2009-10-03 14:33:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ 3 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտուն ողջունեց Գասթէլ Կանտոլֆոյի քահանայապետական պալատի անձնակազմը եւ անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին հանդէպ ցուցաբերած իրենց նուիրումին համար։ Նորին Սրբութիւնը, վերջնականապէս Հռոմ վերադարձաւ։

Յայտնենք թէ Սրբազան Հայրը Յուլիս 29էն ի վեր հաստատուած էր Գասդլել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամառնային պալատը։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կոչը ի նպաստ Ինտոնեզիայի աղէտեալներուն։

Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ինտոնեզիայի առաքելական դեսպանին, որով կը դրսեւորէ Սրբազան Քահանայապետին խոր ցաւը իր լուր երկրաշարժի զոհերուն։ Երկրաշարժը որ տեղի ունեցաւ անցեալ չորեքշաբթի օրը Սումադրա կղզիին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը( կը կարդանք ցաւակցական գիրին մէջ) կ'աղօթէ զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը մեռեալներուն համար եւ սփոփանք ու քաջալերանք վերապրողներուն համար։ Սրբազան հայրը, նոյնպէս, զօրակցութեան կոչ կ'ուղղէ եւ կ'օրհնէ կամաւորները։ Նշենք թէ երկրաշարժի հետեւանքով մեռեալներու թիւը հասաւ 1.100ի, վիրաւորները աւելի քան 2.000 եւ տասնեակ հազարաւորներ անօճախ մնացած են։



Սրբազան Քահանայապետին խօսքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանին։

՜՜ԱՄՆը եւ Ս. Աթոռը միասին աշխարհի խաղաղութեան ու բարգաւաճումին ի խնդիր՝՝։ Նորին Սրբութիւնը կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը՝ չբաժնելու կեանքի պաշտպանութիւնը ընկերային յառաջացումէն։

Ուրբաթ օրը, քահանայապետական ամառանոցին մէջ ընդունելով՝ ԱՄՆի նոր դեսպանի հաւատարմագրերը, Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս խօսեցաւ ազատութեան ու ճշմարտութեան մասին, երկու բառեր որոնք հիմը կը կազմեն առողջ հանրավարութեան եւ միաժամանակ մատնանշեց տեղական եկեղեցւոյ տուած սատարը ամերիկեան ընկերութեան, մասնաւորապէս մարդկային արժանաւորութեան պաշտպանութեան մարզին մէջ։

Իսկ ընդունելով Փիլիպեան կղզիներու նոր դեսպանի հաւատարմագրերը Սրբազան Հայրը ընդգծեց հարկաւորութիւնը երկխօսութեան ու խաղաղութեան հաստատումին եւ պայքարելու անոնց դէմ որոնք յանուն Աստուծոյ բռնութիւններ կը կատարեն։ Նշենք թէ Փիլիպեաններու նոր դեսպանը տիկին Մերչետես Արասդիան եղած է միշտ կեանքի եւ ընտանիքի գործօն պաշտպանը ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդին, որուն լիանիստ ժողովը ներկայիս Փարիզ կը գումարուի։ ՜՜Աշխարհականութիւն՝՝ չի նշանակեր ՜՜Եկեղեցւոյ կղզիացում՝՝։

Իր ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան հայրը կը խնդրէ որ արդար բաժանում ստեղծուի պետութեան ու Եկեղեցւոյ միջեւ։ Եկեղեցին կարելի չէ հեռացնել ընկերային ու մշակութային կեանքէն։ Արդարեւ Եւորպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի լիանիստ ժողովը ունի որպէս խորհրդածութեան նիւթ ''Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ կապերը''։ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կը յիշեցնէ թէ Եկեղեցին հաւատարիմ է ճշմարտութեան իր առաքելութեան ի նպաստ մարդկայնական ընկերութեան, մարդուն արժանաւորութեան ու կոչումին։ Հետեւաբար Եկեղեցին կ'աշխատի որ մարդոց ու ժողովուրդներու ներգործութիւնները ներշնչուին սէրէն ու եղբայրօգնութենէն։  



























 








All the contents on this site are copyrighted ©.