2009-10-03 11:48:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՓԱՐԻԶ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ՝ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲՈՂՈՔՈՂ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ։
Ֆրանսական ոստիկանութիւնը աւելի քան մէկ ժամ ճիգ թափեց ճամբայ բանալու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի կարենայ այցելել Հայոց
Ցեղասպանութեան զոհերու Փարիզի Յուշակոթողը։
Ֆրանսայի ոստիկանները աւելի քան մէկ ժամ տեւած բախումներէ ետք յաջողեցան քաշքռտելով ճամբէն հեռացնել հարիւրաւոր ֆրանսահայ ցուցարարներ։Ինչպէս ծանօթ է Նախագահ Սարգսեան իր թրքական քաղաքականութիւնը ներկայացնելու նպատակով այցելութիւններ կու տայ հայահոծ Գաղութներ։ Անոր Փարիզի այցելութեան յայտագիրին մէջ նախատեսուած էր, որ երէկ յետմիջօրէին ծաղկեպսակ մը զետեղէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու համար Փարիզի քաղաքապետութեան 2003-ին կառուցած յուշարձանին՝ Կոմիտասի արձանին առջեւ։
Հարիւրաւոր ֆրանսահայեր, յարաբերութիւններու բնականոնացման համար Թուրքիոյ դրած նախապայմաններուն ընդառաջելու Սարգսեանի ընթացքին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարեցին յուշարձան տանող ճամբուն վրայ։ Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ չորս լեզուներով, ներառեալ՝ թրքերէնով, գրուած էր ՝՝մոռնալը դաւաճանել է՝՝։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՍԿՍԱՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԼՍԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Փարիզէն սկսաւ Սփիւռքի տարբեր Գաղթօճախներ տալիք իր այցելութիւններու շրջագիծը։ Նախագահը Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ ժամանած կուսակցական, ազգային, միութենական մարմիններու 90 ներկայացուցիչներու հետ։ Այս մասին ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի համանախագահ Մուրատ Փափազեան որ մասնակցած ու խօսք առած էր հանդիպումին նշեց որ տարբեր անձերու կողքին խօսք առած են Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Հիլտա Չոպոյեան, Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան, Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը։ Անոնք նախագահէն պահանջած են Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններէն վերցնել թրքական քողարկուած նախապայմանները։ Նախագահը ժողովականներուն ըսած է, որ պէտք է վստահիլ Հայաստանի պետութեան, որ չի զիջիր հայկական իրաւունքներէն։ Միւս կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Փարիզ այցելութեան նախօրեակին, ֆրանսահայ Գաղութի ամէնէն ջերմ ու հայատրոփ քաղաքի՝ Մարսէյի հայութիւնը իր կտրուկ ՝՝Ո՛Չ՝՝ը ըսաւ Հայաստան-Թուրքիա փրոթոգոլի ստորագրութեան, կոչ ուղղելով նախագահին՝ հրաժարելու զայն ստորագրելէ, որովհետեւ անիկա պարտուողական է հայկական կողմին, իսկ ձեռնտու՝ թրքական կողմին համար։ Մարսէյի հայութիւնը այսպէս երէկ իր ձայնը կը միացնէր Պէյրութի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Թորոնթոյի ու այլ հայատրոփ գաղութներու հայրենակիցներու ՝՝Ո՛Չ՝՝ին։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԵՔ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ։

Լիբանանի հայոց երեք հոգեւոր առաջնորդները՝ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Յովհաննէս Թէյրուզեան եւ վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, ուրբաթ, 2 հոկտեմբերի առաւօտուն ժամը 10։00-ին միասնաբար այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեանի հետ։ Հոգեւոր Առաջնորդները լիբանանահայ երեք համայնքներուն անունով յուշագիր մը յանձնեցին հաւատարմատարին՝ ներկայացուելու համար Հայաստանի վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Յուշագիրի մէջ կը կարդանք ի մէջ այցլոց սա տողերը ….
՝՝Լիբանանի հայոց երեք յարանուանութեանց անունով Ձեզի կը գրենք Սփիւռքէն, Լիբանանէն՝ հայրենաշխարհէն դուրս պարտադրաբար սփռուած եւ ինքնութեան ամէնօրեայ պայքարը ապրող հայութեան բազկերակէն։ Լիբանանի հայութիւնը ամէն օր կապրի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յուշովը եւ յիշատակին յաճախանքը եւ անոնց անպատիժ ոճիրին վէրքը տակաւին արիւնող է։ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումով հայկական պետականութեան հաստատումը հոգեկան կորովի եւ ազգային հպարտութեան հէնք դարձաւ օտարութեան մէջ ինքզինք հարազատ պահել ձգտող սփիւռքահայուն, ինչպէս նաեւ ազգովին պետականօրէն գոյատեւելու ներշնչարան եղաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն բարգաւաճման եւ զարգացման համար սփիւռքահայութիւնը անցնող քսան տարիներուն իր կազմակերպչական բոլոր կարողականութեամբ, բանիւ եւ գործով բերաւ իր սրտաբուխ մասնակցութիւնը։ Սիրելի՛ պրն նախագահ,կը ցանկանք տեսնել, որ Ձեր ընտրանքներուն արդիւնքները նահատակ՝ բայց յարուցեալ, պահանջատէր ու միասնակամ ժողովուրդի իրականութիւնը կամրապնդեն, եւ արդարութեան ձայնը պերճախօսութեամբ կը սփռեն։ Այս պահը իսկական ճգնաժամ է մեր ժողովուրդին համար։ Ուստի այս գիրը Ձեզի կը յղենք՝ յուսալով, որ ճգնաժամին ելքը կը տնօրինէք իմաստութեամբ՝՝։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՂԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵԼՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ Կ՝ՈՒՂԱՐԿԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ։
Սի.Էն.Էն.Թիւրք(թրքական հեռուստակայանը) կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Նախիջեւանի մէջ Թրքալեզու երկիրներու ղեկավարներու գերաստիճանին մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան կրնայ Թուրքիա գալ՝ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի մրցումը դիտելու համար, քանի արդէն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղարկած է ֆութպոլի մրցումին ներկայ գտնուելու պաշտօնական հրաւէր։







All the contents on this site are copyrighted ©.