2009-10-13 13:33:08

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - ժան Վիաննէի առաքելական կեանքը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - ժան Վիաննէի առաքելական կեանքը



Ժան Մարի Վիաննէ, ամէնաբարձր գաղափարն ունի, գիւղի մը ժողովրդապետի պատասխանատուութեան մասին:

-Եթէ քահանան լաւ թափանցած ըլլար իր առաքելութեան մեծութեան գաղափարին մէջ, հազիւ կրնար ապրիլ:

Գիտէ որ ինքը Աստուծոյ ներկայացուցիչն է հաւատացեալներուն առջեւ, բայց մանաւանդ հաւատացեալներու ներկայացուցիչն է Աստուծոյ առջեւ:

-Ժողովրդապետութիւն մը 20 տարի առանց քահանայի ձգեցէք, ժողովուրդը անասունները պիտի պաշտէ, - կ’ըսէ Վիաննէ:

Յաճախ կը յորդորէ հաւատացեալները որ Աստուծոյ դառնան, բայց համոզուած է, որ չպիտի ընեն առանց իր օգնութեան եւ աղօթքին: Ինչպէս նաեւ կը կասկածի անոնց Աստուած սիրելուն վրայ եւ թէ ինք պիտի լրացնէ անոնց պակասը: Ահա ասոր համար ինքը շատ կ’աղօթէ ու կ’ապաշխարէ:

-Եթէ գիտնայի թէ այսքան պիտի չարչարուէի ժողովրդապետ ըլլալով, գուցէ մեռնէի ցաւէս,- կ’ըսէ առիթով մը:

Արսի մէջ, 1818ի գարնան հարկ է վստահիլ բարեպաշտ հոգիներու վրայ: Հոն կան 3-4 տարեց բարի կամքով կիներ, Վիաննէ ասոնք քովը կը կանչէ եւ կը յորդորէ որ ամէն առտու պատարագի գան եւ հաղորդուին: Կը սորվեցնէ անոնց Վարդարանի աղօթքը: Կը քաջալերէ որ հետերնին բերեն քանի մը փոքրիկ առջիկներ, որոնք մամիկին կապուած ըլլան, քանի որ մայրերը շատ զբաղած են: Իր հասնելէն վեց ամիս ետքը, այս փոքրիկ խումբը, կէսօրէ ետք, կը հաւաքուի քահանայատան պարտէզը եւ կ’աղօթէ, երգեր կը սորվի, կը լսէ վարդապետին խրատները… Այս պարզուկ գիւղացիները իր պատգամաւորները կ’ըլլան եւ շուտով խումբը կը մեծնայ եւ կը կազմեն Վարդարանի եղբայրութիւնը:

Երկու երեք տարի վերջ այս խումբին կը միանան բացի տարիքոտ կիներէ եւ երեխաներէ, նաեւ հարսեր, մայրեր եւ պարի սիրահար օրիորդներ, որոնք կը հրաժարին պարէ, քանի որ իրենց հովիւը կ’արգիլէ:

Այո, Վիաննէ չի սիրեր ոչ պարը եւ ոչ պարողները: Մանաւանդ չի սիրեր բարքերու թուլութիւնը: Ինք լաւ հասկցաւ թէ երիտասարդները, մանչ թէ աղջիկ, կը սիրեն, ամէն առթիւ հաւաքուիլ եկեղեցիին մօտիկ հրապարակը եւ հոն ըմպելարանի մը մէջ զուարճանալ միասին: Եւ թէ այս հանդիպումները պատճառ են բարոյական անկարգութիւններու: Բարեկամական խօսակցութիւններով հրաւիրեց զիրենք մտածելու Յիսուսի ներկայութեան վրայ.

-Ո՛հ, կը հառաչէր, եթէ հաւատք ունենայինք, եթէ Քրիստոսի ներկայութեան գաղափարը թափանցէր մեր մէջ, թէ ինչպէս մեր խորաններու վրայ կեցած է, ձեռքը բռնած անթիւ շնորհներ, ջանալով բաշխելու մեզի, այն ատեն մենք որքան յարգանքով պիտի կենայինք իր ներկայութեան դիմաց:

Յետոյ ժողովրդապետը գաղափարներ յայտնեց քանի մը ընտանիքներու, մանաւանդ գիւղապետին եւ անոր պաշտօնակիցներուն: Ասոնք շուտով որոշում առին թէ այս պարահանդէսները տեղի պիտի չունենային նոյն սրճարանին մէջ, այլ գիւղէն դուրս, հանրային դաշտին վրայ: Մանկամարդ օրիորդները տակաւ հրաժարեցան այդ վայրերէն, իսկ պատանիները անշուշտ տհաճեցան…



Տէր Վիաննէ այնքան հակառակ է պարերու, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնէ ցոփութեան եւ անմաքրութեան վտանգներ, մեղքեր՝ որոնք սատանան գործել կու տայ եւ կը հեռացնէ Աստուծմէ:

Իր հովուական փորձառութենէն ելլելով կ’ըսէ.

