2009-10-10 13:26:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ 10 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Պելկիոյ Ալպէր Բ թագաւորը եւ Բաուլա թագուհին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ֆրանսայի նախարարապետ՝ ֆրանսուա ֆիկոն։

Իսկ յետմիջօրէին Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորրէ Ս. Վարդարանի մարեմեան աղօթքը, ՜՜Ափրիկէի համար եւ Ափրիկէի հետ՝՝։ Աղօթքին կը մասնակցին Ափրիկէի զանազան մայրաքաղաքներէն քրիստոնեայ երիտասարդներ, պատկերասփիւռի միջոցաւ։

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները

Սիւնոդոսական հայրերու մէկ պատուիրակութիւնը Հռոմի քաղաքապետարանը այցելեց։ Խորհրդակցութեան նիւթերը եղան զարգացումը, խաղաղութիւնը եւ գաղթականութիւնը։ Նոյնպէս խօսուեցաւ Հռոմի քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած ՜՜Ափրիկէի՝՝ ցուցահանդէսին մասին, որ տեղի կ՝ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր 19ին։ Հռոմի քաղաքապետը Ճիաննի Ալեմաննօ ընդունեց Սիւնոդոսական հայրերու պատուիրակութիւնը իր գրասենեակին մէջ։ Պատուիրակութեան գլուխը գերապայծառ Էդերովիչ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. Երախտապարտ ենք քաղաքապետ Ճաննի Ալեմաննոյին որ մեզ պատուեց իր հրաւէրով։ Հռոմ քաղաքը ամէն տարի միլիոնաւոր ուխտաւորներ կ'ընդունի, անոնցմէ շատերը Ափրիկէէն կու գան եւ Հռոմը ամէն բան կ՝ընէ որպէսզի ուխտաւորները իրենք զիրենք իրենց տան մէջ զգան։ Այս է Հռոմի տիեզերական կոչումը։ Ափրիկէի սիւնոդոսի հայրերը 244 եպիսկոպոսներ են, ամէնքը ափրիկեցի անոնք ուզեցին հանդիպում ունենալ Հռոմի քաղաքապետին հետ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր ու նաեւ անոր հետ փոխանակելու կարգ մը գաղափարներ ինչպէս. համագործակցութիւնը Ափրիկէի ու Եւրոպայի միջեւ, ինչպէս բարելաւել այդ համագործակցութիւնը, քաղաքական ապաստանեալները, գաղթականութիւնը եւ առեւտուրի կարելիութիւնը։

Հռոմի քաղաքապետը իր կարգին մամուլին ըսաւ.՜՜ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի աշխատանքներուն։ Այդ սիւնոդոսէն կ'ակնկալենք բացայայտ պատգամներ զարկ տալու՝ Ափրիկէի ու Եւրոպայի միջեւ համագործակցութեան ու զարգացումին եւ ասիկա երկու պատճառի համար նախ կ'ուզենք որ Ափրիկէն դուրս գայ թերաճ իրավիճակէն եւ երկրորդ կանոնաւորելու գաղթականութեան հոսքը ՝՝։







  








All the contents on this site are copyrighted ©.