2009-10-05 13:21:08

Լուրեր հայրենի կեանքէն։


Լուրեր հայրենի կեանքէն։

Լուրեր հայրենի կեանքէն։
Գիւմրի - Գիւմրիի Շիրակի մրցունակութեան կեդրոն հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, արդէն 6-րդ տարին է, որ կը կազմակերպուի Ակրօ-Շիրակ Էքսփօ ամէնամեայ ցուցահանդէս-վաճառքը, որուն մասնակցած են՝ ձեռնարկութիւններ եւ անհատ արտադրողներ, ծառայութիւն մատուցողներ։
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ցուցահանդէսին մասնակցած են Ջրափի, Մեղրաշատ, Ախուրեան եւ Պեմզաշէն համայնքներու մէջ ստեղծուած գիւղատնտեսական միութիւնները։
Շիրակի մրցունակութեան կեդրոնի գործադիր տնօրէն Գայիանէ Աւագեան Գիւմրիի մէջ կազմակերպուած ամէնամեայ ցուցահանդէսները արդիւնաւէտ կը նկատէ եւ կը յայտնէ, որ՝ մենք ունինք մնայուն մասնակիցներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք պարբերաբար կը միանան այս ցուցահանդէսին։ Այս տարուան մասնակից կազմակերպութիւններուն թիւը 35 է, մինչ անցեալ տարի 20-25 էր։ Գ Աւագեան տեղեկացուցած է, որ այսպիսի ցուցահանդէս-վաճառքները կը միտին ներքին շուկայի զարգացման։ Այս ցուցահանդէս-վաճառքը կը կազմակերպուի Շիրակի մարզի գործարարներու համար, սակայն այս տարի Վանաձորէն եւ Երեւանէն մասնակիցներ եւս կան։

Երեւան – վերջերս հայ մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի հայրենի Դսեղ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է Թումանեանական հեքիաթի օր տիկնիկային թատրոններու չորրորդ միջազգային փառատօնը, որուն մասնակցած են՝ Հայաստանէն, Լաթվիայէն, Հունգարիայէն, Սլովենիայէն, Վրաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն տիկնիկային թատերախումբեր, ինչպէս նաեւ թատերախումբերուն մաս կազմած է Ջաւախքի Դերենիկ Դեմիրճեանի անուան Պույ-պույ թատրոնը։ Բացման հանդիսութեան Վիվասել-Էմ Թի Էսի գործադիր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան յայտնած է, որ Հայաստանի մանուկներուն հանդէպ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները անփոփոխ են, եւ իւրաքանչիւր ժպիտ անոնց դէմքին՝ անգին է։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տիկնիկային թատրոններու միջազգային փառատօնը կօգնէ մեզի օժանդակելու՝ Հայաստանի մշակութային աւանդութիւններու պահպանման եւ երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան։ Բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է բացօթեայ տօնակատարութիւն, որմէ ետք ցուցադրուած են առաջին ներկայացումները։ Փառատօնի հիմնական ծրագրին մէջ ընդգրկուած ներկայացումները կայացած են Դսեղի մշակոյթի տան եւ գիւղապետարանի դահլիճներուն մէջ եւ եզրափակուած են մրցանակաբաշխութեամբ։ Նշենք, որ փառատօնի շրջանակներու ծիրին մէջ տեղի ունեցած են՝ տիկնիկային արուեստի վարպետութեան դասեր, ցուցահանդէսներ եւ ժապաւէններու ցուցադրութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.