2009-10-06 13:49:41

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները։

Ղանայի կարտինալ Թուքսոնի միջամտութիւնը սիւնոդոսի աշխատանքներուն։

 


Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները։

Ղանայի կարտինալ Թուքսոնի միջամտութիւնը սիւնոդոսի աշխատանքներուն։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներուն կատարած զեկոյցով ըսաւ. ՜՜Աստուծոյ ձրի սէրը Ափրիկէի մէջ կը բանայ սահմանները՝ ցեղերու, լեզուներու եւ կրօներու։ Մինչ Աստուծոյ մերժումը կը քանդէ խաղաղութիւնը ընկերութեան մէջ՝՝։

Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց եպիսկոպոսները, որ դիմագրաւեն սիւնոդոսի աշխատանքը բաց սրտով, ապաւինելով Աստուծոյ Հոգիին, առանց որու, մարդկային ամէն վերլուծում ՜՜իրականութեան՝՝ անբաւարար է։

Ղանայի կարտինալ Թուրքսոնի միջամտութիւնը սիւնոդոսի աշխարտանքներուն։

Իր կատարած միջամտութեան ընթացքին Ղանայի առաջնորդը ըսաւ. ՜՜ մենք հոս համախմբուած ենք ճշմարտութիւնը ըսելու Ափրիկէի մասին։ Քաջալերելով ցամաքամասին բարգաւաճումը մենք սատարած կ'ըլլանք երկրագունդի բարօրութեան։ Մամուլը յաճախ աշխարհի ցաւերը կը վերագրէ Ափրիկէին։ Ափրիկէն համաշխարհային երկրորդ շուկան է Չինաստանէն ետք։ Մեծ կարելիութիւններու ցամաքամասն է։ Խնդիրները բազմաթիւ են, ինչպէս. աղանդները, ցեղային առճակատումները եւ գաղթականութիւնը, որ ստրկութեան կ'ենթարկեն Ափրիկէի զաւակները։ Նոյնպէս` Աւանդական ամուսնութեան տագնապը, թմրեցուիչը, զէնքի վաճառքը, կլիմայի յեղաշրջումը որու հետեւանքով Ափրիկէն ենթակայ է ջրհեղեղի, չորութեան ու սովի՝՝։

Ապա Ղանայի կարտինալը դիմագրաւեց եպիսկոպոսական սիւնոդոսի գլխաւոր երեք թեմերը. ՜՜հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաութիւնը՝՝։ Հարկ է զարգացնել հաշտութիւնը ըլլայ ուղղահայացօրէն, դէպի Աստուած եւ հորիզոնականօրէն դէպի մարդը։ Արդարութիւնը պէտք է հասկնալ քրիստոնէական իմաստով` իրերու արդար կարգը։ Մինչ խաղաղութիւնը պէտք չէ ըլլայ աշխարհիկ իմաստով, այսինքն ընդհարումի պակաս, ներդաշնակութեան ներկայութիւն, անվտանգութիւն եւ հարստութիւն, այլ՝ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ամէնէն առաջ Աստուծոյ պարգեւը։

Ապա կարտինալ Թուրքսոն մաղթեց որ Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ դառնայ ՜՜երկրին աղը՝՝ որ է ըսել՝ պահպանել Ափրիկէն ատելութենէն, մաքրազտէ միտքերը ու աշխատի իր ժողովուրդին ի շահ։ Որովհետեւ ըսաւ Ղանայի կարտինալը ան որ ՜՜երկրի աղն է ու աշխարհի լոյսը՝՝ կը ճանչնայ Աստուծոյ փրկութիւնը, եւ բոլորին կը գործէ ի սպաս ։

Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալ Թուրքսոն ըսաւ թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' վաւերաթուղթը ներշնչարանը պիտի հանդիսանայ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներուն։ Իսկ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին որ ՜՜ Եկեղեցին արդեօ՞ք պիտի ունենայ սեւամորթ Քահանայապետ մը՝՝ ան ժպիտով մը պատասխանեց ինչո՞ւ չէ, օր մը Եկեղեցին սեւամորթ Քահանայապետ մըն ալ կ'ունենայ։



Ափրիկեան Ցամաքամասի Սիւնոդհոսը՝ Վատիկան։ Մինջեւ յառաջիկայ 25 հոկտեմբեր Ափրիկեան Ցամաքամասի 244 Սիւնոդհոսական հայրերը կը հաւաքուին Հռոմի մէջ,Պէնէտիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։ Սիւնդոհսի թէման է ՝՝ Դուք էք աշխարհի լոյսը եւ երկրի աղը՝՝։ 1994ին ՅՊԲ.Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբը տեղի ունեցած էր առաջին Սիւնոդհոսը՝ նուիրուած Սեւ Ցամաքամասին։ Այսօր կ՝ուզենք ծանօթացնել Ափրիկեան Ցամաքամասի երկիրներէն Ալճէրիան,որու պետական կրօնքը մահմէտականութիւնն է ըստ 1976ին որդեգրուած եւ 1996ին վերատեսութեան ենթարկուած Սահմանադրութեան։ Երկրի աւելի քան 33 միլիոն բնակիչներու հարիւրէն 96,7 տոկոսը իսլամ է, հարիւրէն 0,3 տոկոսը քրիստոնեայ,իսկ հարիւրէն 3 տոկոսը այլ կրօնքներու կը պատկանի։ Երկրի քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը օտարներ

են(եւրոպացիներ,լիբանանցիներ,ենթասահարեան Ափրիկէէն ուսանողներ եւ ամերիկացիներ). 90ական թուականներէն սկսեալ կը նշմարուի դարձի շարժում մը՝ մահմէտականութենէ՝քրիստոնէութիւն ,ալճէրիացի իսլամներու կողմէ,որոնցմէ շատեր կը մկրտուին ծագումով ամերիկացի նոր-բողոքական հասարակութիւններու մօտ։ 28 փետրուար 2006ին Ալճէրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ապտէլազիզ Պութէֆլիքա ստորագրած է վճռագիր մը որ կը հաստատէ պայմանները ու կանոնները ոչ-իսլամներու պաշտամունքին,պաշտամունքի արտօնութեան իրաւասութիւնը տրուած է Պաշտամունքի Ազգային Յանձնախումբին՝Կրօնական Գործոց Նախարարութեան մօտ։ Ալճէրիոյ շուրջ 4 հազար կաթողիկէները ունին 5 Եպիսկոպոսներ։

Ռատիովատիկանի կայքը - Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.