2009-10-04 14:11:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագով սկիզբ տուաւ Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին, որուն աշխատանքները պիտի երկարին հոկտեմբեր 4-25, ունենալով որպէս բնաբան. ''Դուք էք աշխարհի լոյսը, դուքէք երկրի աղը''։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագով սկիզբ տուաւ Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին, որուն աշխատանքները պիտի երկարին հոկտեմբեր 4-25, ունենալով որպէս բնաբան. ''Դուք էք աշխարհի լոյսը, դուքէք երկրի աղը''։

Սրբազան Քահանայապետի հանդիսաւոր պատարագով սկիզբ առաւ Ափրիկէի Բ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը, որուն կը մասնակցին 244 հայրապետներ, 29 մասնագէտներ, 49 ուկնդիրներ ու 3 յատուկ նուիրակներ։

Սիւնոդոսը տեղի կ'ունենայ Վատիկան հոկտեմբեր 4-25 ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթեր. հաշտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։ Եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներուն կը մասնակցին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդը արհիապատիւ Օգոստինոս եպիսկոպոս Քուսան կը մասնակցի Ափրիկէի Բ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։



Նորին Սրբութիւնը կիրակի առաւօտ իր մատուցած պատարագին ընթացքին հետեւեալ քարոզը արտասանեց.

Պատուարժան եղբայրներ եպիսկոպոսութեան ու քահանայութեան մէջ, յարգելի տիարք ու տիկնայք եւ սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

''Խաղաղութիւն ամենեցուն''

խաղաղութիւն ձեզի բոլորիդ, ծիսական այս ողջոյնով, խօսքս կ'ուղղեմ ձեզի, դուք որ համախմբուած էք ս. Պետրոս տաճարը, ուր 15 տարի առաջ, 10 ապրիլ 1994ին, Աստուծոյ ծառան Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը բացումը կատարեց Ափրիկէի առաջին յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։ Այսօր հոս կը գտնուինք շարունակելու Եկեղեցւոյ ընթացքը։

Նորին Սրբութիւնը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յատուկէն ողջունեց Եւթոպիայի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարքին ներկայութիւնը ս. Պետրոս տաճարը գերերջանիկ Ապունա Պուլոս։

Այսօրաուն ս. Գրային ընթերցումները կը նկարաքրեն Աստուած որպէս Արարիչ եւ Տէր։ Ափրիկէն այդ ուղղութեամբ աւանդապահն է անգնահատելի գանձի մը։ Ան խոր գիտակցութիւն ունի Աստուծոյ, ասիկա նշմարեցի, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ափրիկէի եպիսկոպոսներու հետ ունեցած հանդիպումներուս ընթացքին եւ աւելին` այդ իրողութիւնը շոշափեցի Գամերուն եւ Անկոլա կատարած առաքելական ճամբորդութեանս ընթացքին, որմէ կը պահեմ հաճելի եւ յուզիչ յիշատակ։

Այդ ճամբորդութեան ընթացքին Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն յանձնեցի Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի թղթածրարը։

Վերջին տարիներուն Ափրիկէի կաթողիկէ Եկեղեցին մեծ ուժականթութիւն ցոյց տուաւ եւ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը բարեպատեհ առիթ մըն է գոհութիւն մատուցանելու Աստուծոյ։ Մեր այս նիստով կ'ուզենք վերամտածել եկեղեցւոյ հովուական գործունէութիւնը ու վերաշխուժացնել մեր աւետարանութեան առաքելութիւնը։ Մենք կանչուած ենք ըլլալու աշխարհի լոյսը ու երկրի աղը։ Այդ իրականացնելու համար հարկաւոր ենք դիմել սրբութեան։ Եկեղեցւոյ հովիւները, աշխարհական հաւատացեալները կանչուած են ծաւալել սրբութեան բոյրը ընտանիքի մէջ, աշխատանքի վայրը, դպրոցի մէջ եւ ընկերային ու քաղաքական բոլոր վայրերու մէջ։ Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, որ Ափրիկէի Եկեղեցին ըլլայ ընտանիք մը քրիստոսի հարազատ աշակերտներով, ուր ցեղերու զանազանութիւնը ըլլայ պատճառ ու խթան փոխադարձ մարդկային ու հոգեւոր հարստացումի։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակեց խօսքը ուղղելով սիւնոդոսական Հայրերու մաղթելով որ անոնց բերելիք նպաստը առիթ ըլլայ եղբայրական հաղորդութեան վերանորոգ փորձառութեան համայն եկեղեցւոյ ի շահ։

Պատարագին աւարին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը խնդրելով բոլոր ներկաներէն աղօթելու եպիսկոպոսական սունոդոսի յաջողութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.