2009-10-12 12:50:46

Ծիսական Ժամանակացոյց


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 12 Հոկտեմբերէն Կիրակի 18 Հոկտեմբեր 2009։

Երկուշաբթի 12 Հոկտեմբերին հայ տօնացոյցին համաձայն տօնն է Գիւտ Նշխարաց Ս. Գրիգոր Աղուանից կաթողիկոսի եւ Թաթուլ, Վարոս, Թովմաս, Անտոն Կրօնիդէս եւ եօթը խոտաճարակ հայրերու։

Գրիգորիս եպիսկոպոսը Վրդանէսի անդրանիկ որդին էր որ, ըստ պատմութեան Խորենացւոյ, եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Փայտակարան նահանգին։

Իր դէմքը մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ կը ներկայացնէ, Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ դրացի հեթանոս ազգերուն մէջ քրիստոնէութիւն քարոզելու համար ի գործ դրուած ջանքը, որ յաճախ նահատակութիւններու ալ պատճառ դարձաւ։

Ըստ այսմ կը պատմուի իրեն համար թէ անարժան ցեղապետերու դէմ կշտամբող դիրք բռնած ըլլալուն համար ձիու ագիին կապուելով քաշկռտուած է քարերու եւ թուփերու վրայէն, Կասպից ծովուն մօտ Վատնեան դաշտին մէջ եւ այսպէս մեռած, եւ Փոքր Սիւնիքի Ամարաս աւանին մէջ թաղուած է իր սարկաւագներուն ձեռքով։

Իսկ Ե. դարուն, Աղուանից Վաչագան թագաւորին օրով իր նշխարները գտնուած ըլլալով, անոնց վրայ եկեղեցի մը շինուեցաւ Ս. Գրիգորիս անունով, 489-ին։

Երեքշաբթի 13 Հոկտեմբերին տօնն է Անանիա, Մատաթիա, Բառնաբաս, Փիլիպպոս, Յովհաննէս, Շիղա ու Սիղուանոս առաքեալներու եւ Պօղոսի գործակիցներուն եւ 12 վարդապետներուն։

Անանիան Մկրտիչն է Պօղոս առաքեալին Դամասկոսի մէջ։ Բնիկ Դամասկացի է, գիտնալով հանդերձ որ Սաւուղ հալածիչ մըն էր, աստուածային հրահանգին հնազանդելով գնաց այն տունը ուր կը մնար Սաւուղ։ Ձեռքերը դրաւ անոր վրայ եւ ըսաւ. ՜՜Սաւուղ եղբայր, Տէրը ղրկեց զիս, այն Յիսուսը որ երեւցաւ քեզի հոս գալուդ ճամբուն վրայ, որպէսզի կարենաս ետ տեսնել ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս՝՝։

Երբ Անանիա ձեռքերը դրաւ Սաւուղի գլխուն վրայ, անոր աչքերէն կեղեւի նման բաներ թափեցան ու ինք իր տեսողութիւնը վերագտաւ ու մկրտուեցաւ։

Անանիա իբրեւ քրիստոնեայ դատաւորին առջեւ հանուած է, որ իրեն պարտադրած է աստուածներուն զոհ մատուցել, սակայն ինք մերժած է ըսելով. ՜՜Չեմ զոհեր ձեր խուլ, համր եւ անզգայ աստուածներուն, այլ կը պաշտեմ Քրիստոսը որ մեզի գիտութեան լոյս եղաւ ու մեզ ազատեց կռապաշտութեան մոլորութենէն՝՝։ Անանիա ենթարկուած է սաստիկ չարչարանքներու եւ ի վերջոյ քարկոծումով կնքուած է իր կեանքը։

Հինգշաբթի 15 Հոկտեմբերին տօնն է Ս. Դիոնեսիոս Արիսպագացուին ինչպէս նաեւ Պօղոսի աշակերտներ՝ Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի։

Տիմոթէոսի մայրը հաւատացեալ հրեայ կին մըն էր սակայն հայրը հեթանոս էր։

Ան եղաւ Պօղոս առաքեալի ամէնէն անձնուէր աշակերտը եւ գործակիցը, որուն կը հանդիպի իր երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին Լիւստրա կոչուած քաղաքին մէջ։ Տիմոթէոս եղաւ լաւագոյն ատաղձը Պօղոսի ձեռքը, ապա լաւագոյն գործակիցը։ Տիմոթէոսին ուղղուած են Պօղոսի թուղթերէն երկուքը։ Ան քաջալերեց Թեսաղոնիկեցիները հալածանքներու ընթացքին եւ Կորնթոսի մէջ, հաստատեց նորահաւատները, իրենց հաւատքին մէջ։

Եփեսոսի մէջ աշխատեցաւ ապա եղաւ անոր առաջին եպիսկոպոսը . կը համարուի որ այնտեղ մարտիրոսացած ըլլայ։

Շաբաթ 17 Հոկտեմբերին տօնն է Սրբոց աւետարանիչներու՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի Եւ Յովհաննէսի. ու Ղուկիանոս քահանային, Տարագոս, Պրոբոս եւ Անդրոնիկոս վկաներու ինչպէս նաեւ Պեղագիա կոյսին ։

Մատթէոս առաքեալ, առաջին աւետարանի հեղինակը, իր անունին կը կցէ ՜՜մաքսաւոր ծանօթութիւնը՝՝։ Նոր կտակարանի մէջ յիշուած է առաքեալներու ցանկին վրայ։ Մարկոս եւ Ղուկաս զինք կը կոչեն նաեւ Ղեւի։ Հաւանաբար երկու անուններ ունէր ան, եւ կամ՝ Յիսուսի կողմէ կանչուելէ ետք առաւ Մատթէոս անունը, որ կը նշանակէ Աստուծոյ Պարգեւ ։ Մատթէոս առաջին աւետարանը գրած է արամերէն լեզուով եւ զայն սահմանած՝ իր հայրենակիցներուն։ Ըստ աւանդութեան ան Հապէշիստանի մէջ քարոզած է եւ այնտեղ ալ նահատակուած։

Կիրակի 18 Հոկտեմբերին Զ. Կիրակին է Զկնի Խաչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.