2009-10-02 15:10:01

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 140 եւ վախճանման 74-ամեակը



Հայ երաժշտութեան անզուգական գիւտարար, հայ երգի մեծահանճար վարպետ ու հայ արուեստի անկրկնելի մեկնաբան Կոմիտաս վրդ Սողոմոնեան ծնած էր քէօթահիա 1869-ին եւ վախճանած Փարիզի մէջ 1935-ին։

Հայ գաղութներու մէջ, զանազան ձեռնարկներ կատարուեցան, նշելու’ Կոմիտասի յոբելեանը միշտ վերյիշելով անոր ունեցած մեծ ներդրումը հայ երաժշտութեան, նաեւ խօսելով անոր կեանքին ու վաստակին մասին։

Մեծ է Կոմիտասի վաստակը յօրինողական կամ բանասիրական,ան հայ երա-ժըշտագիտական պատմութեան մէջ նոր օրերու Մեսրոպի մը լուսապսակով անմահութեան կը սահմանէ հայ երգարուեստը։

Մեզմէ քանին այսօր փորձած է պեղել հայ եկեղեցական թէ աշխարհիկ երգի խոպան դաշտերը ու քանիներ այսօր կրցած են ստեղծագործ կեանքի ճամբով մեզ տանիլ դէպի Աղբիւրը լոյսին, Կոմիտասի լոյս հաւատքին, Կոմիտասի լոյս արուեստին ։

Մենք հայերս պէտք չէ մոռնանք, որ անցեալ դարը, յատկապէս առաջին տասնամեակները մեր պատմութեան տուին մեծեր ՜՜ Հսկաներ՝՝։

Տուին հերոսներ, գրագէտներ, յեղափոխականներ, եկեղեցականներ, արուեստ ու գիտութեան մեծահանճար դէմքեր, որոնք անկիւնադարձ բացին հաւաքական մեր կեանքէն ներս ու իրենց խոր կնիքը դրին իրենց հետ բերած գիւտին, ոճին, արուեստին, արութեան արարքներուն ու հերոսական մարտնչումներուն վրայ։ Եւ ի՜նչ երախտագիտութիւն Արարչին, որ յայտնուած այդ հսկաներու կողքին ունեցանք երաժշտական մարզի հսկաներու հսկան՝ Կոմիտասը, որ վարդապետական իր երկու տասնեակ տարիներու ընթացքին անցնելով հայրենի երկրի անդաստաններէն ու եւրոպական ոստաններէն, պեղելով, հերկելով տոհմական մեր դաշտերը, գնաց փնտռելու ակունքը հայ երգին ու երաժշտութեան ու յայտնութիւնը ընելով հազարամեայ ցեղային մեր գանձերուն, նոր հազարամեակներ դիմագրաւելու անխորտակելի ժառանգութեան մը տէր դարձուց։

Այս է ինքնութիւնը Կոմիտասի։ Կոմիտասեան ինքնութիւն։

Իր վախճանումէն 74 տարի ետք, այսօր, մենք ի՞նչ կրցած ենք աւելցնել իր վաստակին վրայ ոչինչ։ Եղածն ալ կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուինք չկորսնցնելու համար մնացածն ալ։

Պարտինք ոչ միայն ամեակներու առիթով այլ միշտ յիշել ու գործել պահպանելու մեզի աւանդուած գլուխ գործոցները նաեւ աւելի զարգացնելու զանոնք։ Այսպէս կ՝արժանանանք ՜՜Կոմիտասեան ինքնութեան՝՝ որպէս ժառանգորդներ անունը կրելու։

Կոմիտաս մեր ինքնութիւնն է։ Հայ ոգիի ինքնութիւնը։ Սկիզբ է եւ ոչ վախճան։ Առանց Կոմիտասի չկայ հարազատ հայ երաժշտութիւն։ Չկայ հարազատ հայ երգ։ Ահա թէ ինչու՝ Կոմիտաս’ Կոմիտա՛ս է Կոմիտասո՛վ .

Կոմիտաս Կոմիտա՛ս է հայութեա՛մբ

Կոմիտաս պատգա՛մ է՝ Կոմիտասեան հայութիւն ըլլալու,

Կոմիտասեան հայութիւն դառնալու՝ Կոմիտասեա՛ն ինքնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.