2009-10-11 13:57:44

Սրբադասման պատարագ ս. Պետրոս Տաճարի հրապարակը։


Սրբադասման պատարագ ս. Պետրոս Տաճարի հրապարակը։

Կիրակի հոկտեմբեր 11, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց ս. Պետրոս հրապարակին վրայ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, որոնք եկած են զանազան երկիրներէն ներկայ գտնթուելու հինգ նոր սուրբերու սրբադասման արարողութեան։

Հինգ նոր սուրբեր են. Զիկմունթ ֆելինսքին, եպիսկոպոս եւ հինմնադիրը ֆրանչիսքեան իգական միաբանութեան։

ֆրանչեսքօ Գոլ ի Կիթար, քահանայ տոմենիքեան միաբանութեանէն, հիմնադիրը տոմենիքեան իգական միաբանութեան։

Ժոզէֆ Տամեան դը Վըսդեր` քահանայ միաբան Յիսուսի ս. Սրտին։

Ռափայէլ Պարոն` մենակեաց կրօնաւոր

Մարի դը լա Գրուա Ժիւկան` հիմնադրուհին աղքատ կրտցեր քոյրերու միաբանութեան։



Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց հինգ նոր սուրբերու կեանքն ու առաքինութիւնները, որոնց շնորհիւ արժանացան խորաններու պատւոյն, ապա Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց սրբադասման Աւետարանի ընթերցումը որ կը խօսի հարսուս երիտասարդի հանդիպումը Յիսուսի հետ ու երիտասարդին կատարած հարցումը. ''վարդապետ բարի, ի՞նչ պէտք եմ ընել ժառանգելու յաւիտենական կեանքը'' Յիսուս տեսնելով թէ անիկա աստուածավախ ու պարկեշտ երիտասարդ մըն է սիրեց զայն եւ ըսաւ անոր ''գնա՝ ծախէ ունեցածդ եւ եկուր ինծի հետեւէ''։

''Եկուր ինծի հետեւէ'' ահա քրիստոնեական կոչումը, որ կու գայ Աստուծոյ սէրէն եւ որուն մենք` կանչուած ենք համապատասխանելու։ Յիսուս, ըսաւ Սրբազան հայրը, երբ կը հրաւիրէ կ'ուզէ որ մեր պատասխանը ըլլայ անվերապահ ու ամենայն նուիրումով։ Այսօրուան ու Եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերը ատիկա կատարեցին, ամէն բանէ հրաժարեցան, իրենց խաչը առին ու Յիսուսի ետեւէն գալեցին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, գոհութիւն տանք Աստուծոյ սրբութեան այս մեծ պարգեւին համար, որուն շնորհիւ Եկեղեցին աւելի կը պայծառանայ։ Հոս, կ'ուզեմ ձեզ ամէնքդ հրաւիրել հրապուրուելու հինգ սուրբերու կեաքի օրինակէն ու մեր կեանքը դարձնենք փառաբանութիւնը մը Աստուծոյ սիրոյն։ Թող անոնց երկնային բարեխօսութիւնը եւ յատկապէս ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովուանաւորութիւնը ընդունի մեզի սրբութեան շնորհքը, Մարիամ Թագուհին ամենան սրբոց եւ մայր մարդկութեան։

Պատարագին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասնեց եւ բոլոր ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.