2009-10-11 09:11:12

Լուրեր հայ հակական կեանքէն։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Իրաւաբաններու համահայկական առաջին համաժողովը։


Լուրեր հայ հակական կեանքէն։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Իրաւաբաններու համահայկական առաջին համաժողովը։
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Իրաւաբաններու համահայկական առաջին համաժողովը, որուն նպատակը եղած է՝ հայոց պետականութեան ամրապնդման հարցին մէջ հայ իրաւաբաններու ներուժի համախմբումը, գիտակրթական եւ մասնագիտական համահայկական իրաւաբանական հարցերու քննարկումը եւ իրաւաբաններու համահայկական ընկերակցութեան ստեղծումը։
Համաժողովին մասնակցած են աւելի քան 60 հայ իրաւաբաններ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Աւստրիայէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Լիբանանէն եւ Ռուսիայէն, ինչպէս նաեւ մօտաւորապէս 100 իրաւաբան՝ Հայաստանէն, իսկ 10՝ Լեռնային Ղարաբաղէն։
Համաժողովի ծիրին մէջ սեպտեմբեր 18-ին իրաւաբանները մասնակցած են հայ անուանի գեղանկարիչ Էդուարդ Սասունիի անհատական ցուցահանդէսին, որմէ ետք այցելած են սփիւռքի նախարարութիւն եւ տեսակցած են նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ։ Համաժողովին հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 19-ին, Կառավարութեան նիստերու սրահին մէջ։ Ապա այցելած են Մայր աթոռ Ս Էջմիածին, ուր դիմաւորուած են Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ։ Սեպտեմբեր 21-ին այցելած են Սեւան եւ Դիլիջան, իսկ Գոշավանքի մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային նիստ։

Հայաստան հիմնադրամի թելեթոնը նոյեմբեր 26-ին` Շուշիի համար։
Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ կառուցել, վերանորոգել եւ բարելաւել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարեւորագոյն հաստատութիւնները։ Հիմնադրամի նախագահ Արա Վարդանեան յայտնած է, որ Ստեփանակերտի մէջ կը կառուցուին քանի մը միջնակարգ դպրոցներ, Մարտունիի եւ Շուշիի մէջ կը վերանորոգուին բնակելի տուներու տանիքներ, իսկ Շուշիի մէջ պիտի լուծուի խմելու եւ ոռոգման ջրամատակարարման հարցը։
Աւելի՛ն Հայաստան համահայկական հիմնադրամին միջոցներով Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ պիտի կառուցուի գիւղապետարան, եւ նոյն մարզի գիւղերէն մէկուն մէջ պիտի կառուցուի կաթի մթերման կէտ, որպէսզի գիւղացին չհեռանայ իր տարածքէն։ Իսկ Գորիսի մէջ պիտի կառուցուի սրտաբանական հիւանդանոց։ Յայտնենք, որ Երեւանի մէջ կը նախատեսուի իրականացնել Մարիամ Աստուածածին հիւանդանոցի վերանորոգումը եւս։
Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ պատկերասփիւռային մարաթոնը այս տարի պիտի իրականանայ նոյեմբեր 26-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Ըստ Արա Վարդանեանի, հանգանակուած գումարները եօթանասուն տոկոսով պիտի տրամադրուին Շուշիի զարգացման ծրագիրներու իրականացման։ Ան նշած է, որ իրենք արդէն իսկ կը համագործակցին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան հետ։
Յայտնենք, որ նախքան պատկերասփիւռային մարաթոնը, Եւրոպայի մէջ պիտի կայանայ հեռախօսային մարաթոն, որուն նախաձեռնողն ու համակարգողը հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինն է։
Արա Վարդանեան յոյս յայտնած է, որ տնտեսական ճգնաժամը իր ժխտական ազդեցութիւնը չունենայ հեռուստամարաթոնի արդիւնքներուն վրայ եւ այս տարուան գումարները գերազանցեն նախորդ տարուան ցուցանիշները։ Արա Վարդանեան նշած է նաեւ, որ այս տարի նոր ձեւի դրամահաւաքներ պիտի իրականացուին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅՐԵՆԻ ԳՐՈՂ ԱՐՄԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
66 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց 1970-ական թուականներու Հայաստանի գրական սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը՝ բանաստեղծ, արձակագիր Արմէն Մարտիրոսեան։
Ան իր շուրջ տասնեակ մը գիրքերով, մասնաւորապէս՝ Բանաստեղծութիւններ, Թռչուններ, Շարակնոց, Սիրոյ շղթայ, Ներաշխարհի լռութիւն բանաստեղծական ժողովածուներով եւ Մազէ կամուրջ եռահատոր վիպերգութեամբ արդէն ճշդած էր իր տեղն ու դերը ժամանակակից գրականութեան մէջ։
Արմէն Մարտիրոսեանի բանաստեղծութիւններէն շատեր թարգմանաբար լոյս տեսած են տարբեր լեզուներով։







All the contents on this site are copyrighted ©.