2009-10-17 12:49:20

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ԽԱՎԻԷ ՍՈԼԱՆԱ ԿՈՂՋՈՒՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ։
Շաբաթ, 10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութենէն եւ 14 հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիա այցելութենէն ետք Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Խավիէ Սոլանա հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կըսէ ՝՝Ես շատ ուրախ եմ, որ երկու երկիրներու ղեկավարներ Սերժ Սարգսեանն ու Ապտուլլահ Կիւլը Պուրսայի մէջ հանդիպեցան։ Շաբաթ օրուան իրադարձութենէն ետք ասիկա երկու երկիրներու, շրջանի եւ Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր քայլ մըն է, զոր պէտք է ողջունել։ Մենք կը շարունակենք ամէն ձեւով նպաստել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ յոյս ունիմ, որ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները մեր նախատեսածին նման մօտ օրէն կը վաւերացուին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէն՝՝։


2010թ Փետրուարէն Հայաստանը կրնայ միանալ ISAF-ի Գործողութիւններուն Աֆղանիստանի մէջ։ PanARMENIAN կայքէջը կը յայտնէ թէ 2010 թուականի Փետրուարէն սկսեալ Հայաստան կրնայ միանալ Անվտանգութեան ապահովման միջազգային ուժերու (ISAF) գործողութիւններուն Աֆղանիստանի մէջ։ Այդ մասին Երեւան-Պրիւքսէլ հեռուստակամուրջի ժամանակ հաղորդեց ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանի գործողութիւններու վարչութեան պետ Էրիկ Սանդալը։ ՝՝Մենք կը բանակցինքՀայաստանի հետ այդ հարցին շուրջ։ Հայկական ուժերը կը տեղակայուին Աֆղանիստանի հիւսիսը, Կունտուզ քաղաքին մէջ՝՝ ըսած է Դաշինքի ներկայացուցիչը։
Իր կարգին ՆԱԹՕ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Սամվէլ Մկրտչեանը նշեց, որ այժմ Հայաստան ISAF-ին միանալու գործընթացի իրաւական բաժնի համաձայնեցման փուլի մէջ կը գտնուի։ Ըստ Մկրտչեանի, դեռ եւս որոշուած չէ, թէ որքան հայ զինուոր պիտի ղրկուի։

Հայ Դատը Պիտի Պատուէ Ընդհանուր Դատախազ Ճէրի Պրաունը։ /a>
Ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին պիտի պարգեւատրուի նաեւ Յարութ Սասունեանը, տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Convention Center-ին մէջ

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՈՎԱԲԱՆԷ ԵՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ։
Եւրոպական Միութիւնը գովաբանեց Թուրքիան՝ անոր արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն համար, սակայն Անգարայի կոչ ուղղեց՝ մամլոյ ազատութիւնները պաշտպանելու։ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ շուրջ տեղեկագիրը կը գովաբանէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանը վերաբանալու Թուրքիոյ կնքած համաձայնութիւնը, կը գովէ քիւրտ փոքրամասնութեան եւ հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութիւններուն ձեռք երկարելու Անգարայի ջանքերը, կը գովաբանէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին մէջ Անգարայի դերակատարութիւնը։ Միւս կողմէ սակայն տեղեկագիրը Թուրքիոյ կոչ կուղղէ՝ Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, կիներու եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները բարելաւելու եւ երաշխաւորելու մամլոյ ազատութիւնը։ Եւրոպական Միութիւնը նկատել կու տայ որ թուրքիոյ մամլոյ ազատութիւնը կարգ մը օրաթերթերու դէմ հարկային իշխանութեանց կողմէ առնուած քայլերուն պատճառով վտանգուած է։
Պրիւքսել քննադատեց թրքական լրատուամիջոցներու տէր ՝՝Տօան Եային՝՝ի դէմ աւելի քան 4 միլիառ տոլար տուրքերը, որոնք կրնան ականահարել խումբին տնտեսական կենսունակութիւնը, հետեւաբար, գործնական գետնի վրայ ազդել մամլոյ ազատութեան։
Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներ նաեւ մտահոգ են, որ Անգարա եւ Կիպրոս անկարող են իրենց տարակարծութիւնները շրջանցելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.