2009-10-18 12:46:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, հոկտեմբեր 18, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախութեամբ կ'ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։ Այսօր եկեղեցին կը վերակոչէ առաքելութիւններու համաշխարհային օրը։ Քրիստոս Աւետարանին մէջ, մեզի կը յայտնէ թէ Մարդու Որդին աշխարհ եկաւ մարդոց ծառայելու։ Մեր հաւատարմութիւնը Քրիստոսի հանդէպ պէտք չէ մեզ մղէ պատիւներ, հանրածանօթութիւն ու փառք փնտռելու, այլ մեզ կը հրաւիրէ հասկնալու եւ հասկցնելու թէ ճշմարիտ մեծութիւնը կը կայանայ ծառայութեան ու եղբայրասիրութեան մէջ։

Եկեղեցին ներկայիս ափրիկեան երկրորդ եպիսկոպոսական սիւնոդսը կը գումարէ, Սուրբ Կոյս Մարիամը, Ափրիկէի Տիրամօրը, բարեխօսութիւնը հայցենք որպէսի եպիսկոպոսական սիւնոդոսը իր բարի եւ արատ արդիւնքներ տայ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց թէ այսօր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչի տօնը, որ բացի Աւետարանէն գրած է նաեւ Առաքեալներու Գործերը, ուր կը պատմէ քրիստոնէութեան ծաւալումը մինեւ աշխարհի չորս ծագերը։ Հայցենք անոր բաերխօսութիւնը որպէսզի Եկեղեցին շարունակէ Աւետարանի քարոզութիւնը Քրիստոսի լոյսը ծարածելով բոլոր ժողովուրդներուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.