2009-10-17 12:48:44

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը Քասլիքի Ս Հոգի համալսարանին մէջ. Լիբանան


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը Քասլիքի Ս Հոգի համալսարանին մէջ. Լիբանան



Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղելով Մարոնիներու Աբբահօր, Ս Հոգի Համալսարանի Տնօրէնութեան, դասախօսներուն ու ուսանողներուն ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած Բ. գիտաժողովի մասնակցողներուն ըսաւ.

Հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագը, 2009 -2010 համալսարանական տարւոյն բացման առիթով, ինծի առիթ կ՝ընծայէ, շնորհակալութիւն յայտնելու Համալսարանի տնօրէնութեան որ սիրայօժար տրամադրեց համալսարանը Նարեկացիի նուիրուած միջազգային գիտաժողովին համար։

Գնահատանք եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն անոնց ունեցած մեծ դերին համար նոր սերունդը դաստիարակելու ու զարգացնելու գործին մէջ որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին կերտեն իրենց ապագան, ստեղծելով՝ մարդկային ու մտաւոր առողջ ընկերութիւն մը։

Ինչպէս գիտենք բոլորս, որ Պղատոնի ժամանակաշրջանէն ի վեր դաստիարակութիւնը չէ եղած միայն գիտելիքներ կամ գիտարուեստութիւն ամբարելու միջոց մը, այլ ուղի մը մտքերու կազմաւորումին համար. ինչպէս ՜՜պահպանել մեր նախահայրերէն մեզի ժառանգուած գանձերը եւ աւանդուած պատուէրները առաքինի կեանքի մը համար՝՝։

Ընդգծելով նոր սերունդին առջեւ դրուած հետազօտութեան միջոցները տեղեկութիւններու ու արդիականացած արհեստագիտութեան ծաւալը, Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը վեր առաւ ճշմարիտը ուսուցանելու գործը։

Խօսեցաւ նաեւ Գիտութեան ու կրօնքին միջեւ կապին մասին , Երջ. ՅՊԲ պապին ու ներկայ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին արտայայտութիւններու մասին՝ հիմնելու դպրոցներ ու համալսարաններ որոնք հետեւին եկեղեցւոյ ցուցմունքներուն վրայ հիմնուած կրթական աշխատանքի։

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը մէջբերելով Սրբուհի Էտիթ Շթայնի խորհրդածութիւնը կրթութեան ու դաստիարակութեան մասին յատկապէս իգական սեռի դաստիարակութեան ու մտաւորական կազմաւորումին մասին. ըսաւ ՜՜դաստիարակութիւնը այն գերագոյն արուեստն է , որուն վարպետը Սուրբ Հոգին է իսկ մարդը խոնարհ գործակիցը՝՝ Հոգեւոր Տէրը մաղթեց որ Ս. Հոգիի նուիրուած Քասլիքի համալսարանի դասախօսները ըլլան հաւատարիմ գործակիցները Ս. Հոգւոյն, ծաւալելու Ս.Աւետարանի ցուցմունքները, որ է ՜՜Ճշմարտութիւնը մարդը ազատ կը դարծնէ՝՝ ։ Իսկ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, իր աղերսին մէջ Ս. Հոգւոյն մէջ կը տեսնէ գերազանցօրէն դաստիարակիչ վարպետը անոնց որոնք Իրեն կը դիմեն։

Նարեկացիի միջնորդութեամբ (ըսաւ Ամեն Հոգեւոր Տէրը) թող Աստուած ձեզ Ս. Հոգւոյն իմաստութեամբը լիացնէ որպէսզի կարենաք հաղորդել յոյսը , միշտ եւ ամէնուն, յատկապէս ձեզի յանձնուած ուսանողներուն, անոնց կազմաւորումին ի խնդիր։ Ինչպէս որ ըրաւ Նարեկացի Ս. Գրիգոր , որ ճանչնալով իր մեղքերն ու տկարութիւնները արտայայտուեցաւ իր գրութիւններուն մէջ մեծ ճարտարութեամբ ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.