2009-09-29 13:28:46

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Աստուծոյ օրը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Աստուծոյ օրը

-Պէտք էինք ուրախանալ Կիրակի օրուան հասնելուն։ Պէտք էինք ըսել. Այսօր կ’ուզեմ Աստուծոյ հետ անցնել: - Կ’ըսէր Արսի հովիւը:

Ի՞նչ վիճակի մէջ էր Արս երբ Վիաննէ հոն եկաւ: Իր նախորդը՝ Ժան Լէօքուր 1804ի տեղեկագրին մէջ նշած էր թէ հոս ոչխարներու պահպանումը աւելի կարեւոր կը նկատեն, քան սուրբ պատարագը: Նոյննէ էր պարագան շրջակայ գիւղերուն:

Բայց Ժան Մարի չէր դադրեր կրկնելէ.

-Բոլոր շաբաթը անցնելէ ետք, առանց Աստուծոյ վրայ մտածելու, շատ արդար է, որ Կիրակին տրամադրենք Աստուծոյ. աղօթքի եւ շնորհակալութեան համար:

Եթէ ամենամեծ ագարակները դադրին Կիրակիները աշխատելէ, գործաւորները եւ հովիւները ազատ կ’ըլլան ուզածնին ընելու. Անոր համար Վիաննէ կը յորդորէ ամէնքը ըսելով.

-Կիրակին Աստուծոյ կը պատկանի. Ի՞նչ իրաւունքով կը դպչիք ձեզի չպատկանած բանի մը: Գիտէք որ գողցուած ապրանքը օգուտ չի բերեր: Աստուծմէ գողցած ձեր Կիրակին ալ օգուտ պիտի չբերէ ձեզի:

Կիները միշտ գործ մը ունէին տան մէջ. բայց ժողովրդապետը կը պնդէ.

-Շաբաթ օրը պէտք է վերջացնել, ինչ որ Կիրակի պիտի ընէք եւ Կիրակի օրուան ընելիքները թողուլ Երկուշաբթի օրուան:

Ժան Ձերթենար կը վկայէ թէ ոմն Ռուսէ՝ դղեակի վարձակալներէն մին, առաջինը եղաւ որ վերցուց Կիրակի օրուան աշխատանքը: Քիչ քիչ բոլոր ագարակները հետեւեցան իրեն:

Ծառաներն ուրախ ու երջանիկ էին: Մօտակայ գիւղերու պաշտօնեաները նոյնը կը խնդրէին իրենց տէրերէն: Անշուշտ այս բոլորը կատղեցուցին ագարակատէրերը եւ յարձակեցան ու քննադատեցին Վիաննէն, սակայն իր համոզումը նոյնը մնաց եւ միշտ կը կրկնէր.

-Կիրակի օրերը Աստուած կը բանայ իր գանձատունը, որ առատօրէն գանձեր առնենք եւ հարստնանանք:

Երիտասարդ ժողովրդապետը մեծ խնամք կը տանէր ծէսին եւ արարողութիւններուն: Արդէն տղաք հաւաքած եւ դպիրներու խումբ մը կազմած էր: Ասոնք հպարտութեամբ կը հագուէին իրենց եկեղեցական շապիկը, մոմ կը բռնէին, բաժակամանով գինի կը հրամցնէին պատարագիչ քահանային: Ժողովուրդը շուտով անդրադարձաւ, որ պատարագը միայն կարեւոր բան մը չէ, այլ տիրական ու թանկագին: Վիաննէ բոլոր համոզումով կը շեշտէր.

-Պատարագի ներկայ ըլլալը, ամենամեծ գործն է որ մենք կրնանք ընել:

… Հասարակաց սովորոյթներուն մէջ հաղորդուողները քիչ էին. կիներէն շատեր, հաղորդուիլը Զատկական պարտականութիւն մը կը համարէին, որոշուած սուրբ Եկեղեցիէն: Այր մարդոց մեծամասնութիւնը բնաւ չի հաղորդուիր, տասներկու տարեկան տղոց Առաջին հաղորդութիւնը յաճախ վերջինը կ’ըլլայ:

Երբ Վիաննէ Արս հասաւ, ժողովուրդը արդէն կրօնական անտարբերութեան կը դիմէր: Լիոնի Ընդհանուր Տեղակալը՝ Տէր Գուրպոն, լաւատեղեակ էր այս կացութեան, բայց վստահած Ժան Մարիի կարողութեան վրայ, իրեն ըսաւ.

-Քեզ կը ղրկեմ փոքրիկ գիւղ մը, ուր Աստուածային սէր եւ բարեպաշտութիւն չկայ, բայց դուն պիտի դնես:

Աւետարանը լատիներէն կարդալէն ետք, ժողովրդապետը աստիճան առ աստիճան բեմ կը բարձրանայ: Ասիկայ նեղ է եւ անյարմար քարոզչութեան, մանաւանդ որ մեր վարդապետին ձայնը մեղմ է: Բարեբախտաբար քիչ մը անդին ուրիշ բեմ մը կայ եւ Վիաննէ անկէ կը քարոզէ ժողովուրդին:

Սակայն անկէ ալ գոհ չէ, քանի որ ասի ալ բարձր է եւ իրեն խօսած ատենը միայն մարդոց գլոուխները կը տեսնէ:

Քանի մը տարի ետք, երբ կրօնի դաս կու տար տղոց եւ ուխտաւորներուն, ուրիշ բեմ մը շինել տուաւ աւելի ցած, ուրկէ ինք խօսած ատեն կը տեսներ ունկնդիրներուն դէմքերը եւ անոնց հետ կը խօսէր ընտանեբար նստած՝ երես առ երես:

Յետոյ ամէնքը կը նստէին աթոռները իրեն դարձուցած:

Վիաննէի համոզումն էր, թէ Աստուած իր միջոցով կը խօսէր ժողովուրդին: Ահա իր բառերը.

-Ով ալ ըլլայ քարոզիչը, միշտ Աստուծոյ ձեռքին գործիք մըն է, զոր Աստուած կը գործածէ, բաժնելու համար իր խօսքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.