2009-10-01 13:54:15

Լուրեր հայրենի կեանքէն - Բանաստեղծուհի Սեդա Վերմիշեւա պարգեւատրուած է Յակոբ Մեղապարտի անուան յուշամետալով։


Լուրեր հայրենի կեանքէն - Բանաստեղծուհի Սեդա Վերմիշեւա պարգեւատրուած է Յակոբ Մեղապարտի անուան յուշամետալով։
Վերջերս Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ բանաստեղծուհի Սեդա Վերմիշեւայի հետ։ Ճակատագրի բերումով Ս Վերմիշեւա կը համարուի ռուսագիր հայ բանաստեղծուհի, սակայն Ազգային գրադարանին մէջ գտնուող ներկաներուն բնորոշումով, անոր բանաստեղծութիւնները հայաշունչ եւ հայապաշտ եւ, սակայն՝ ո՛չ հայատառ։ Միջոցառման ընթացքին ցուցադրուած են Սեդա Վերմիշեւայի աւելի քան 15 բանաստեղծական գիրքերը, որմէ ետք Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան պարգեւատրած է զայն Յակոբ Մեղապարտի անուան յուշամետալով։
Սեդան այսօր կը հանդիսանայ Ռուսիոյ հայերու միութեան վարչութեան անդամ եւ ան ունի ծաւալուն գործունէութիւն ե՛ւ Ռուսիոյ մէջ, ե՛ւ անոր սահմաններէն դուրս։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Սեդան նախ եւ առաջ բանաստեղծուհի է, յայտնած է Ռուսիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեան։
Նշենք, որ Սեդա Վերմիշեւա ծնած է 1932 թուականին, Թիֆլիս։ Լոյս ընծայած է 1970-ին՝ Արեւը բարձրակէտում, 1974-ին՝ Առկայծող կէտագծեր, 1982-ին Տերեւներ, 1988-ին Ժայռանախշեր, 1999-ին Անհարթ սեպագիր եւ Սիրոյ թեւ, 2005-ին Քարից եւ աւազից բանաստեղծութիւններու ժողովածուները։ Սեդա Վերմիշեւայի բանաստեղծութիւններուն հիմնական նիւթը սէրն է եւ հայրենի աշխարհը։ Ան արժանացած է 2005 թուականին՝ Հայաստանի Ներսէս Շնորհալիի շքանշանին, 2002-ին՝ Ռուսիոյ հայերու միութեան Ադամանդակուռ արծաթէ խաչին, Լեռնային Ղարաբաղի Մայրական երախտագիտութիւն Արցախի քաջորդիներուն շքանշանին եւ այլ բարձր պարգեւներու։







All the contents on this site are copyrighted ©.