2009-10-17 12:45:05

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Սրբազան Քահանայապետին նամակը ֆԱՕ-ին` ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան, սննդառութեան օրուան առիթով`

՜՜Աշխարհի սովը նուաճելու համար հարկաւոր է բարեփոխել հարուստ երկիրներու ապրելակերպը մեկդի դնելով առանձնաշնորհումներն ու շահերը՝՝։

՜՜Անհատներուն եւ ժողովուրդներուն կերակուր ունենալը հիմնական իրաւունք է՝՝ կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան ընհանուր տնօրէն Ժագ Տիուֆին, սննդառութեան օրուան առթիւ։ Հարուստ երկիրները ,կը կարդանք նամակին մէջ, կանչուած են բարեփոխելու իրենց ապրելակերպը, մեկդի դնելով առանձնաշնորհումներն ու շահերը, նուաճելու համար աշխարհի սովի պատուհասը որ կը հարուածէ աւելի քան մէկ միլիառ հոգի աշխարհի վրայ։ Ներկայ տագնապէն դուրս գալու համար, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, հարկաւոր է որ միջազգային հասարակութիւնը վճռական եւ ազդու քայլեր որդեգրէ։ Յայտնենք թէ 2009ի սննդառութեան օրուան նշանաբանն է. ''տագնապի շրջանին երաշխաւորել սննդառութիւնը''։ Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ կը գրէ նաեւ՝ ՜՜Արարչագործութեան բարիքները սահմանափակ են, հետեւաբար հարկաւոր է որ միջազգային հասարակութիւնը պատասխանատու կեցուածք ունենայ եւ ցոյց տայ անվերապահ զօրակցութիւն եւ եղբայրակցութիւն՝՝ այսպէս կ՝եզրափակէ Պենետիկտոս ԺԶ իր նամակը ուղղուած ֆԱՕի՝ ընդհանուր տնօրէնին։

Սրբազան Քահանայապետի տեսակցութիւնը Մոնաքոյի իշխանին եւ Ուկրանիոյ նախարարապետին հետ։

Ուկրանիոյ նախարարապետ Եուլիա Թիմոշենքոյի հետ ունեցած սիրալիր հանդիպումին ընթացքին, խօսուեցաւ Եւրոպայի հայող հարցերու մասին, ապա խօսուեցաւ Ուկրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բերած սատարին Ուկրային ընկերութեան մասնաւորպէս դաստիարակչական, մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու ծաւալումինի խնդիր։ Ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութեանց յարաբերութիւններու մասին լուծելու՝ ՜՜տակաւին գոյացող արկախ հարցերը՝՝։ Իսկ Մոնաքոյի Ալպերթ իշխանին հետ հանդիպումին՝ ընդգծուեցաւ կարեւորութիւնը ՜՜նոր սերունդին ջամբելու ամուր մշակութային ու բարոյական կազմաւորում մը՝՝։

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները։

Ափրիկէի Եպիսկոպոսական սիւնոդոսին ընթացքին, մասնաւորապէս խօսուեցաւ ափրիկեան ցամաքամասի հաշտութեան, արդարութլեան ու խաղաղութեան նիւթերու մասին։ Վերջին նիստին ընթացքին սիւնոդոսական հայրերը մատնանշեցին թէ ՜՜Ափրիկէն ստրուկ եղած է դրամի իշխանութեան եւ այդ պատճառաւ սիւնոդոսական Հայրերը կը խնդրեն պարտքերու ջնջումը, ասիկա արդարութեան ներգործութիւն մըն է եւ ոչ թէ ողորմութիւն՝՝։ Մինչ այն Սիւնոդոսական Հայրերը սկսան ուսումնասիրել զանազան թղթածրարներ, վերջնական առաջարկները բանաձեւելու ու ներկայացնելու համար որպէսզի սիւնոդոսական Հայրերու զանոնք վաւերացնեն։

Ծանօթութիւն -Ռատիովատիկանի կայքը -

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ www. radiovaticana.org . (SINODO DEI VESCOVI . II ASSEMBLEA SPECIALE PER L'AFRICA) կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը’ www. radiovaticana.org :

 







All the contents on this site are copyrighted ©.