2009-10-11 09:13:06

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 11 հոկտեմբեր, Ե. կիրակի զկնի Խաչի։


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 11 հոկտեմբեր, Ե. կիրակի զկնի Խաչի։

Ընթերցում Սուրբ Մարկոսի Աւետարանէն գլուխ 12, թիւ 35-44 համարները



Ընթերցում Սուրբ Մարկոսի Աւետարանէն



35Յիսուս Տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ կ'ըսէր. ''Ի՞նչպէս դպիրները կ'ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթի որդին է, 36մինչ ինք` Դաւիթ, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած` կ'ըսէ.

Տէրն ըսաւ իմ Տիրոջս. բազմէ աջ կողմս մինչեւ որ բոլոր թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ առջեւ։

37Եթէ Դաւիթ զինք Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս կրնայ անոր որդին ըլլալ։'' Եւ բազմութիւնը հաճոյքով մտիկ կ'ընէր Յիսուսի։

38Յիսուս կ'ըսէր իր վարդապետութեան մէջ. ''Զգուշացէք դպիրներէն, որոնք կը սիրեն շրջիլ լայն հագուստներ հագած, ողջոյններ ընդունիլ հրապարակներու վրայ, 39առաջին տեղերը գրաւել ժողովարաններու եւ խնջոյքներու մէջ։ 40Այրիներու ինչքերը կ'ուտեն եւ տեսնուելու համար` կ'երկարեն իրենցս աղօթքները։ Ասոր համար աւելի խիստ դատապարտութեան պիտի ենթարկուին։''

41Գանձերու սրահին դիմաց նստած, Յիսուս կը դիտէր թէ ի՞նչպէս մարդիկ դրամ կը դնէին գանձանակին մէջ։ Բազմաթիւ հարուստներ շատ դրամ ձգեցին։ 42Աղքատ այրի մը եկաւ եւ ձգեց միայն երկու լումայ, որ կ'ընեն մէկ նաքարակիտ։ 43Յիսուս աշակերտները կանչեց եւ ըսաւ. ''Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, այս աղքատ այրին աւելի դրաւ գանձանակին մէջ քան միւս բոլոր հարուստները. 44Որովհետեւ ասոնք դրին` իրենց աւելորդէն առնլով, իսկ անիկա իր չքաւորութեան մէջ, դրաւ` ինչ որ ունէր իր ապրուստին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.