2009-10-19 14:02:14

Նարեկացիի նուիրուած գիտաժողովին կը մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը


Նարեկացիի նուիրուած գիտաժողովին կը մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը

12 Հոկտեմբեր 2009, Քասլիքի համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած միջազգային երկրորդ գիտաժողովին։ Գիտաժողովը կազմակերպուած է հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ Քասլիքի համալսարանին կողմէ, եւ հովանաւորութիւնը կը վայելէ Վատիկանի մէջ արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարտինալ Սանտրիի, ինչպէս նաեւ հաւատոյ եւ կրօնից Ժողովի նախագահ կարտինալ Լեւատայի։ Բացման հանդիսութեան ներկայ եղաւ Ամեն եւ Գերջ. Տ Տ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ կարտ. Մար Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը եւ այլ բաձրաստիճան հոգեւորականներ։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համագումարին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գեղամ եպս, Խաչերեան, եւ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան։ Բացման նիստին կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը։ Իր պատգամին մէջ, վեհափառը ողջունելով Նարեկացիին նուիրուած ներկայ գիտաժողովը, կը շեշտէր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տեղն ու դերը որպէս եկեղեցւոյ հայր եւ աստուածաբան՝ ընդհանրական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ գումարուած երկօրեայ ժողովին նիստերը զբաղեցան հետեւեալ նիւթերու ներկայացումներով- *Հայ Վանականութիւնը եւ Թ.-ԺԱ. դարերու պատմական շրջագիծը (փրոֆ. Ժան Փիեռ Մահէ), *Ծիսակատար եւ Աստուծոյ խօսքը (հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիեան) * Ծիսակատար եւ Ս. Խորհուրդներ (Կապրիէլլա Ուլուհոճեան) * Ծիսակատարութիւն եւ Ս. Խորհուրդներ (շարունակութիւն) (Աբբայ Ժան Թապէթ) * Միութենական ակնարկներ (գերշ. Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան)։  








All the contents on this site are copyrighted ©.