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած յուլիսեան պատերազմէն ետք։ Անոր կազմակերպիչները կը ձգտին ուժեղացնել եւ փոփոխութեան ենթարկել սիոնական արժէքները Իսրայէլի հասարակութեան մէջ։ Ցոյցը տեղի ունեցած է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու անկման լոյսին տակ։







All the contents on this site are copyrighted ©.