2009-10-07 14:27:44

Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսը


Եւդոպիայի օրթոտոքս պատրիարքին խօսքը Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսին։

Տառապանքը ինչպէս նաեւ Եւդոպիայի Եկեղեցւոյ յոյսը գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ

Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքներուն ՜՜հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան՝՝ նիւթերու մասին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ողջունելով Եւդոպիայի օրթոտոքս պատրիարքը` Գերերջանիկ Ապունա Պուլոս, ըսաւ. ՜՜ Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ պերճախօս վկայութիւն մըն է Եկեղեցւոյ ներկայութեան Ափրիկէի մէջ։ Եւդոպիայի եկեղեցին հակառակ բոլոր հալածանքներուն կը շարունակէ վկայութիւն տալ Աւետարանին ու հնազանդիլ սիրոյ պատուիրանին հակառակ հալածանքներուն, զոհողութիւններուն ու նահատակներու զոհաբերումին՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Աւետարանի հռչակումը կարելի չէ անջատել Աստուծոյ կամքին համաձայն ընկերութիւն մը կերտելու յանձնառումէն, յանձնառում մը որ կը միտի պաշտպանել մանուկներու անմեղութիւնն ու արժանաւորութիւնը։ Մենք գիտենք թէ Քրիստոսի մէջ հաշտութիւնը կարելի է, արդարութիւնը կարող է յաղթահարել եւ խաղաղութիւնը կրնայ տեւական մնալ՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ Սիւնոդոսական Հայրերը գործեն ափրիկէի բնակչութեան ամբողջական բարգաւաճումին համար, զօրացնելով ընտանիքը` ՜՜վահանը ընկերութեան՝՝ դաստիարակելով երախաները եւ սատարելով համեստ, անբասիր եւ զօրավիգ ընկերութեան մը կերտումին։

Եւդոպիայի օրթոտոքս պատրիարքը` Գերերջանիկ Ապունա Պուլոս իր կատարած միջամտութեան ընթացքին վերակոչեց Ափրիկէի վէրքերը, յատկանշուած շահագործումէն, համաճարակէն ու սովէն։ Միաժամանակ ան մատնանշեց թէ Ափրիկէի բնական հարստութիւնը կը նպաստէ այլ երկիրներու բարգաւաճման։ Ապա Պատրիարքը կոչ ըրաւ մանուկներու պաշտպանութեան եւ խնդրեց քրիստոնեայ պատասխանատուներէն որ միացնեն իրենց ուժերը Ափրիկէի ի նպաստ։

Ռատիովատիկանի կայքը - Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէք Ռատիովատիկանի կայքը։ 

    








All the contents on this site are copyrighted ©.