2009-10-18 12:46:53

ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԻ ՍԻՒՆՈԴՀՈՍԸ ՈՐ ՏԵՂԻ Կ'ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԱՏԻԿԱՆ։ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՓՐԻԿԷՆ։


ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԻ ՍԻՒՆՈԴՀՈՍԸ ՈՐ ՏԵՂԻ Կ'ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԱՏԻԿԱՆ։ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՓՐԻԿԷՆ։



ԳՈՄՕՐԷ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնական ազատութիւնը,բայց գործնականին մէջ կառավարութիւնը կը շարունակէ սահմանափակել այս իրաւունքը։ Երկրի 800հազարէն քիչ մը աւելի բնակիչներու հարիւրէն 98 տոկոսը մահմէտական է, 1,2 տոկոսը քրիստոնեաներ եւ 0,8 տոկոսը այլ կրօններու կը պատկանին։ Կրօնաւորական խումբերը պէտք չունին պետական արտօնութեան բայց եւ այնպէս ոչ-իսլամներու համար կրնայ մարդորսութիւն նկատուիլ իրենց հաւատքի հանրային իւրաքանչիւր գործադրութիւնը ։ Գուրանը կ՝ուսուցանուի պետական դպրոցներու մէջ,բայց կրօնքի դասը ստիպողական չէ այլ հաւատքի պատկանող փոքրերուն համար։ Արգիլուած է ոչ-իսլամական կրօնական գրականութան բաշխումը, զգեստ եւ խորհրդանիշեր։ ԳՈՄՕՐԷ-ի մէջ կան 6 հազար կաթողիկէներ,եկեղեցական մէկ գաւառով եւ 2 ժողովրդապետութիւններ՝թեմական մէկ վարդապետով։





ԳՈՆԿՕ։ Գոնկոյի Հանրապետութեան մէջ ճանչցուած է կրօնքի ազատութիւնը։ Երկրի 4 միլիոնէն աւելի բնակիչներու հարիւրէն 91,2 տոկոսը քրիստոնեաներ են, հարիւրէն 4,8 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու կը հետեւին,հարիւրէն 1,3 տոկոսը իսլամներ իսկ հարիւրէն 2,7 տոկոսը այլ կրօններու կը հաւատան։ Բոլոր Ընկերութիւնները,ներառեալ կրօնաւորական խումբերը պարտաւորութիւնը ունին արձանագրուելու եւ խնդրելու Պետութեան վաւերացումը։ Գոնկոյի Հանրապետութեան կաթողիկէներու թիւն է 2.580.000 . Երկրին մէջ կան եկեղեցական 7 գաւառներ,եւ 8 Եպիսկոպոսներ. Իսկ թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւն է 124։

Ծանօթ. ՌատիօՎատիկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին։ Մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտեսը ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէօր հետեւիլ Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքը եւ կարդել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.