2009-10-05 13:04:42

Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ Ս ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՝ ՍՓԻՒՌՔ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԿՈՂՄԷ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՝ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՎ ՈՂՋՈՒՆԵԼ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ։ 3 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 4։00-ին (Միացեալ Նահանգներու ժամով), Նիւ Եորք Փլազա պանդոկին դիմաց, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, մեծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուած էին զանազան գրութիւններ կրող պաստառներ բարձրացուցած։ Հայորդիները համախմբուած էին իրենց մերժումը արտայայտելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն՝ այն վայրին դիմաց, ուր նախագահ Սերժ Սարգսեան սփիւռքի զանազան գաղթօճախներ տուած իր այցելութիւններու ծիրին մէջ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում պիտի ունենար գաղութի կուսակցական, մշակութային, հոգեւոր եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ ղեկավարներուն հետ։ Պանդոկին շրջակայքն ու ներսի բաժինը դրուած էին ամերիկացի ապահովական ուժերու, ինչպէս նաեւ նախագահ Սարգսեանի թիկնապահներու խիստ հսկողութեան տակ։ Հայ Հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպումի իր բացման խօսքի մէջ Նախագահը անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ու նախաստորագրուած արձանագրություններու վերաբերեալ հնչող հիմնական մտահոգութիւններուն եւ մէկ անգամ եւս ընդգծել, որ Հայաստան առաջ կ՝երթայ Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու՝ առանց որեւէ նախապայմանի: «Ես կարծում եմ, որ տվյալ ժամանակի համար մենք կարողացել ենք ստանալ առավելագույնը»,(նշած է նախագահ Սարգսեան) անդրադառնալով այն մտահոգութեանը, թէ հնարավոր էր հայ-թրքական բանակցութիւններու արդիւնքով հանգիլ առաւել հայանպաստ փաստաթուղթերու: Սերժ Սարգսեանը վստահութիւն յայտնած , որ Հայաստանի ու Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ նաեւ տարածաշրջանի ընդհանուր լարուածութեան մեղմացման եւ փոխվստահութեան մթնոլորտի աճեցման: Ամփոփելով իր խօսքը ` Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Ամենակարեւորն այն է, որ մենք որոշումների կայացման այս պատասխանատու փուլում ուժ գտնենք մեկս մյուսին հասկանալու: Ես հավատում եմ Հայաստանի լավ ապագային: Հավատում եմ, որովհետեւ տեսնում եմ ճիշտ ճանապարհը»(նշած է երկրի ղեկավարը) եւ սփյուռքահայերուն կոչ ուղղած սատար կանգնել՝ հաստատուն քայլերով առաջ տանելու Մայր Հայրենիքը:
Նոյնպէս Հազարավոր ամերիկահայեր Քալիֆոռնիայի մէջ հոկտեմբերի 4-ին հավաքուած էին «Beverly Hilton Hotel»-ի մօտ, բողոքելու /a> դէմ, երբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսյանը հանդիպում ունեցաւ ամերիկահայերու հետ ներկայացնելով՝ հայ-թրքական արձանագրութիւնները։ Իսկ փակ դռներու ետին, Հոկտեմբեր 2ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջին հանդիպումը Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ:Ամբողջ Եւրոպայէն հաւաքուած շուրջ իննսուն հոգի մասնակցեցաւ այդ հանդիպման, որ տեւեց աւելի քան երեքուկէս ժամ:
 Հանդիպումը որդեգրած է հետեւեալ ձեւաչափը: Բացման խօսքով հանդէս եկած է նախագահը, որ բաւական երկար ճառով մը անդրադարձած է իր նախաձեռնութեան, ապա մասնակիցներուն առիթ տուած է երեքական վայրկեաննոց ելոյթներ ունենալու կամ հարցեր տալու: Փակման խօսքով հանդէս եկած են Լեռնային Ղարաբաղիհանրապետութեան նախկին նախագահ Արկարդի Ղուկասեանն ու ինքը՝ նախագահ Սարգսեանը:Հանդիպման մասնակից Հիլտա Չոպոյեանը կը յայտնէ, որ խօսք առնողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը արտայայտած է իր ընդդիմութիւնը արձանագրութիւններուն: Նախագահի ելոյթին մէջ ամէնէն նշանակալի մասը կը վերաբերէր պատմական հարթութեան ենթայանձնաժողովի կազմին, որ, ըստ նախագահի հաստատումին, ոեւէ պատմաբան պիտի չ՛ընդգրկէ իր մէջը: Այն հարցումին, թէ՝ թուրքերը համաձայն կրնա՞ն ըլլալ նման կազմի մը, նախագահը պատասխանած է թէ ՝՝հակառակ պարագային, ընդհանրապէս յանձնախումբ չի կազմուիր՝՝: Յանձնախումբն ու ենթայանձնախումբերը(ըստ Սարգսեանի) պիտի զբաղին Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման խնդիրներով: Նախագահին ոճը ընդհանրապէս եղած է խրատական՝ յորդորելով ներկաները, որ հաւատան իր քաղաքականութեան եւ վստահին, թէ հայ ժողովուրդին շահերը վտանգի չեն ենթարկուիր: Նոյն խրատը տրուած է նաեւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի կողմէ: Սակայն, ընդդիմախօսներուն համար նախագահին բացատրութիւնները համոզիչ չեն եղած:Նախագահը նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է նոյն օրը Կոմիտասի պուրակին մօտ տեղի ունեցած ցոյցէն: Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին միայն քանի մը հարցումներ ուղղելու առիթ տրուած է լրագրողներուն:
ԸՍՏ ֆՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՆԱԽԱՐԱՐ ՓԻԷՐ ԼԸԼՈՒՇԻ ՖՐԱՆՍԱ Կ՜ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ։ ֆրանսայի եւրոպական հարցերով նախարար Փիէր Լըլուշ յայտարարած է որ իր երկիրը բաւարարուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեան կարգաւորմամբ նշելով երկար ատենէ ի վեր ան աշխատած է այդ ուղղութեամբ։ Ըստ Լըլուշի,ինք անձամբ բազմիցս դիմած է Թուրքիոյ կառավարութեան՝խնդրելով բանալ Հայաստանի հետ սահմանը։ ֆրանսացի նախարարը նաեւ յայտարարած թէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը շատ կարեւոր է Եւրոպայի,ֆրանսայի,Հայաստանի նաեւ ամբողջ շրջանի զարգացման։ Մենք կ՝ողջունենք կողմերուն բոլոր ջանքերը որոնք կը միտին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման (ըսած է ան)։







All the contents on this site are copyrighted ©.