2009-10-19 13:55:28

 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը միսիոնի համաշխարհային օրուան առթիւ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը միսիոնի համաշխարհային օրուան առթիւ

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ. միսիոնի համաշխահային օրը եկեղեցական համայնքներու համար հրաւէր մըն է, յանձնառումով քարոզելու ու մեր քրիստոնէավայել ապրումով վկայութիւն տալու Աւետարանին, մասնաւորապէս անոնց որոնք Աւետարանը չեն ճանչնար։ Իմ այս տարուայ պատգամը, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, ներշնչուած է Յայտնութեան Գրքի սա խօսքէն. ''Ազգերը պիտի ընթանան իր լոյսով''։ Լոյսը որու մասին կը խօսուի, կը գրէ Սրբազան հայրը, Աստուծոյ լոյսն է, յայտնուած Քրիստոսէն եւ կը ցոլայ Եկեղեցւոյ դիմագիծէն, ու կը ներկայանան որպէս նոր Երուսաղէմ, սքանչելի քաղաք, ուր լիութեամբ կը ցոլայ Աստուծոյ փառքը, Քրիստոսի Աւետարանը որ կ'ուղղէ ժողովուրդները եւ կ'առաջնորդէ զանոնք իրագործելու մարդկային ազգին մեծ ընտանիքը արդարութեան ու խաղաղութեան մէջ, ամենաբարի ու ողորմած միակ Աստուծոյ հայրութեան ներքեւ։

Եկեղեցին գոյութիւն ունի որպէսզի յոյսի այս պատգամը հաղորդէ համայն մարդկութեան։ Ներկայ աշխարհը, մեր ժամանակներուն մեծ նուաճումներ կը կատարէ, սակայն կը թուի ուղեկորոյս եղած՝ ու մոռցած իր գոյութեան վերջին նպատակին իրականութիւնը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կը գրէ. Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ Եկեղեցին իր խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնէ միսոնարական կոչումին վրայ։ Ս. Հոգիէն առաջնորդուած, ան գիտակից է թէ կանչուած է շարունակելու Քրիստոսի գործը` Աստուծոյ Արքայութեան Աւետարանը քարոզելու, որ է արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ցնծութիւն Ս. Հոգւոյն մէջ։

Այս Արքայութիւնը արդէն ներկայ է աշխարհի սիրոյ, ազատութեան, զօրակցութեան, ամէն անհատի արժանաւորութեան յարգանքի զօրութեամբ։ Եկեղեցական հասարակութիւնը պարտականութիւնն ու ստիպողութիւնը կը զգայ գործելու որպէսզի Քրիստոսի գերիշխանութիւնը լիովին իրականանայ։

Միսիոնի համաշխարհային օրուան առթիւ, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, կ'ուզեմ յիշել բոլոր այն առաքեալները` այր թէ կին, քահանայ, կրօնաւոր թէ կրօնաւորուհի, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն Աւետարանի տարածման համար, դիմագրաւելով անհանգստութիւն, դժուարութիւն եւ նոյնիսկ ճշմարիտ հալածանք։ Կը մտաբերեմ մասնաւորապէս տէր Ռուժերօ Ռուվոլեթթօ , քահանայ մը որ վերջերս Պրազիլի մէջ սպաննուեցաւ։ Հայր Մայքըլ Սիննօդ կրօնաւորը, միքանի օր առաջ, արեւանգուեցաւ փիլիպեան կղզեխումբի մէջ։ Եւ ինչպէս չընդգծել այն ինչ որ ի յայտ կու գայ ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ յատուկ սիւնոդսէն, ուր բազմաթիւ կղերականներ իրենց կեանքը տուին զոհուելով Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ սիրոյն։

Երախտագիտութեան խօսքս կ'ուղղեմ միսիոնարական մարմնին, իր տարած սքանչելի աշխատանքին ու նուիրումին համար, լաւագոյնս պատրաստելու Յիսուսի միսիոնարները` առաքեալները։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. Կը հրաւիրեմ բոլոր քրիստոնեաները որ իրենց նիւթական եւ հոգեւոր նպաստը բերեն Աւետարանի քարոզութեան թերաճ ու աղքատ երկիրներու մէջ։

Նշենք թէ երկուշաբթի 19 հոկտեմբերին, Հռոմի քաղաքապետութիւնը գիտաժողով մը գումարած է ունենալով որպէս նիւթ ''Ափրիկէն, գործընկեր հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան''։ Ժողովը կազմակերպուած է համագործակցութեամբ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի քարտուղարութեան, Ռատիովատիկաի եւ Սանդ'Էճիտիօ կոչուած ընկերակցութեան։ Իսկ այս իրիկուն գեղարուեստական երեկոյթ մը տեղի պիտի ունենայ մասնակցութեամբ ափրիկեցի երաժիշտներու որուն ներկայ պիտի գտնուին Սիւնոդոսական Հայրերը, նաեւ մշակոյթի ու կամաւորներու աշխարհի անձնաւորութիւններ։



Ծանօթութիւն -Ռատիովատիկանի կայքը -

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ www. radiovaticana.org . (SINODO DEI VESCOVI . II ASSEMBLEA SPECIALE PER L'AFRICA) կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը’ www. radiovaticana.org :

 







All the contents on this site are copyrighted ©.