2009-10-16 14:29:21

Քահանայական տարի, Պենեդիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Աղօթքը Քահանայական տարւոյն համար


Քահանայական տարի, Պենեդիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Աղօթքը Քահանայական տարւոյն համար



Տէր Յիսուս, որ սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի միջոցաւ ուզեցիր Եկեղեցւոյ պարգեւել ազդեցիկ պատկերը մը քու հովուական սիրոյդ, ըրէ այնպէս, որ իր ընկերակցութեամբ եւ իր օրինակով քաջալերուած, լիօրէն ապրինք այս քահնայական տարին։



Ըրէ այնպէս, որ կանգ առնելով իրեն պէս Հաղորդութեան առջեւ, կարենանք սորվիլ թէ որքան պարզ է առօրեայ` քու Խօսքդ, որ մեզ կը դաստիարակէ. Քնքուշ` սէրը, որով կ'ընդունիս զղջացող մեղաւորը , մխիթարական` մտերմիկ յանձնումը քու Անարատ Մօրդ։

Ըրէ, ով Տէր Յիսուս, որ Արսի սուրբ ժողովրդապետին բարեխօսութեամբ, քրիստոնեայ ընտանիքները դառնան ''փոքր եկեղեցիներ'', որոնց մէջ բոլոր կոչումները եւ բոլոր պարգեւները, սուրբ Հոգիէն հնչուած, կարենան ընդունուիլ եւ արժեւորուիլ։ Տէր Յիսուս մեզի շնորհէ, որ կարենանք կրկնել նոյն ջերմեռանդութեամբ սուրբ ժողովրդապետին այն խօսքերը որոնցմով ինք վարժ էր քեզի դիմելու.



''Քեզ կը սիրեմ, Աստուած իմ, եւ իմ միակ փափաքս է քեզ սիրել մինչեւ կեանքիս վերջին շունչը։ Քեզ կը սիրեմ, ով Աստուած անսահմանօրէն սիրելի, եւ կը նախընտրեմ մեռնիլ քեզ սիրելով, քան ապրիլ մէկ վայրկեան առանց քեզ սիրելու։ Քեզ կը սիրեմ Տէր, եւ միակ շնորհքը, որ կը խնդրեմ, քեզ սիրելն է յաւիտեան։

Աստուած իմ, եթէ լեզուս ամէն վայրկեան չկարենայ քեզի ըսել քեզ կը սիրեմ, կ'ուզեմ , որ սիրտս կրկնէ զայն այնքան անգամ, որքան կը շնչեմ։

Քեզ կը սիրեմ, ով իմ աստուածային փրկիչս, որովհետեւ ինծի համար խաչուեցար, եւ զիս քեզի հետ խաչուած կը պահես, հոս աշխարհի վրայ։

Աստուած իմ, տուր շնորհքը մեռնելու քեզ սիրելով եւ գիտնալ, որ քեզ կը սիրեմ։''

Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.