2009-10-05 13:25:19

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին սրբութեան խօսքը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։


Նորին սրբութեան խօսքը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած՝ հազարաւոր հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ,ըսաւ.՜՜Այս առաւօտ Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ հանդիսաւոր պատարագով սկիզբ առաւ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը, որուն ընթացքին ափրիկեան զանազան բարբառներով աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի յաջողութեան համար՝՝։ 15 տարի առաջ, 10 ապրիլ 1994ին, Աստուծոյ ծառան Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, բացումը կատարեց Ափրիկէի առաջին յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։ Այսօր հոս կը գտնուինք շարունակելու Եկեղեցւոյ ընթացքը եւ քննարկելու եկեղեցւոյ առջեւ ներկայացող ներկայ մարտահրաւէրները։ Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին նիւթն է. ՜՜Ափրիկէի Եկեղեցին ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան՝՝ ներշնչուած՝ Յիսուսի սա խօսքէն. ՜՜դուք էք աշխարհի լոյսը, դուք էք երկրին աղը՝՝։

Եպիսկոպոսական սիւնոդոսը եկեղեցական զօրեղ փորձառութիւն մըն է, անիկա հովուական պատասխանատուութիւն մըն է յաջս ներկայ մարտահրաւէրներուն։ Քահանայապետը եւ անոր սերտ գործակիցները համախմբուած են՝ սիւնոդոսական Հայրերու հետ, խորացնելու ընտրուած նիւթը։ Նիստերուն ընթացքին սիւնոդոսական Հայրերը իրենց միջամտութիւնները կը կատարեն ու խմբային խորհրդակցութիւններ կը կատարեն քաջատեղեակ ըլլալով թէ՝ Եկեղեցւոյ գլուխը Տէրն է , Ս. Հոգին։

Ան է որ կ'առաջնորդէ իր Եկեղեցին։ Մենք կանչուած ենք իրար զիրար լսելու եւ մասնաւորապէս լսելու թէ Տէրը ի՞նչ կ'ուզէ ըսել մեզի, ասոր համար, եպիսկոպոսական սիւնոդոսը տեղի կ'ունենայ հաւատքի ու աղօթքի մթնոլորտին մէջ, միշտ անսալով Աստուծոյ խօսքին։ Պետրոսի յաջորդին կ'իյնայ կանչել ու առաջնորդել եպիսկոպոսական սիւնոդոսը, լսել Հայրապետներու միջամտութիւնները եւ ապա պատշաճ հովուական ուղղութիւններ տալ։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. սիրելի բարեկամներ, Ափրիկէն ցամաքամաս մըն է որ մարդկային արտակարգ հարստութիւն մը ունի։ Ներկայիս անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ գրեթէ մէկ միլիառ ։ Ափրիկէն բեղուն է մարդկային կեանքով, սակայն դժբախտաբար ան յատկանշուած է աղքատութեամբ ու զանազան տեսակի անարդարութիւններով։ Եկեղեցին կանչուած է յաղթահարելու այդ անարդարութիւնները Աւետարանի զօրութեամբ ու եղբայրօգնութեան դրական զօրակցութեամբ։ Աղօթենք ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի օրհնէ Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը եւ ընդունի այս սիրեցեալ ցամաքամասին համար, ՜՜խաղաղութիւն ու բարգաւաճում՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը խնդրեց Աստուծոյ ժողովուրդէն որ աղօթեն եպիսկոպոսական սիւնոդոսի յաջողութեան համար։



Երկուշաբթի 5 Հոկտեմբեր 2009, առաւօտեան Սրբազան Հայրը եւ սիւնոդոսական հայրերը, միասին երրորդ ժամը աղօթեցին խնդրելով Ս. Հոգւոյն ներկայութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին մեկնաբանեց ''Եկ Ս. Հոգի'' աղօթքին նշանակութիւնը եւ ընդգծեց. ''Եկեղեցին աստուածային հաստատութիւն մըն է։ Ս. Հոգին հիմնադիրն է Եկեղեցւոյ։ Ան զայն կը հովանաւորէ եւ կ'առաջնորդէ։ Յիսուսի Համբարձումէն ետք առաքեալները վերնատուն ժողովեցան սպասելով Ս. Հոգւոյն գալուստեան։ Ան է մեր հովիւը ու գլուխը, ըսաւ Սրբազան Հայրը։





