2009-10-12 12:50:32

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները

Երկուշաբթի 12 հոկտեմբեր 2009, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց սրբադասումի մասնակցող պատուիրակութիւնները։ Նշենք թէ Կիրակի օրը՝ 11 հոկտեմբեր 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատոյց Ս. Պետրոս հրապարակը տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, եկած աշխարհի զանազան վայրերէն, եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը, հինգ երանելիներ սրբադասեց։ Պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասնեց եւ ապա ողջունեց ներկաները, որոնք իրենց բարեպաշտ մասնակցութեամբ ուզեցին մեծարել նոր սուրբերը։

Սրբազան Հայրը յատուկ շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց իշխանութիւններուն եւ իրենց ընկերացող պաշտօնական պատուիրակութիւններուն, որոնք զանազան երկիրներէն եկած էին։ Ապա Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց հաւատացեալները խրախուսելով զանոնք որ օրինակ առնեն նոր սուրբերէն եւ հոգ տանին աղքատներուն, ընչազուրկերուն եւ անօճախներուն։ Նոյնպէս շնդրեց որ աղօթեն եւ իրենց հոգեւոր ու նիւթական օգնութիւնը բերեն բոլոր անոնց որոնք վեհանձնութեամբ ու նուիրումով կը խնամեն հիւնանդները եւ մասնաւորապէս բորոտները։ Ապա Սրբազան Հայրը մաղթեց որ աշխարհը այլեւս չճանչնայ միջուկային պատերազմ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը խնդրեց աղօթքով ընկերանալ Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներուն։ Շաբաթ օրը յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը, Պօղոս Զ. անուան սրրահին մէջ գլխաւորեց Ս. Վարդարանի Մարեմեան աղօթքը, մասնակցութեամբ՝ Հռոմի համալսարականներուն եւ Եգիպտոսի, Քենիայի, Սուտանի, Մատակասքարի, հարաւային Ափրիկէի, Նիճերիոյ, Գոնկոյի, Մոզամպիքի, Պուրքինա ֆազոյի ուսանողներուն հետ, որոնք ձայնասփիւռի միջոցաւ միացած էին Սրբազան Քահանայապետին աղօթքին։ Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, եւ մասնաւորապէս դուք՝ որ մեզի հետ միացած էք հեռուստատեսիլի միջոցաւ, ձեզի կ'ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյնս։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթքով միացած մնաք Ափրիկէի երկորդ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի հայրապետներու հետ, որոնք Հռոմ կը ժողովին որպէսզի Եկեղեցին իր դրական նպաստը բերէ Ափրիկէի ժողովուրդներու հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան համար։ Եպիսկոպոսական այս սիւնոդոսը թող ըլլայ ճշմարիտ յոյսի շօշափելի նշանը, Ափրիկէի բոլոր ժողովուրդներուն համար, ''երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը''։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, Ափրիկէի Տիրամայրը, ձեզ պահպանէ խաղաղութեան մէջ ու առաջնորդէ դէպի իր Միածին Որդին Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը՝՝։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. Աստուած թող օրհնէ ձեզ ։

Ռատիովատիկանի կայքը - Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ www. radiovaticana.org կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը www. radiovaticana.org ։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.