2009-09-30 14:05:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 30 Սեպտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակը։

Սրբազան Հայրը այսօր խօսեցաւ Չեխ հանրապետութիւն կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին կ'ուզեմ գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ Չեխ հանրապետութեան կատարած ուխտագնացութեանս համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններուն, եւ բոլոր անոնց որոնք սիրալիր կերպով զիս ընդունեցան։ Փրակայի մէջ այցելեցի Յաղթութեան Տիրամօր Եկեղեցին մեծարելու համար աշխարհաճանաչ Փարակայի Մանուկ Յիսուսը, Անոր վստահեցայ երկրին մանուկները, ծնողները եւ ընտանիքի ապագան։

Խօսելով քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ուզեցի շեշտը դնել անքակտելի կապին վրայ որ կայ ազատութեան ու ճշմարտութեան միջեւ։ Միմիայն ճշմարտութեան, բարիի ու գեղեցիկի փնտռտուքով կարելի է լաւ ապագայ մը պատրաստել երիտասարդութեան։ Մատուցած պատարագներու ընթացքին ՜՜Պըրնօ՝՝ քաղաքը եւ ՜՜Սդարա Պոլեսլավ՝՝ նահատակութեան վայրը Ս. Վենչեսլասի Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղեցի Յոյսի պատգամ մը, հիմնուած Յարուցեալ Քրիստոսի վրայ, ընդգծելով որ Յիսուս մարդու ճշմարիտ բարեկամն է եւ կ'ընդառաջէ մարդոց ակնկալութիւններուն ու ձգտումներուն։ Այս ճամբորդութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով, ինծի առիթ տուաւ այցելելու ժողովուրդ մը ու եկեղեցի մը, որուն քրիստոնեայ արմատները խոր են, եւ հրաւիրեցի զանոնք որ քաջութեամբ կերտեն Եւրոպայի ու մարդկութեան ներկան ու ապագան։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ իւրաքանչիւր անհատ ունենայ որպէս բարեկամ՝ Յարուցեալ Քրիստոսը։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խրախուսելով զանոնք անսալու Քրիստոսի Աւետարանին որ է ճշմարտութիւն եւ կեանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.