2009-09-30 14:02:39

Էջ մը հայ գրականութենէն - Տէ՛ր Իմ, Ձեռագիրս Վերադարձո՛ւր…պատրաստեց Պօղոս Քուբելեան


Էջ մը հայ գրականութենէն - Տէ՛ր Իմ, Ձեռագիրս Վերադարձո՛ւր…պատրաստեց Պօղոս Քուբելեան



1980ի ամառն էր, Հրակ Վարժապետեանենց Փալոս Վերտես գտնուող ծովեզերեայ ապարանքը հաւաքոյթի մը հրաւիրուած էինք՝ պատուելու համար գաղութս այցելող մեծանուն գրող, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Ստեփան Ալաճաճեանն ու իր կողակիցը՝ Սեդան։ Վարպետը եւ տիկին Ալաճաճեանը ծանօթ ըլլալ կը թուէին գրեթէ բոլոր ներկաներուն, որոնց խանդավառօրէն ողջունելէ, իսկ ուրիշներու հետ ալ ողջագուրուելէ ետք, հայրենի հանրածանօթ գրողը Երուանդ Գոչունեանի մօտեցաւ եւ աղերսող աչքերը պահ մը մեր բարեկամին սեւեռած մնաց.

- Երուա՛նդ, ձայնս ինծի վերադարձո՛ւր…,- ըսաւ:

Գրողը կոկորդի քաղցկեղի մահացու վիրաբուժութենէ ազատելով՝ իր պերճախօսութիւնն ու ձայնային լարերը կորսնցուցած էր, եւ շրթներուն կպցուցած սուլիչի կամ բարձրախօսի նման գործիք մը: Հազիւ հասկնալի շշուկով, Պէյրութի մէջ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին համար Գոչունեանի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ձայներիզին կ՛ակնարկէր ան ու հարազատ իր ձայնը կը պահանջէր. յայտնապէս մեր բարեկամը հնչիւններու կարօտէն կը տառապէր։

Գոչունեան, պատրաստուած չըլլալով առաջին առիթով արտառոց թուացող առաջարկութեան մը՝ խոհուն ու ապշահար, իր հայեացքը պտտցուց ներկաներուս վրայ, ապա սթափելով ըսաւ.

- Սիրելի Ալաճաճեան, մեր հարցազրոյցին ձայներիզը հետս Ամերիկա չեմ բերած, Պէյրութ, «Սփիւռք»ի խմբագրատուն թողեցի…

ֆրանսացի Յիսուսեան հայրերու վարած «Ս. Գրիգոր Լուսաւորի»չ ճեմարանի սան եղած եմ։ Նախնական ուսումս ստացայ Գթութեան ֆրանսացի քոյրերու Էշրէֆիէյի վարժարանէն՝ ֆրանսերէնի կողքին արաբերէն սորվելով, իսկ տունը եւ գաղթականական շրջանակներու մէջ թրքերէն կը խօսէինք։

«Առաջին սէրս» խորագրուած պատմուածքով մը տուած եմ վերջապէս ֆրանսական-հայկական վարժարան յաճախելու երկուորեակներուս սխրանքին յուզիչ պատմութիւնը։ Խոստովանիմ, որ փոքր տարիքէս հայերէն լեզուին հանդէպ անսահման սէր կը տածէի, գուցէ անկէ զրկուած ըլլալուս պատճառով։ Կը փորձէի ձեռագիրս հասցնել իմ դասարանակից տղոց մակարդակին. անոնք սկսնակէս նուազագոյնը երեք տարուան առաւելութիւն ունէին։

Ֆրանսամէտ ուսման ծրագիրին մէջ յայտնի իրողութիւն է, թէ «ճէզուիթ» վարդապետները եւ ուսուցչական կազմը ինչպիսի՛ խստութիւն կը բանեցնէին «գալիկրաֆի» կոչուած ձեռագիրի գեղեցկութեան սիրոյն։ Մեծ եղբայրս ճեմարանին ամէնէն գեղեցիկ ձեռագիրը ունէր եւ իրեն յանձնուած էր խմորատիպ հրատարակութիւնը ծայրէ ծայր ընդօրինակելու պարտականութիւնը, զոր հպարտութեամբ կը կատարէր։

Տասնամեակներու ընթացքին մոռցեր էի ձեռագիրիս մակարդակը, մինչեւ որ վերջերս, 60ական թուականին պահած օրագրութեան տետրս, յիսուն տարուան յապաղումով ձեռքս անցաւ։

Աչքերուս չհաւատացի. այնքա՛ն համաչափ եւ դիւրընթեռնելի գեղեցիկ հայերէնով լեցուցեր էի ափրիկեան առաջին տպաւորութիւններէս բխող, ժամանումիս զուգադիպող փոթորկոտ կեանքիս ու զգացական խառնակ աշխարհիս տուայտանքը եւ բացայայտումը։

Իսկական բաց պատարագ…

Նախքան կաթուածը, յաճախ գրիչով կը նօթագրէի կամ կը գրէի գրական գործերս թէ թերթերու համար պատրաստած յօդուածներս, զգալո՛ւ համար պահը եւ բառերու ուժգնութիւնը։ Եւ քանի որ 1993ին համակարգիչի վրայ գրելու վարժութիւն ձեռք ձգեցի, ձեռագիրս կը մեքենագրէի՝ զայն խմբագրելէ ետք միայն։ Ինչպէս շատ հեղինակներ, գրական գործի մը վրայ աշխատած միջոցիս, կարեւոր չէ գինետունն եմ թէ աղօթատեղի, յանկարծ յայտնուող նոր գաղափար մը անմիջապէս, տեղւոյն վրայ գրի կ՛առնեմ։ Իսկ ներկայիս, երբ ստիպուած եմ մանկապարտէզցիի արագութեամբ ու անոր մակարդակով ձեռագրել, յաճախ դժուարութեան կը մատնուիմ գրածս կարդալու ընթացքին, եւ աչքերս երկինք յառելով՝ տաղանդաւոր գրչեղբօրս նման կը բացագանչեմ. «Տէ՛ր իմ, ձեռագիրս վերադարձո՛ւր…»:








All the contents on this site are copyrighted ©.