2009-10-02 14:20:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ 2 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց՝ փիլիպեան կղզեախումբի, Հոլլանտայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններուն հաւատարմագրերը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ճիովաննի Լայոլան` նախագահը ու կառավարիչը Վատիկանի պետութեան։

Հուսկ գերապայծառ Անթոնինի` առաքելական դեսպանը Սերպիոյ մօտ եւ Տիար Ռաուլ Քուրի` Գուպայի դեսպանը, ողջերթի այցելութիւն։

Իսկ յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը ընդունեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը ՜՜Կիպրոս՝՝ յառաջաիկայ յունիս ամսոյն մէջ։

Նիքոզիայի կառավարութիւնը մամուլին յայտնած է թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդառաջելով Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահի ու կաթողիկէ տեղական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հրաւէրին, ընդունած է այցելել Կիպրոսի կղզին 2010ի յունիս ամսուան մէջ։

Ասիկա առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը ոտք կը դնէ Կիպրոս ։

2010ին Նորին սրբութիւնը 3 միջզգային ճամբորդութիւններ պիտի կատարէ. նախ ապրիլին՝ Մալթա, մայիսին՝ Փորթուկալ եւ յունիսին՝ Կիպրոս եւ հաւանաբար չորրորդը՝ ըլլայ Անգլիան սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։



Հոկտեմբեր մէկին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց փաքիստանի նախագահ Զարտարին, այս առթիւ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթ եղաւ բնականաբար Փաքիստանի քրիստոնեաներու ցաւալի կացութիւնը եւ հարկաւորութիւնը յաղթահարելու համար երկրին կրօնական խտրականութեան իրավիճակը։ Փաքիստանի նախագահը՝ Զարտարի տեսակցութիւն ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի հետ եւ արտգործնախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Նշենք թէ 176 միլիոն հաշուող Փաքիստանի բնակչութեան 95 տոկոսը մահմետական են։



Ներկայիս ֆրանսայի մէջ տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի ժողովը։

Փարիզի առաջնորդ` կարտինալ Վան Թրուայի նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 1-4 տեղի կ՝ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի լիանիստ ժողովը, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ. ''Եկեղեցի Պետութիւն Պերլինի պատի փլուզումէն քսան տարի ետք''








All the contents on this site are copyrighted ©.