Վերջ գտաւ Պենետիկտոս
ԺԶ Քահանայապետին Չեխ հանրապետութիւն կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը
Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չեխ հանրապետութիւն կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը
Պենետիկտոս
ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ողջերթի արարողութեան ընթացքին անգամ մը եւս ընդգծեց թէ քրիստոնէութիւնը
շատ բան կարող է տալ Եւրոպային։ Խօսքը ուղղելով չեխ հաւատացեալներուն Նորին Սրբութիւնը
հրաւիրեց զանոնք բացուելու երկխօսութեան, կազմակերպելով հանդիպումներ այլ մշակոյթներու
ու կրօններու հետ։
Արդարեւ Սրբազան Հօր ճամբորդութիւնը Պոէմիա եւ Մորավիա եղաւ
բազկատարած եւ անգամ մը եւս ի յայտ դրաւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ազնիւ ու ճշմարիտ
դիմագիծը։
Պենետիկրոս ԺԶ. չեխ ժողովուրդէն սիրալիր կերպով դիմաւորուեցաւ ու հիւրասիրուեցաւ։
Նորին Սրբութիւնը իր բոլոր ճառերու մէջ ընդգծեց հարկաւորութիւնը ճշմարտութեան ճանաչումին։
Քրիստոնեայի համար ճշմարտութիւն բառը հոմանիշ է Աստուած բառին։ Նորին սրբութիւնը անգամ
մը եւս կոչ ըրաւ մտաւորական, բարոյական ու մարդկային մեծ երկխօսութեան, հաւատացեալներու
եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ։
Համամիութենական հանդիպումին ընթացքին Սրբազան
Հայրը ընդգծեց քրիստոնեաներուն պարտականութիւնը՝ նոր ճանապարհներ բանալու, հարկաւոր
փոխադարձ հասկացողութեան համար, ի խնդիր աշխարհի խաղաղութեան ու մարդկային ազգի բարօրութեան։
Աւետարանը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, գաղափարախօսութիւն մը չէ, այլ ապրում մը ,
որ կը մղէ քրիստոնեան ըլլալու ի սպաս եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Սրբազան Հայրը
երիտասարդութեան ուղղած հայրական խօսքին մէջ զգուշացուց զանոնք սպառողապաշտական մտայնութենէն։
Նորին
Սրբութիւնը եզրափակեց իր առաքելական 13-րդ ճամբորդութիւնը չեխ հանրապետութեան, յոյսի
պատգամ մը թողելով բոլոր չեխերուն ու եւրոպացիներուն։ իր 3 օրուայ կեցութեան ընթացքին`
Փրական, Պըրնօ , Մորավիա եւ Սդարա Պոլեսլաւ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ չեխ
ընկերութեան բոլոր դերակատարներուն. քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու, քրիստոնեայ
տարբեր հասարակութիւններու, դիւնագիտական մարմնին ու ակադեմական աշխարհին, եւ իր վերջին
խօսքը վերապահեց երիտասարդներուն։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ բաժնելով աղօթքի
ու խորհրդածութեան պահեր, քաջալերեց զանոնք կերտելու՝ աշխարհ մը որ կը ցոլացնէ աստուածային
գեղեցկութիւնը, ըլլալու՝ պատգամաբերները յոյսի եւ չխաբուելու՝ երկրաւոր շինծու դրախտէն,
որ առանձնութեան կը տանի, այլ բացուելու՝ Տիրոջ։
Յիսուս միայն ճշմարիտ ու գոհացուցիչ
պատասխանը կու տայ ձեր ակնկալութիւններուն ու երջանկութեան, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։
Չեխ
հանրապետութեան նախագահը տիար Վաքլավ Քլաուս, իր արտասանած խօսքին մէջ ,ողջերթի արարողութեան
ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին իր համոզիչ խօսքերուն համար,
վեր առաւ Քահանայապետին մեծ հաւատքը ու քաջութիւնը իր բռնած դիրքին համար որ միշտ չեն
ըմբռնուած ու բաժանուած՝ հանրային կարծիքէն։