2009-10-08 16:30:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Կիւլի՝ Պատմաբաններ Հրաւիրելու Կոչին Կը Պատասխանէ ՀՀ Վարչապետը։



Երեքշաբթի օր «Աժանս Ֆրանսփրէս»ը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրէին, հրապարակաւ հրաւիրած է օտար պատմաբաններ՝ մաս կազմելու համար յառաջիկային «Օսմանեան Կայսրութեան ներքոյ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու ուսումնասիրման աշխատանքին լծուելու կոչուած յանձնաժողովին»:  «Մենք կը յուսանք, որ պատմաբաններ, արխիւագէտներ կ՛ուսումնասիրեն այս հարցը եւ մենք պատրաստ ենք այս յանձնաժողովի եզրակացութիւնները ընդունելու: Երէկ՝ Չորեքշաբթի օր, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, յղում կատարելով Կիւլի յայտարարութենէն՝ յայտնած է, որ այդ հրապարակումով Թուրքիոյ նախագահը կը հաստատէ Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումը յանձնաժողովի մը վստահելու արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած միտումը: Դաշնակցական պատգամաւորին պատասխանելով՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան զարմանք յայտնած է այն բանին շուրջ, որ ընդդիմախօսները միշտ մէջբերումներ կը կատարեն հակառակ կողմի յայտարարութիւններէն:  Քաղաքական դաշտին վրայ, ըստ վարչապետին, ճիշդ կ՛ըլլար հետեւիլ ներքին պաշտօնական յայտարարութիւններուն: «Մանաւանդ, որ շատ դէպքերում Թուրքիայի նախագահի ու վարչապետի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի շատ յայտարարութիւններ, չեն համապատասխանել իրականութեանը: Դրա համար այս քաղաքական բանավէճում ճիշդ է, որ հիմք ընդունուեն այն յայտարարութիւնները, որոնք արւում են այս բարձր ամպիոնից», աւելցուցած է վարչապետը: Անդրադառնալով Կիւլի յայտարարութեան՝ վարչապետ Սարգսեան կրկնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերը, նշելով, որ «Պատմական յանձնաժողովի ուսումնասիրութեան հիմնական առարկան լինելու է Ցեղասպանութեան հետեւանքների վերաբերեալ հարցը»:



Քիշինեւեան Եռակողմ Հանդիպումը Հերթական Քայլ Մը Պիտի Ըլլայ։



Ըստ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Նաթալիա Տիմաքովայի, ՌԴ նախագահ Տմիթրի Մետւետեւ Մոլտովա այցելութեան ընթացքին, Հոկտեմբեր 8ին, եռակողմ հանդիպում մը պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ:

 Ռուսիոյ նախագահի վարչակազմէն այլ աղբիւրի մը համաձայն, «Այդ հանդիպումէն բեկումնային ոչինչ կը սպասուի, անիկա հերթական քայլ մըն է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ»:  Իսկ համաձայն ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտընի, Ուաշինկթըն նախագահներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումէն արդիւնաւէտութիւն կ՛ակնկալէ: «Մենք յոյսով ենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ վերջերս արձանագրուած առաջընթացը շօշափելի արդիւնքներ պիտի բերէ Քիշինեւի հանդիպման ընթացքին», նշած է ան եւ հաստատած, թէ ԱՄՆ վարչակազմը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ այդ նպատակին հասնելու համար:

 «Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն պիտի շարունակէ աջակցութիւնը ղարաբաղեան գործընթացին: Մենք շահագրգռուած ենք տարածաշրջանի անվտանգութեամբ եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումով: Կը կարծեմ, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է, իսկ ԱՄՆ պատրաստ է օժանդակելու անոր», աւելցուցած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը:



Ըստ Էրտողանի՝ «Փրոթոքոլ»ը Հոկտեմբեր 10ին Պիտի Ստորագրուի։

Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, «The Wall Street Journal» օրաթերթին մէջ, Հոկտեմբեր 7ին հրապարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնող արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուին Հոկտեմբեր 10ին, եթէ Հայաստան արձանագրութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ չպահանջէ։ Ան յայտնած է, որ ինք որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ այդ արձանագրութիւններու ստորագրման առջեւ։ «Մենք միշտ մեր խօսքը կը յարգենք։ Այդ հարցով արդէն աշխարհը համոզուած է եւ դեռ անգամ մը եւս կը համոզուի», ըսած է ան։

 «Մեր արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն կը պատրաստուի Հոկտեմբեր 10ին իր հայ գործընկեր Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ստորագրելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու երկու նախաստորագրուած արձանագրութիւնները», յայտարարած է ան։ «Մենք նաեւ կը փափաքինք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ներկայացուցիչները ներկայ գտնուին փաստաթուղթերու ստորագրման։ Եթէ ֆրանսացի ներկայացուցիչը ներկայ չըլլայ, հարկ է, որ այնտեղ ըլլան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները։ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը եւս, իր տեղեկութիւնները թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարէ մը քաղելով՝ Չորեքշաբթի օր կը հաղորդէ, թէ ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զիւրիխի մէջ, Հոկտեմբեր 10ին, միաժամանակ նշելով, թէ սփիւռքահայութեան կտրուկ ընդդիմութիւնը նեղ կացութեան մատնած են Հայաստանի իշխանութիւնները:



Երիտասարդական Հացադուլը Կը Շարունակուի։

ԿԼԷՆՏԷՅԼ(Լոս Անջըլէս).- Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումը կասեցնելու արշաւի ծիրէն ներս, 28 երիտասարդ հայորդիներու չորսօրեայ հացադուլը կը շարունակուի:  Երեքշաբթի երեկոյեան, երիտասարդներուն իրենց զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար, հացադուլի վայր գացած էին երկու հարիւրէ աւելի հայեր: Հացադուլաւոր երիտասարդներուն կողքին, հիւրերը մինչեւ գիշերուան ժամը 11 երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր եւ զրուցեցին օրուան հրատապ թեմաներուն մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.