2009-10-17 12:48:03

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


Գանատա - Հայ կեդրոնի տարեցները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը։
Մոնթրէալի տարեցներու միութիւնը ամէն տարի այցելութիւն կը կատարէ Օթթաուայի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը։ Այս տարի եւս, միութեան անդամները դեսպանատուն այցելեցին, ուր դիմաւորուեցան դեսպանատան անձնակազմին ու հաւատարմատար Արման Յակոբեանի կողմէ։
Միութեան ատենապետ Սերոբ Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ դրօշակի նորոգութեան եւ փոփոխութեան պատիւը միութեան անդամներուն վստահուած էր, որոնք մեծ հպարտութեամբ կատարած էին իրենց օժանդակութիւնը՝ ի նպաստ դեսպանատան։ Ան նաեւ ներկայացուց միութեան գործունէութեան դաշտն ու անհրաժեշտութիւնը, որ նաեւ կարեւոր միջոց մը կը հանդիսանայ, որպէսզի տարեցները շարունակեն իրենց ծառայութիւնը գաղութին եւ ակմբային կեանքին մէջ ունենան իրենց հետեւողական ներդրումն ու նիւթական օժանդակութիւնը։ Առ այդ, Կիրակոսեան յայտարարեց, որ միութիւնը այս տարի երկու հազար ամերիկեան տոլարի գումարով մը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ դեսպանատան աշխատանքներուն։
Հաւատարմատար Արման Յակոբեան իր կարգին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան անդամներուն իրենց կատարած օժանդակութեան համար, ապա միութեան ատենապետին յանձնեց դեսպանատան մէջ պահ դրուած դրօշակն ու Պատուոյ գիր ցուցատախտակը։  







All the contents on this site are copyrighted ©.