2009-10-01 13:53:29

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ

Հինգշաբթի մէկ Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Փաքիստանի հանրապետութեան նախագահը տիար Ասիֆ Ալի Զարտարի եւ անոր ընկերակցող 10 հոգինոց շքախումբը։

Նորին Սրբութիւնը ընդունեց նաեւ՝ Կարտինալ Ուիլիամ Լեվատա` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին,

եւ Կարտինալ ֆրանգ Ռոդէ՝ կառավարիչը կրօնաւորական նուիրեալ հաստատութիւններուն։

Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց քահանայապեատական ամառանոցի պաշտօնէութիւնը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ներկայ կը գտնուի ''երիտասարդներ ընդդէմ պատերազմի'' նուիրուած համերգին համաշխարհային Բ. պատերազմի պայթումին 70 ամեակին առթիւ

Համերգը տեղի կ'ունենայ Գոնչիլիացիոնէ կոչուած՝ լսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, հրէութեան հետ կրօնական յարաբերութիւններու յանձնախումբին եւ Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դաշնակցային Գերմանիոյ դեսպանութեան։



Սրբազան Քահանայապետի Հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի ընդհանուր ու միսիոնարական դիտաւորութիւնները

Հոկտեմբեր ամսուան համար, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ աշխարհը աղօթելու որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն` որ քրիստոնեաները Կիրակի օրը ապրին որպէս Տիրոջ օր, եւ այդ օրը բոլոր հաւատացեալները համախմբուին Տիրոջ սեղանին շուրջ ու մասնակցին սուրբ պատարագին։

Իսկ որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն`որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը, որուն յանձնուած է պարտականութիւնը քարոզելու աւետարանը բոլոր արարծներուն, յանձնառումով ստանձնէ առաքելական իր պատասխանատուութիւնը ու նկատէ զայն որպէս մեծագոյն սպասարկութիւն որ կարող է կատարել մարդկութեան։



ԱՄՆի նոր դեսպանը Վատիկանի մօտ հոկտեմբեր 2ին կը ներկայացնէ իր հաւատարմագրերը Սրբազան Քահանայապետին։

Ամերիկայի միացեալ նահանգներու նոր դեսպանը տիար Միկէլ Հումբերդօ Տիազ ուրբաթ օրը հոկտեմբեր 2ին կը ներկայացնէ իր հաւատարմագրերը Սրբազան Քահանայապետին։

Տիար Միկէլ Հումբերդօ Տիազ աստուածաբան է եւ ծագումով գուպայէն է. ան կը յաջորդէ Մէրի Աննա Կլէնտոնի։ Ամերկացի նոր դեսպանը մամուլին յայտնած է թէ կը փափաքի խորացնել եւ ընդլայնել իր երկին կապերը Վատիկանին հետ։

45ամեայ դեսպանը՝ տիար Միկէլ Հումբերդօ Տիազ, աստուածաբանութեան դասախօս եղած է Սան Ճոն Մինեզոդա նահանգի Համալսարանը, հայր է 4 զաւակներու։



Ափրիկէի եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի ներկայացումը Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ։

Երկուշաբթի հոկտեմբեր 5-ին, Վատիկանի եպիսկոպոսներու ընդհանուր քարտուղարը գերապայծառ Էդերովիչ, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն կը ներկայացնէ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու յատուկ սիւնոդոսի աշխատանքները։

Սիւնոդոսի աշխատանքները Վատիկան տեղի կ'ունենան հոկտեմբեր 4-25, ունենալով որպէս բնաբան. ՜՜Դուք էք աշխարհի լոյսը եւ երկրին աղը՝՝ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ եպիսկոպոսական սիունոդոս կը կազմակերպուի Ափրիկէի ցամաքամասին համար։ Առաջինը տեղի ունեցաւ 15 տարի առաջ 1994ին։ Ժողովական հայրերը հետեւեալ գլխաւոր նիւթերը պիտի քննարկեն. Հաշտութիւն, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։

Ափրիկէի յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին կը մասնակցին Սրբազան Քահանայապետին կանչուած 36 անդամներ, 29 մասնագէտներ, որոնք կու գան 21 երկիրներէ եւ 49 ունկնդիր։ հրաւիրելները եկեղեցական թէ աշխարհական, այրեր եւ կիներ, որոնք կու գան համայն աշխարհէն եւ սիւնոդոսական հայրերու հետ միասին կը մասնակցին սիւնոդոսին։

36 անդամներուն մաս կը կազմեն կարտինալներ, եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, որոնք մաս կը կազմեն 250 սիւնոդոսական հայրերու։ Հրաւիրեալներու կարգին կան կարտինալ Սոտանօ հահերէցը կարտինալական դասին, Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Վէն Թրուա, քերապայծառ Ռոպէր Սարա քարտուղարը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի։








All the contents on this site are copyrighted ©.