2009-10-10 13:26:03

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱՅՍՕՐ ՑԻՒՐԻԽԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՐՈԹՈԳՈԼԸ։
Այսօր Զուիցերիոյ ժամով՝ յետմիջօրէին ժամը 5։00-ին, Ցիւրիխի համալսարանին մէջ կը ստորագրուի Հայաստան - Թուրքիա Փրոթոգոլը։։ Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարած է Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Թրքական Հիւրիյէթ օրաթերթին համաձայն, եթէ վերջին վայրկեանին ինչ-ինչ փոփոխութիւններ տեղի չունենան, արձանագրութիւնները կը ստորագրուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Զուիցերիացի վերլուծաբան Վենսան Լանտեն խօսելով այսօր Ցիւրիխի մէջ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման մասին կþըսէ, որ "ասիկա ընդամէնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման, յարաբերութիւններու բարելաւման ճանապարհին վրայ քայլ մը կ'ըլլայ. չափազանց կարեւոր քայլ մը, սակայն երբեք ճանապարհի վերջը"։Իսկ թրքական "Թուտէյզ Զաման" օրաթերթի յօդուածագիր Կիւրքան Զենկին Հայաստանի հետ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները կը կոչէ "վերջին տարիներու ընթացքին թրքական արտաքին քաղաքականութեան մեծագոյն յաջողութիւնը"։Իսկ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն այսօր կը հասնի Զուիցերիա, ուր կը կայանայ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարարը կը պատրաստուի եւրոպական շրջապտոյտը սկսիլ, այցելելով Ցիւրիխ, ուր Քլինթըն պիտի մասնակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան(ըսած է ան)։ Ամերիկացի դիւանագէտին համաձայն, Քլինթըն Ցիւրիխ կուգայ , որպէսզի իր աջակցութիւնը ցուցաբերէ այն գործընթացին նկատմամբ, որ մենք հաւատացած ենք թէ պատմական քայլ է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Թուրքիոյ համար՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ճանապարհին մէջ։ Ամերիկացի պաշտօնատարը յայտարարած է, որ ստորագրման արարողութեան հրաւիրուած են նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշները եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Խավիէ Սոլանան։
Երեւանի Կեդրոնէն Ծիծեռնակաբերդ՝ 60,000 Հոգի Բողոքի Երթով «Ոչ» Ըսաւ Հայ-Թրքական Նախաստորագրուած Զոյգ Արձանագրութիւններուն։
Հոկտեմբեր 9ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպած բողոքի երթը դէպի նախագահին նստավայրը:Շուրջ վաթսուն հազար հայորդիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս երթը ապա ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր տեղի ունեցաւ հանրահաւաք: Նախագահի նստավայրին առջեւ, երթի մասնակիցներուն անունով դիմում-պահանջք վերնագիրով գրութիւն մը փոխանցուեցաւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Կարապետեանին, որպէսզի զայն փոխանցէ երկրի ղեկավարին:
ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ։ Թարգմանչաց տօնը ամէն տարի կը զուգադիպի Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրուան: Ազգային եւ կրօնական իմաստով, բացառիկ արժէք ներկայացնող տօն է: Անոր մէջ խտացած են հայ ժողովուրդին համար ըստ էութեան ամենէն մեծ արժէք եւ կարեւորութիւն ներկայացնող պատմական իրողութիւն մը, կամ՝ գաղափարական շարժումի մը ծնունդ՝ ստեղծագործութիւններ։ Հայ ժողովուրդին համար աւանդ է, երախտախառն յարգանքի տուրք տալ յաւէտ յիշատակութեան արժանի մեծագործներուն եւ անոնց զուգահեռ մշակոյթի ռահվիրաներուն։
 Ընդգծենք, որ Հայ Եկեղեցին իր ամենէն բարձր գնահատանքը արտայայտած է՝ սրբացնելով թարգմանիչները, եւ տօնը վերակոչելով՝ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ։ ՝՝Թարգմանչաց՝՝ը բառացի իմաստով կը նշանակէ տօն թարգմանիչներու, որոնք եղած են տաղանդաւոր գրիչներ եւ որոնք Ե. դարուն սկիզբը հաւաքական աշխատանքով թարգմանած են Աստուածաշունչը եւ կարեւոր այլ գիրքեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.