2009-10-18 12:47:41

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն

Թուրքիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ գահերէցը. գերապայծառ Լուիջի Պադովեզի մէկ յայտարարութիւնը. ''Հայաստանը պէտք չէ մոռանայ անցեալը'', Թուրքիոյ քրիստոնեաներու վիճակը ոչ մէկ բարելաւում կ'արձանագրէ հակառակ որ երկրի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են այդ մասին։

Այլ խնդիրներու հետ մեկտեղ՝ կաթողիկէ հանրութեան դեռեւս չի վերադարձուիր Տարսոն քաղաքի մէջ գտնւող Սուրբ Պավելի կաթողիկէ եկեղեցին, ինչպես նաեւ դեռեւս թույլտուութիւն չկայ Կոստանդնուպոլսոյ աստուածաբանական ակադեմիայի բացումին, որ կը ղեկաւարէ տիեզրական էկումենիկ պատրիարքարանը, յայտնած է գերապայծառ Լուիջի Պադովեզի SIR մամլոյ գործակալութեան։ «Թուրքիայի վարչապետի հանդիպումը Կ.Պոլսոյ պատրիարք Բարդողոմիոս Առաջինի եւ փոքրամասնութիւններու այլ ներկայացուցիչներու հետ՝ ոչ մէկ արդիւնք չտուաւ»,-նշած է գերապայծառ Լուիջի Պադովեզի՝ աւելացնելով, որ Թուրքիայի քրիստոնեաները կը սպասեն, թե այդ հռչակագրերը երբ կը դառնայ իրականութիւն։ Գերապայծառ Պադովեզին համոզուած է, որ Թուրքիան ստիպուած է իրականացնել այդ քայլերը, որպէսզի դառնայ Եւրոմիութեան անդամ։ Այս առումով նա հայ-թուրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը դրական է գնահատած է։ Անոր խօսքով, երկու պետութիւններն ալ հետաքրքրուած են նշուած խնդիրներու հստակեցմամբ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու պահպանմամբ։ «Սակայն պէտք չէ մոռանալ անցեալի իրադարձութիւնները», նշած է ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.