2009-10-02 13:10:07

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայազգի Արա Կիւլէր ստացաւ Վերմէյ մետալը։

Փարիզի Քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ, Սեպտեմբերի կիսուն կայացած շքեղ հանդիսութեան ընթացքին Դարուն լուսանկարիչ՝ Արա Կիւլէր Վերմէյ մետալը ստացաւ, ձեռամբ Ֆրանսայի մշակոյթի փոխ քաղաքապետ Քրիստոֆ Ժիրարի , կը կարդանք Պոլսոյ Ժամանակ օրաթերթին մէջ։

Փարիզի մէջ արդէն բացուած է Դարուն Լուսանկարիչը կոչման արժանացած աշխարհահռչակ մեծ վարպետ Արա Կիւլէրի գործերուն ցուցահանդէսը։ Շատ յաջող մեկնարկէն վերջ, Եւրոպական Լուսանկարչութեան Տան խանդավառ մթնոլորտի մէջ սկսծած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը, որ կը վերաբերի 1950-60-ական թուականներու կորուսեալ Պոլիսին։

Եւրոպական Լուսանկարչական Տունը առաջին իսկ օրէն դարձած է լուսանկարչասէր հասարակութեան ժամադրավայրը եւ բոլոր այցելուները Արա Կիւլէրի գերազանց գործերուն կը ծանօթանան զմայլանքով։ Արա Կիւլէրի գործերուն հետաքրքրութիւն ցոյց կուտան նաեւ նախկին պոլսահայերը։

Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած Թուրքիոյ եղանակի շրջագծին մաս կը կազմէ Արա Կիւլէրի այս ցուցահանդէսը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբեր 11։



Միջազգային Կարմիր Խաչի այցելութիւնը Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներուն։

Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչներ այցելած են Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած 6 հայ զինուորներու։ 1նեզ ազ կայքէջին համաձայն, կազմակերպութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Օհան Յարութիւնեանի (18 տարեկան) եւ Գէորգ Թովմասեանի (18 տարեկան) հետ, որոնք 31 մայիսին ձերբակալուած էին ազերիներու կողմէ։

Անոնք նաեւ այցելած են հայ բանտարկեալներ՝ Կարէն Յարութիւնեանի, Հրանդ Մարկոսեանի, Ալիք Թեւոսեանի եւ Արթուր Սարգսեանի։

Միջազգային կազմակերպութիւնը ոչինչ յայտարարեց արգելափակեալներուն մասին։





՜՜ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆ՝՝ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍին ԲԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի 16 Սեպտեմբեր 2009ին իսլամական Արուեստի Թանգարանի մէջ բացումը կատարուած է ՜՜Միութեան մէջ Բազմազանութիւն՝՝ ցուցահանդէսին, որ կը բաղկանար 90 ինքնատիպ ձեռագրէ եւ հնատիպ գիրքերէ, որոնք զանազան թանգարաններէ հաւաքուած էին։

Այս առթիւ Կեսարիոյ եւ Քասթամոնուի թանգարաններէն եւս բերուած էին մէյմէկ հայերէն ձեռագիր. Շարակնոց մը եւ Յայսմաւուրք մը։

Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Պատրիարքարանի Դիւանադպիր Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Բացման հանդիսութեան պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ, որ սրտի խօսքով հանդէս գալով շնորհաւորեց բոլոր աշխատողները, երախտաւորներն ու մասնակիցները։ Ան, իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ ՜՜բոլորս մէկ ենք, ինչպէս խոշոր ծառի մը զանազան ճիւղերուն վրայի զանազան տերեւները։ Սակայն բոլորս ալ նոյն բունէն ենք եւ նոյն մէկ մարմնին մաս կը կազմենք, նոյն հողէն աւիշ կը ստանանք¦։

Ապա թանգարանի դարաւանքին վրայ սարքուեցաւ ընդունելութիւն եւ աւարտին իֆթարի ընթրիք, որու ընթացքին ներկաներ լսեցին Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Ստանպուլի Թուրք Երաժշտութեան Միութեան համերգը, որ կը բաղկանար թուրք դասական երաժշտութեան նմոյշներէ։ Համերգի երգացանկը ընտրուած էր Ըթրիէ, Եգիպտացի Իպրահիմէ, Եորկօ Պաճանոսէ, Նիքոլաքիէն, Սեպուհէ եւ Պիմէն Շէնէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.