2009-10-08 16:11:01

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները։


Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները։

Սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները կեդրոնացան հետեւեալ նիւթերու վրայ.

հակաքրիստոնէական բռնութիւններ ու փախստականներու յարգանքը։

Դիմագրաւելով ՜՜հաշտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն՝՝ նիւթերը Սիւնոդոսական Հայրերը խօսեցան քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքին մասին, նաեւ Ափրիկէի բնապահպանութեան հարկաւորութեան եւ փախստականներու հարցին մասին։ Նախապէս Սիւնոդոսական հայրերէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կատարեց Հռոմի քաղաքապետ Ճիաննի Ալեմաննոյին։

Սիւնոդոսական Հայրերէն մէկը, պարզեց ցաւալի վիճակը Գոնկոյի կարգ մը թէմերուն, որոնք բռնարարքներու զոհ են, լռութեան մատնելու Եկեղեցին, որ այդ երկրին մէջ միակ մարմինն է որ օգնութեան կը հասնի ահի ու սարսափի, նաեւ՝ խոնարհեցումի ու շահագործումի մատնուած ժողովուրդին։

Ապա շօշափուեցաւ աղանդներու հարցը։ Սիւնոդոսական Հայրերը ինքնաքննդատութեան ենթարկեցին իրենք զիրենք,հարց տալով ՝ թէ ի՞նչ բանը անբաւարար կը թուի իրենց հուվուական աշխատանքին մէջ։ Նոյնպէս բաղձանք յայտնուեցաւ որ նոր զարկ մը տրուի համամիութենական շարժումին եւ զգացուեցաւ անհրաժեշտութիւնը ՜՜ափրիկեան մշակութային արտայայտութիւններու ըմբռնումին՝՝։

Հուսկ Սիւնոդոսի սրահէն կոչ մը ուղղուեցաւ որպէսզի Ափրիկէի Եկեղեցին աշխատանք տանի բնապահպանումին, դաստիարակութեան միջոցաւ, որպէսզի ցամաքամասը զոհ չդառնայ քարիւղի շահագործումին, ապա անտառացումի ու շտեմարանը թիւնաւորումներու։ Նոյնպէս ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը պատշաճ դաստիարակութիւն տալու թեկնածու քահանաներուն եւ անցնելուլ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութենէն դէպի երկխօսութեան մշակոյթին։

Հուսկ Սիւնոդոսական Հայրերը մատնանշեցին հարկաւորութիւնը քաջալերելու աշխարհականները որ աւետարանական գործ կատարեն եւ կամուրջ հանդիսանան Եկեղեցւոյ ու աշխարհի միջեւ, եւ խնդրելու միջազգային դատարանէն վերահաստատել արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը ճշմարտութեան հիման վրայ։ Նոյնպէս խնդրեցին որ Ս. Աթոռը իր մնայուն ներկայացուցիչը ունենայ Ափրիկեան Միութեան կազմակերպութեան մէջ։ Հուսկ կարգ մը Հայրեր շօշափեցին փախստականներուն հարցը ազատ երկիրներու մէջ, իրականութիւն մը որ կը հայի աւելի քան 10 միլիոն ափրիկեցիի որոնք զոհ են շահագործոումի ու մարդակային իրաւունքի արհամարանքի։

Ռատիովատիկանի կայքը - Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.