Ակնարկ մը Ափրիկէի ցամաքամասին - Ափրիկեան ցամաքամասը մեծութեամբ երկրորդ մայր ցամաքն է Եւրասիայէն ետք։ Անոր տարածութիւնը 29,2 մլն. մեթր քառակուսի է։ Հասարակածով անիկա կը բաժնուի գրեթէ երկու հաւասար մասերու։ Երկարութիւնը հիւսիսէն հարաւ մօտ 800 Ք.մ. է , լայնութիւնը` հիւսիս 7500 Ք.մ. իսկ հարաւ մօտ 3100 Ք.մ. ։ Ափրիկէի ափերը կը ողողեն Ատլանտեան եւ Հնդկական ովկեանոսները. Միջերկրական եւ Կարմիր ծովերու ջուրերը։ Սուէզի ջրանցքով միացած է Ասիային. եւ Եւրոպայէն անջատուած է Ջիբրալթարի նեղուցով։

Ափրիկէն ամենատաք ցամաքամասն է, միջին ջերմաստիճանը 22-260C է, Լիպիայի ջերմութիւնը հասած է մինչեւ 580C, ամենաբարձր ջերմաստիճանը Երկրի վրայ։

Հոն կը գտնուի աշխարհի ամէնէն մեծ գետը` Նեղոսը, երկարութիւնը 6671 ք.մ։ Լիճերը գերազանցապէս խոր են։

Քրիստոնէութիւնը Ափիրկէ մուտք գործեց առաջին դարուն շատ շուտով տարածուելով, այնպէս որ Հռոմէական կայսրութեան փլուզումէն հետոյ արդէն մեծ թիւով քրիստոնեաներ կային, մանաւանդ մեծ կեդրոնական քաղաքներու մէջ... Քրիստոնէութիւնը յաջորդաբար մուտք գործեց Նուբիա։ Միջին դարուն կը հաստատուին քրիստոնեայ թագաւորութիւններ, որ յետոյ կ'ացնի Եթովպիա եւ հոն կը տարածուի, յաջորդաբար կը գտնուի առանձին նահանգներու մէջ ինչպէս Ղանայի թագաւորութեան եւ ամբողջ Նուբիայի թագաւորութիւններու մէջ։

Իսլամութիւնը Է. դարուն կը սկսի. եւ կը տկարանայ քրիստոնէութեան տարածումը, այնպէս որ մի քանի դար յետոյ այս վերջին նահանգը կը կորսուի, մնալով Եւթովպիան եւ քոբթ հասարակութիւնը Եգիպտոսի մէջ։ Շատ մը քրիստոնեաներ եւ հրեաներ կը փոխեն իրենց կրօնքը ընդրգելով մահմետականութիւնը, տնտեսական պատճառներով կամ եկեղեցիներ չունենալու եւ հասարակութիւնէն հեռու ըլլալու հետեւանքով։ Նոր թափ մը կ'առնէ քրիստոնէութիւնը եւրոպացիներու առաջին արշաւանքով Ափրիկէ, եւ մանաւանդ երբ Սրբազան Քահանայապետը իշխանութիւն կու տայ սպանացի թագաւորներուն Ափրիկեան տերութիւններուն վրայ , եւ շնորհիւ գերիշխան Բորտուկալիոյ հրաշալի արդիւնք կը ստանայ ՜՜Քոնկօ՝՝ն այնտեղ կը ստեղծուի եկեղեցական նուիրապետութիւն մը որ կեանք կու տայ քրիստոնէական կեանքին։ Յիշեալ նահանգներուն մէջ քրիստոնէութիւնը լայնօրէն կը տարածուի մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը, ապա գերմանացի առաքեալ միսիոնարներ կը լքեն գաղթավայրը, բայց նահանգը այնքան հիմնաւորուած էր որ արդէն 1950-ին, ունէին ինքնավար Եկեղեցիներ գրեթէ ափրիկեցի եկեղեցական նուիրապետութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.