2009-10-02 12:53:38

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍԿՍԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։
Երէկ սկսաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարսեանի շրջագայութիւնը հայկական աղթօճախներ։ Նախաահը պիտի այցելէ Փարիզ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Պէյրութ եւ Դոնի Ռոստով, ուր հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ պիտի քննարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները։ Արդարեւ այսօր Փարիզի մէջ տեղի կ՝ունենայ Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններու քննարկման համար Եւրոպայի տարածքին հայկական գաղթօճախներէն ներկայացուցիչներու հետ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը ։ Հանդիպումին կը մասնակցին աւելի քան հարիւր հրաւիրեալներ, որոնց 83-ը Ֆրանսայէն։ Հանդիպումին ընթացքին հարւիրեալներէն իւրաքանչիւրը իր տեսակէտը յայտնելու համար 3 վայրկեան ունի։ Իտալահայ գաղթօճախը կը ներկայացնեն Եւրոպա-Հայաստան դաշնակցութենէն Ալեքօ Պեզիկեան եւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի բանբեր Ռոպեր Աթարեան։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼՍՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀՆՉԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱԴԱՏՈՂ ԵԼՈՅԹՆԵՐ։ Կազմակերպութեամբ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին, երէկ սկսան նախաստորագրուած արձանագրութիւնները եւ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը թեմայով խորհրդարանական լսումները՝ Ազգային ժողովի նիստերու սրահին մէջ։ Լսումներուն նպատակն է բազմակողմանի քննարկումներ կատարել հրապարակուած փաստաթուղթերու հիման վրայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախաձեռնուող գործընթացին վերաբերեալ՝ մասնակցութեամբ քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու, քաղաքական հետազօտական կեդրոններու ներկայացուցիչներուն եւ փորձագէտներուն։
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան կատարեց բացման խօսքը եւ նշեց, որ լսումներու նպատակն է կարելիութիւն ընծայել հարցը մասնագիտական եւ քաղաքական տեսանկիւնէ քննարկելու ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան լսումներու ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան անկախացումէն ի վեր պատրաստ եղած է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ։ Ըստ անոր, արձանագրութիւններուն մէջ որեւէ նախապայմաններ չկան։ Ան նշած է, որ այս արձանագրութիւններու ստորագրումով Հայաստան կասկածի տակ չի դներ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ու չարգելափակեր անոր միջազգային ճանաչման գործընթացը։

ՄԻՆՍՔի խմբակի համանախագահները Երեւան այցելեցին։
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի կողմէ ինչպէս արդէն յայտարարուած էր, երէկ Հոկտեմբեր 1ին, Երեւան այցելեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները։ Ռոպերթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Եուրի Մերզլեաքով (Ռուսիա), եւ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) ընդունուեցան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Անոնք ծրագրած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ մեկնիլ, ապա նաեւ Պաքու այցելել։
Համանախագահներուն այցելութեան նպատակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումը նախապատրաստելն է։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ Կ՝ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ։ ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման կարելիութեան քննարկման ընթացքին երկրի իշխանամէտ Անա Վաթան կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Զահիտ Օրունչ առաջարկած է 10 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւններուն ստորագրութենէն առաջ Անգարայի հետ Ճամբու Քարտէս ստորագրել։ Թուրքիան պէտք է ստանձնէ պատասխանատուութիւն այն հարցերուն, որոնք կրնան վնասել Ազրպէյճանի շահերուն,(յայտարարած է Օրուչ )եւ նշած, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը լուրջ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վրայ։Խնդրին վերաբերեալ իր անհանգստութիւնը յայտնած է նաեւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Զիյաֆեթ Ասքերովը։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.