2009-09-29 13:29:15

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն։

 


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովին

Յունաստանի Լերոս կղզիին մէջ Սեպտեմբերի կիսուն բացումը կատարուեցաւ ուղղափառ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու ժողովին, որ կը միտի նախապատրաստական աշխատանքներ կատարել 2011-ին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ՜՜Ճամայքայի մէջ կազմակերպուելիք խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին՝՝։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր Նարեկ եպս Ալեէմէզեան իսկ Մայր Աթոռ Ս էջմիածինը կը ներկայացնէր Գէորգ աբղյ Սարոյեան։

Նարեկ սրբազան վարեց երկու նիստերու ատենապետութիւնը եւ կատարեց աստուածաշնչական խորհրդածութիւն մը ՜՜Ո՞վ է իմաստունը եւ խոհականը՝՝ նիւթին մասին։ Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս սրբազանը։



2009 - 2010 տարեշրջանի ԼՕԽ-Ի միջմասնաճիւղային առաջին ժողով

Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2009-ին ԼՕԽի՝ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի, Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 2009 - 2010 տարեշրջանի միջմասնաճիւղային առաջին ժողովը, որուն հիմնական նիւթն էր ռազմավարական ծրագրաւորումը, զոր ներկայացուց Սի Էս Փի Միտըլ Իսթ կեդրոնի տնօրէն Սիւզի Սեմերճեան։

Միջմասնաճիւղային ժողովին խօսք առնելով՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան ուժ, կորով եւ յարատեւութիւն մաղթեց մասնակիցներուն։ Այնուհետեւ Սիւզի Սեմերճեան ներկայացուց ռազմավարական ծրագրաւորումի նպատակը եւ կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութիւնը մեր կառոյցին մէջ, ինչ որ նոր շունչ եւ նոր աւիշ կու տայ միութեան եւ անդամներուն, որպէսզի կարենան խիզախօրէն ղեկավարել որեւէ գործ եւ յաղթահարել դժուարութիւնները՝ դէպի առաջ երթալով, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղային տարածուն ցանց մը գործի մղել կազմակերպական ամուր խարիսխի վրայ։



Լիբանան -Թռչնոց բոյնը։ Ժիպէյլի պատմական Թռչնոց բոյնը վերանորոգ աշխուժութեամբ եւ առաւել կազմակերպուածութեամբ կը շարունակէ իր մարդասիրական աշխատանքները։

Վերջերս խնամակալութիւնը նշանակեց Սէմ Պոյաճեան որպէս նոր տնօրէն ։

Նոր տնօրէնը համալսարանաւարտ երիտասարդ մըն է եւ արդէն իսկ նուիրումով լծուած է աշխատանքի։ Խնամակալութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը մօտէն կը հետեւին հաստատութեան կեանքին ու գործունէութեան։

Յայտնենք, որ Թռչնոց բոյնը հայ որբանոցը տունն է այն փոքրերուն, որոնք պայմաններու բերումով որբ են, անտուն են, իսկ զանազան պատճառներով լքուած են ու դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին։ Հաստատութիւնը աւելի բարելաւելու հեռանկարով խնամակալութիւնը ունի շարք մը ծրագիրներ շինարարական թէ փոքրերու առօրեայ կեանքին առնչուած։



Հերի Գունտաքճեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Կլենտէյլ-Փասատենա մասնաճիւղին, Ալեք Մանուկեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ, լուսանկարիչ-լրագրող Հերի Գունտաքճեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին լուսանկարիչին 50 տարիներու ընթացքին նկարած լուսանկարներուն ամէնէն հետաքրքրականները, հաւաքածոյին մէջ ներառուած էին աշխարհի ղեկավարներուն, բնական աղէտներու, հայկական թեմաներով տարբեր լուսանկարներ։ Բարի գալուստի խօսքը արտասանելով Հայկ Մսըրլեան, ներկայացուց Հերի Գունտաքճեան՜ հմուտ լուսանկարիչը եւ շեշտեց, որ Հերի Գունտաքճեան իսկական եւ տիպար հայ մըն է։ Այնուհետեւ խօսք առաւ Հերի Գունտաքճեան, որ ներկաներուն հետ բաժնեց իր 50 տարիներու յուշերը։ Այս ժամանակաշրջանին ան այցելած է 37 երկիրներ եւ ծանօթացած է քաղաքական անձնաւորութիւններու՝ նախագահներու, թագուհիներու, թագաւորներու։ Ապա ՀԲԸՄ-ի Կլենտէյլ-Փասատենա մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Սէօլեմեզեան յուշատախտակ մը յանձնեց Հերի Գունտաքճեանին։



Հրանդ Տինքի անունով փողոց Պոլսոյ մէջ։

Պոլսի Շիշլի շրջանի Շաֆաք փողոցը շուտով պիտի անուանուի Հրանդ Տինքի անունով։ Այն փողոցը ուր սպաննուած է Ակօսի խմբագիր Հրանդ Տինքը։ Ըստ Ակօսի ներկայիս խմբագիր Արիս Նալտժինի ՜՜տեղական ինքնակառավարման մարմինը արդէն որոշումը ընդունած է եւ հարցը ուղարկած՝ Պոլսոյ քաղաքային իշխանութիւններուն եւ երբ քաղաքային իշխանութիւնները եւս դրական պատասխան տան, 1 - 15 ամսուայ ընթացքին փողոցը կը վերանուանուի՝՝։
















All the contents on this site are copyrighted ©.