2009-10-16 13:27:52

Ափրիկէի եպիսկոպոսաց յատուկ երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքները – Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Ուրբաթ հոկտեմբեր 16 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9-ին մասնակցեցաւ ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքներուն
ապա յաջորդաբար ընդունեց.
Մոնաքոյի իշան Ալպերթ Բ. եւ անոր երեք հոգինոց շքախումբը,
ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց.
- Կարտինալ Իվան Տիազ` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին,
- Գերապայծառ Անճելօ Պեչու` առաքելական դեսպանը Գուպայի մօտ,
- Տիկին Եուլիա Թիմոշենքօ` վարչապետը Ուկրանիոյ եւ անոր 5 հոգինոց շքախումբը,

Ափրիկէի եպիսկոպոսաց յատուկ երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքները – Ափրիկեան ցամակամասը թող դառնայ պատասխանատու իր ճակատագրին։
Ափրիկեցիները թող ըլլան գլխաւոր դերակատարները իրենց ճակատագրին, այս եղաւ բաղձանքը շատ մը սիւնոդոսական Հայրերու, որոնք Վատիկանի սիւնոդոսական սրահին մէջ կը խորհրդակցին հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան նիւթերու մասին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ներկայութեամբ։ Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ օգնել ափրիկեցիներուն գիտակցութիւն ունենալու իրենց արժանաւորութեան եւ այս Սիւնոդոսը ըլլայ յոյսի եւ յարութեան, յանձնառումի ու քաջութեան սիւնոդոս։
Սիւնոդոսական Հայրերը իրենց կատարած միջամտութեան ընթացքին կը յիշեցնեն կարեւորութիւնը հաղորդակցութեանց միջոցներու, օրինակի համար, Ռատիօն եւ Հեռուստատեսիլը, կարող են մեծապէս նպաստել ու տարածել առողջ սկզբունքները ընտանեկան կեանքի։ Նոյնպէս շեշտը դրուեցաւ նեցուկ կենալու կաթողիկէ դպրոցներու ու համալսարաններու, կղերական դասի լաւ կազմաւորումին եւ հրաւիրել աշխարհականները մասնակցելու աւետարանութեան աշխատանքին։ Հուսկ Սիւնոդոսական Հայրերը առաջարկեցին կազմակերպել ս. Հաղորդութեան գիտաժողով բոլոր ցամաքամասին համար, եւ համաափրիկեան համաբողոք կազմակերպել Ափրիկէի կիներու համար եւ աղօթքի միջկրօնական հաւաք, որպէս ազդու միջոց նուաճելու միջցեղային ընդհարումները, քանի միասնաբար կատարուած աղօթքը կը նպաստէ խաղաղութեան հաստատումին։
Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։

ԿԱՆԱՆՉ ՀՐՈՒԱՆԴԱՆ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ կրօնքի ազատութիւն։ Կանանչ Հրուանդանի բնակիչներու թիւը շուրջ 500հազար է,որու հարիւրէն 95,1 տոկոսը քրիստոնեաներն են, հարիւրէն 2,8 տոկոսը իսլամներ իսկ հարիւրէն 2,1 տոկոսը այլ կրօններու կը պատկանին։ Բոլոր ընկերակցութիւնները ըլլան անոնք կրօնաւորական կամ աշխարհական , որպէսզի իրաւական ճանաչում ունենան պէտք է որ արձանագրուին Արդարութեան Նախարարութեան մօտ։ Երկրի շուրջ 500հազար բնակիչներու 440հազարը կաթողիկէ են եւ ունին Եկեղեցական 2 Գաւառներ եւ 2 Եպիսկոպոսներ։ Իսկ թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու թիւը 26 է։

ՉԻԱՏ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ պետութեան աշխարհական նկարագիրը եւ միաժամանակ կ՝երաշխաւորէ կրօնական ազատութիւնը ։ Բնակչութեան թիւը շուրջ 10 միլիոն 200հազար որոնց հարիւրէն 59 տոկոսը իսլամ է,հարիւրէն 22,9 քրիստոնեաներ,հարիւրէն 17 տոկոսը կը հետեւի ափրիկեան աւանդութեան պատկանող կրօնքներուն ,հուսկ հարիւրէն 1,1 տոկոսը այլ կրօններու կը հաւատայ։ Կրօնաւորական բոլոր խումբերը պէտք է որ արձանագրուին Կրօնական Գործոց Բաժանմունքի մօտ։ ՉԻԱՏ-ի կաթողիկէները կը հաշուէն 956հազար,եկեղեցական 8 գաւառներով եւ 8 եպիսկոպոսներով։ Թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու ընհանուր թիւը 106 է։

Ծանօթութիւն -Ռատիովատիկանի կայքը -

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ www. radiovaticana.org . (SINODO DEI VESCOVI . II ASSEMBLEA SPECIALE PER L'AFRICA) կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը’ www. radiovaticana.org :

 







All the contents on this site are copyrighted ©.