2009-10-06 13:49:56

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Աստուծոյ մասին խօսիլ


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Աստուծոյ մասին խօսիլ

Տէր Վիաննէ խնամքով կը պատրաստէ իր քարոզները: Հաւատարմօրէն կը հետեւի իր սիրելի Տէր Պալիի խորհուրդին, այսինքն՝ ինքնիրեն չի շարադրեր իր ըսելիքը, այլ զանազան հեղինակներէ կը քաղէ եւ կը պատշաճեցնէ օրուան խորհուրդին եւ լսողներուն:

Ժան Ֆրանսուա Ռենար այսպէս կը վկայէ.

-Աւանդատունը կը քաշուէր գրելու համար կիրակնօրեայ քարոզները եւ բերանացի սորվելու: Ինքը չէր շարադրեր, այլ կը հաւաքէր ’’Ընտանեկան կրթութիւն’’ կոչուած հաւաքածոյէն եւ կը ջանար պատշաճեցնել իր հաւատացեալներու կարիքներուն: Հոն, մինակը բարձրաձայն հրահանգ կ’ընէր, իբր թէ բեմին վրայ ըլլար:

Այս հաւաքածոյէն զատ կը հետեւէր ուրիշ եօթը հեղինակներու գործերուն, որոնք Տէր Պալի իրեն նուիրած էր: Ասոր ապացոյց են 85 քարոզները, որոնք մեզի հասած են:

Արսի ժողովրդապետը լաւատես է: Ինք կը հաւատայ Աստուծոյ գթութեան յաղթանակին՝ չարին եւ մեղքին վրայ: Սակայն չափազանց պահանջկոտ է քրիստոնեաներու բարոյական վարքագիծին: Աւելի կը շեշտէ Աստուծոյ արդարութեան եւ անոր պատուրիաններու հրամայականին, քան անոր սիրոյն վրայ: Կը գովաբանէ առաքինութիւնը, բայց աւելի ուժգնօրէն կը դատապարտէ մեղքը: Կը խոստանայ արքայութիւնը, բայց ուժգին կը սպառնայ դժոխքը:

Օր մը քարոզի ատեն այսպէս կը բացականչէ.

-Քանի՜, քանի հոգիներ դժոխքի մէջ… մեղաւորները հազարներով կ’իյնան անոր մէջ… քանի՜ քրիստոնեաներ դատապարտուած, քանի՜ քրիստոնեաներ կորսուած, կորսուած առ յաւէտ…

Այս խստութիւնը պտուղն է իր դարու մտայնութեան եւ մանաւանդ իր սրբութեան: Ինք զգայուն եւ խանդոտ սիրով կապուած է Աստուծոյ: Երբ միջակ ու պաղ հոգիներ կը տեսնէ` փոխանակ վառ եւ եռանդուն մարդերու, կը խորհի թէ ասոնք անջատուած են Աստուծմմէ, մեղքի մէջ ինկած ու դատապարտութեան մատնուած:

Այդ պատճառաւ կ’ուզէ դարձի բերել զանոնք` խօսելով Աստուծոյ բարութեան ու գութի մասին եւ մանաւանդ անոր սիրոյն վրայ:

-Աստուած մեզ ստեղծեր, աշխարհ բերեր է, որովհետեւ կը սիրէ մեզ: Կ’ուզէ մեզ փրկել, որովհետեւ մեզ կը սիրէ: Աստուած մեր երջանկութիւնը կ’ուզէ: Ո՜վ զաւակներս, որքա՜ն բարի է Աստուած: Թէ որքան սիրած է եւ կը սիրէ մեզ, միայն երկնքի մէջ պիտի հասկնանք:

Տէր Վիաննէ 1825էն անդին չափազանց զբաղած է եւ չի կրնար ամբողջովին գրել իր քարոզները: Միշտ կը կարդայ իմաստալից գիրքեր ու կը խոկայ:

Անկէ ետք քարոզները իր սիրտէն կը բխին եւ Ս. Հոգիին ներշնչումով կարծես աւելի կը մեղմանայ եւ իր գութը կը հաղորդէ հաւատացեալներուն: Երբեք ճարտարախօս քարոզիչ մը չ’ըլլար, բայց կ’ըլլայ Աւետարանի վկայ մը խոնարհ, խանդավառ, համոզուած եւ համոզող:

Գաթերին Լազան կը վկայէ.

-Խօսելով Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն մասին, սիրտը կը սեղմուէր, այլեւս չէր կրնար խօսիլ. այն ատեն կու լար: Եւ կ’ըսէր. – Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի սիրոյն կրակը հաւատացեալներու սրտին մէջ վառելու լաւագոյն միջոցն է, իրենց բացատրել Աւետարանը:

Ու երբ յոգնած ու մաշած է եւ ոմանք կը յորդորեն զինք որ հանգչի, կը պատասխանէ.

-Երբ հարցը Աստուծոյ մասին խօսելուն վրայ է. ես տակաւին բաւական ոյժ ունիմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.