2009-09-28 15:45:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Չեխ հանրապետութիւն, ճամբորդութիւն մը դէպի Եւրոպայի պատմական սիրտը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Չեխ հանրապետութիւն, ճամբորդութիւն մը դէպի Եւրոպայի պատմական սիրտը։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան երրորդ եւ վերջին օրը սկիզբ առաւ հանդիսաւոր պատարագով զոր Սրբզ. Հայրը մատուցեց Ս. Վանչեսլաուի նուիրուած եկեղեցւոյ հրապարակը աւելի քան 40 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, եւ ներկայութեամբը՝ հանրապետութեան նախագահին։

Չեխ եկեղեցին այսօր կը տօնէ սուրբ Վանչեսլաու պաշտպան սուրբը Չեխ հանրապետութեան։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց տօնը բոլոր անոնց որոնք Վանչեսլաու անունը կը կրեն եւ յատուկէն շնորհաւորեց երկրի նախագահին անուանկոչութեան տօնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց տօնը բոլոր ժողովուրդին քանի որ Ս. Վանչեսլաու տօնը միաժամանակ ազգային տօն է։ ՜՜Այս սուրբը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, որ դուք սովոր էք կոչել Չեխ ազգին յաւիտենական իշխանը, կը հրաւիրէ մեզ հաւատարմութեամբ ու միշտ քալելու Քրիստոսի ետեւէն, կը հրաւիրէ մեզ ըլլալու սուրբ՝՝ ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜ պատմական փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ մարդկային ճշմարիտ արժէքը չի կայանար նիւթական հարստութեան մէջ։ Յիսուս իր աշխակերտներուն կը սորվեցնէր թէ ով որ կորսնցնէ իր կեանքը իմ պատճառաւ պիտի գտնէ։ Ով որ ինքզինք քրիստոնեայ կը կոչէ պէտք է ապրի Աւետարանի համաձայն, բաւարար չէ ըլլալ բարի ու համեստ, հարկաւոր է էապէս ըլլալ բարի ու համեստ՝՝։

Յայտնենք թէ Ս. Վանչեսլաու եղաւ Պոէմիոյ արքան 925-935։ Ան կը նկատուի խորհրդանիշը բարի ու վեհանձն կառավարիչին ու պաշտպան սուրբը Չեխ հանրապետութեան։ Նորին Սրբութիւնը մեծարելէ ետք նահատակ սուրբին մասունքները պատգամ մը ուղղեց երիտասանրուն, որոնք երկրի զանազան վայրերէն եկած էին եւ աղօթքի հսկում կատարած են։ ժամը 13ին առաքելական դեսպանատուն վերադարձաւ ու երեկոյեան ժամը 5.45ին ողջերթի արարողութենէն ետք Հռոմ կը վերադառնայ։

Վատիկանի բանբերը յիսուսեան հայր ֆետերիքո Լոմպարտի, լրագրողներուն հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ կիրակի օրուայ պատարագը եղաւ երկրի կաթողիկէներու մեծագոյն հաւաքը Փրկայի մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը, ըսաւ ան, մեծապէս տպաւորուած մնացած է հաւատացեալներու աղօթքի ու լռութեան մթնոլորտէն։ Իսկ Կիրակի օրուայ մտաւորականներուն հետ ունեցած հանդիպումին ըթացքին ոսկեմատեանին մէջ ստորագրեց հետեւեալ նախադասութիւնը գրելով ''Ճշմարտութիւնը ձեզ ազատ պիտի դարձնէ'' առնուած Ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն ։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.