-Բոլոր մեղքերէն աւելի ամնաքրութիիւնն է, որ դժուար է արմատախիլ ընել… Ո՛րքան դժուար է ամբողջովին սրբագրել զայն:

Սակայն սուրբի մը վայել հոգեբանութեամբ փոխանակ խստօրէն դատապարտելու զայն, կը նախընտրէ շեշտել սրտի եւ մարմնի մաքրութիւնը:

Մինչ կը հակառակի պարերու, ճակատ կը բանայ նաեւ խմողներու դէմ: Գինետուն մը կայ եկեղեցիին մօտ: Պարասրահի հեռացումը կը նուազեցնէ Կրիակի օրուան իր յաճախորդները: Միւս կողմէ խստութեամբ կը խօսի գինովութեան հակառակ.

-Մենք գինիով շնչահեղձ կ’ընենք ու կը խեղդենք մեր հոգիները:

Խեղճ գինեվաճառը այնքան հաճախորդ կորսնցուց, որ Տէր Վիաննէի օգնութեան դիմեց, այդ պատճառաւ գիւղին մէջ խօսք շրջեցաւ թէ վարդապետը դրամ վճարեց փակել տալու համար գինետունը:

Ճիշտ ասոր հակառակ ուխտագնացութիւնները օրէ օր բազմացան եւ գիւղին շրջակայքը բացուեցան սրճարան-ճաշարաններ: Տէր Վիաննէ մեծապէս ուրախացաւ, քանի որ ասով իր ժողովուրդի հացի ճամբան կը բացուէր:

Տէր Վիաննէ հասկցաւ որ իր հաւատացեալները, մանաւանդ երիտասարդները զուարճանալ եւ ուրախանալ կը սիրէին, բան մը որ շատ բնական է: Անոր համար ջանաց եկեղեցական արարողութիւններուն փայլ տալ եւ ճոխութիւն տալ: Բազմացուց Կիրակի օրուան հանդէսները, մանաւանդ կէսօրէ ետք:

Մարմնոյ եւ արեան տօնը, 1818ին բացառիկ շքեղութեամբ յիշատակեց: Թափօրի առջեւէն կ’երթային նուագողներ: Երիտասարդները լուսաշող պայթուցիկներ կը նետէին օդը: Ս. Հաղորդութեան ճաճանչի բոլոր եզերքները ծաղիկներով պճնուած էին:Դպիրները մոմ բռնած կը խնկարկէին։ Այսպէս թափօրը քալեց ագարակէ ագարակ եւ ամէն տեղ օրհնեցին երգով ու խունկով։

Եւ միայն հաղորդութեան տօնին չէ, այլ սուրբը ուրիշ առիթներ կը ստեղծէ։ Այսպէս գիւղի պաշտպան սուրբի տօնին օրը, իր ժողովուրդը ուխտի կը տանի մինչեւ Ֆուրվիէրի Տիրամօր տաճարը` Լիոն։

Իր ձեռնարկներուն մաս կը կազմեն շինութիւնները. Այսպէս վերանորոգեց զանգակատունը, ընդլայնեց աւագ Խորանի Դասը, եկեղեցւոյ մէջ կողմնակի մատուռներ շինեց, որպէսցի նորանոր տօներ կատարէ եւ երիտասարդները օրերով աշխատին այդ ձեռնարկներու յաջողութեան համար։

Կը յորդորէր այս տօները փակելու համար փառաւոր ճաշ մը սարքել տուներու մէջ։ Բայց ինքը միշտ ժուժկալ կը մնար եւ հազիւ տուն հասած, մէջտեղ կը հանէր իր խաշած գետնախնձորը եւ փոխինդը, հակառակ որ ընդհանուր փոխանորդը կ'ըսէր իրեն.

-Անօթի, անօթի դրախտը չեն գրաւեր,- որուն ինք կը պատասխաներ.

-Շատ ճոխ կ'ուտեմ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.