2009-10-13 13:32:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Ափրիկէի եպիսկոպոսական յատուկ երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքները.


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Ափրիկէի եպիսկոպոսական յատուկ երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքները.

Քաղաքական կաշառակերութիւնը արգելք կը հանդիսանայ Ափրիկէի յառաջդիմութեան ու բարգաւաճումին։ Քաղաքական մարդոց ապականութիւնը Ափրիկէի ամենէն վնասաբեր պատուհասներէն մէկն է։



ինչպէս ամէն առաւօտեան նիստերուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գլխաւորեց Ափրիկէի եպիսկոպոսական յատուկ երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքները Սիւնոդոսական Հայրերը, նիստերուն ընթացքին իրենց կատարած միջամտութիւններուն, յաճախ կը խօսին քաղաքական ապականութեան մասին որպէս մեծ արգելք մը Ափրիկէի յառաջդիմութեան ու բարգաւաճումին։ Տիւպրան թեմի առաջնորդը` կարտինալ Նաբիէ սահմանած է ապականութիւնը որպէս քաղաքական մշակոյթի անհասունութիւն, նկատելով զայն որպէս ճշմարիտ պատուհաս մը։ Ան դիտել տուած է որ՝ թէեւ 1994էն ասդին պետական հարուածները պակսեցան Ափրիկէի մէջ, սակայն, պարագլուխի փոխարէն կուսակցութիւնները տէրը դարձած են քաղաքական կեանքին եւ ընդդիմադիրները ամբաստանած են որպէս հակայեղափոխկաններ։

Զանպիայի առաջնորդը գերապայծառ Լունկու իր միջամտութիւնը կեդրոնացուց ընկերային հաղորդակցութեան կարեւորութեան վրայ։ Ան հաստատեց թէ ձայնասփիւռը աւետարանութեան հզօր միջոց մըն է, մասնաւորապէս շինական վայրերու մէջ ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը անգրագէտ է։

Պրեսան արքեպիսկոպոսը մամտնանշեց միսիոնարներու բերած օգնութիւնը Աստուծոյ խօսքը ճանչցնելու ու քարոզելու։ Այսօր, ըսաւ ան, Ափրիկէի մէջ կը գործեն աւելի քան 3600 միսիոնարներ, որոնք յաճախ ենթակայ են հարստահարումի ու նահատակութեան։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով . ՜՜ սրբութիւնը մեր կէտնպատակն է , մնացածը անոր հետեւանքը՝՝։

Նիճերիայի Միննա թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ուզուքվու առաջարկեց արծարծել երկխօսութիւնը մահմետականներուն հետ եւ առիթ ստեղծել միասնաբար աղօթելու։ Գերապայծառ Ռավազի` նախագահը քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին, իր կատարած միջամտութեան, շեշտը դրաւ Ափրիկէի հարուստ մշակոյթի ու հոգեւորութեան եւ բնատուր բարեպաշտութեան վրայ։ Ան մաղթանք յայտնեց որ Ափրիկէն պահպանէ իր կրօնական ու մշակութային ինքնութիւնը, առանց տարուելու աշխարհիկ հոսանքէն ու համաշխարհայնացումի հովէն որ զօրաւոր կը փչէ Ափրիկէի 53 պետութիւններու վրայ։ Գերապայածառ Ռավազի իր միջամտութիւնը եզրափակեց մէջբերելով նախագահ եւ բանաստեղծ Լէոբոլտ Սենկորի խօսքը քաղուած ՜՜Սեւ Նշխարքէն՝՝, ''400 տարիէ Խաչուած Ափրիկէի ոտքը կեցած, ձգէ որ բացագանչեմ, Տէր, աղօթքը խաղաղութեան ու ներումի։ Տէր ներէ սպիտակ Եւրոպային, որ հալածեց իմ զաւակները ու սպաննեց վայրի փիղերը։ Սակայն Տէր, սպաննէ նաեւ, ատելութեան օձը, որ իր գլուխը բարձրացուցած է մեր սրտին մէջ ու կը մղէ մեզ եղբայրասպան պատերազմ կատարելու։ Սպաննէ, Տէր, օձը որպէսզի Ափրիկէն շարունակէ իր ճանապարհը հաշտութեան ու խաղաղութեան մէջ։

Ծանօթութիւն -Ռատիովատիկանի կայքը -

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ www. radiovaticana.org . (SINODO DEI VESCOVI . II ASSEMBLEA SPECIALE PER L'AFRICA) կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը’ www. radiovaticana.org :

 







All the contents on this site are copyrighted ©.